Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ

Շատ դժուար, չըսելու համար անկարելի աշխատանք մըն է

Սփիւռքի մեր ներկայ մամուլին ամբողջական ցուցակագրումը։

Անյաղթահարելի խոչընդոտներ կան։

1) Ի սփիւռս աշխարհի մեր ցրուածութիւնը։

2) Շա՛տ նեղ, տեղական-դպրոցական, միութենական, եկեղեցական կամ այլ շրջանառութիւն ունեցող հրատարակութիւններ կան, որոնց շա՛տ անգամ անտեղեակ է նոյնիսկ նոյն քաղաքին մէջ ապրող արենակից մը, ա՛լ ո՞ւր մնաց նոյն քաղաքէն եւ երկրէն հեռու ապրողի մը պարագան։

3) Կարգ մը թերթերու ժամանակաւոր թէ մնայուն դադարումները, առկախումները, արտաքին ձեւի եւ պարբերացումի փոփոխութիւնները։

4) Սփիւռքի մէջ մշակութային լուրջ կեդրոնի մը կամ գրադարանի մը բացակայութիւնը. կեդրոն մը, ուր մէկտեղուէին մեծ ու փոքր հրատարակութիւնները եւ դիւրացուէր ցուցակագրողին աշխատանքը։

5) Մեր աւանդական լրջախոհ մամուլին՝ Բազմավէպ, Հանդէս ամսօրեայ, Սիոն, Հասկ, եւայլն, «ստացանք»ի բաժիններուն նօսրացումը, չըսելու համար անյայտացումը։

1987-ի աշնան՝ երբ հայ մամուլի ցուցահանդէս պիտի բանայինք

Լոս Անճելըսի մէջ, յարմար նկատեցինք պատրաստել արտասահմանի ներկայ հայ մամուլին ցանկը։ Քրտնաջան եւ յոգնեցուցիչ աշխատանք կատարած ենք, դիմեր ենք մեր Լիբանանի երեք համայնքներուն կեդրոններուն, Անթիլիասի Մատենադարանին, խմբագրութեանց Ազդակ, Զարթօնք, Արարատ դպրոցներու եւ անհատներու։ Երբեմն ալ թղթատած ենք մեր մամուլին վերջին թիւերը։ Պատրաստ ցանկով մը հասանք Լոս Անճելըս։ Տեղւոյն վրայ շարունակեցինք մեր որոնումները։ Այցելեցինք Արեւմտեան Ամերիկայի մեր զոյգ թեմերու Առաջնորդարանները, եկեղեցիներ, խմբագրութիւններ Ասպարէզ, Նոր օր, Մասիս, Նոր կեանք, The Armenian

Observer, The California Courier , տասնեակ մը դպրոցներ։ Դիմեցինք նաեւ անհատներու։ Որոնումները շարունակեցինք նաեւ Լովելի (Պոսթըն) Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ գրադարանին մէջ, ուր գտանք բաւական թերթեր։

Միացեալ Նահանգներու մեր մամուլին համար թանկագին ուղեցոյց մըն է Համօ Վասիլեանի Armenian-American Almanac գիրքը (Կլէնտէյլ, 1985-1986)։ Սակայն, ստուգման կը կարօտի ունի տարեթիւի վրէպներ։ Դադրած թերթեր եղած են մինչեւ հատորին հրատարակութիւնը։ Իրեն անծանօթ մնացած թերթեր կան։

Ներկայ ցուցակով կը նշենք շուրջ 405 անուն թերթ։ Մեզի անծանօթներն ալ հաշուելով, կ՚ենթադրենք որ արտասահմանի ներկայ հայ մամուլին ընդհանուր գումարը շուրջ 425 է, որուն շուրջ կէսը Մ. Նահանգներու մէջ։