Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ (ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ)

Մեր նիւթը, խորքին մէջ, մէկ է՝ Հ. Յ. Դ. մամուլ, սակայն, անոր աշխարհագրական տարածքը չի ներկայանար մէկ երկիրով եւ երկրամասով։ Աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ տարածուած է ան։ Իբրեւ հիմնական միաւոր ունինք երեք երեւոյթ Արեւելահայաստան, Արեւմտահայաստան եւ Արտերկիր (Սփիւռք)։ Այս երեք միաւորները չեն ապրած իրենց անկախ ներքին կեանքը։ Ազդեցութեան տակն են եղած իրենց միջավայրին։ Զանազան ու զարմանազան պայմանները իրենց դրոշմը դրած են այդ միաւորներուն վրայ։

Վիճակներու, կացութիւններու նոյնութիւն, նմանութիւն դժուար է գտնել։ Ատկէ` բաժանումի եւ պարբերացումի պիտակի ճշդումին դժուարութիւնները։ Բաժանման եւ պարբերացումի փորձ խորագիրներ կրնան ըլլալ.

Ա. Հերոսական շրջան (1890-1915)

Բ. Պետական-քաղաքական շրջան (1917-1921)

Գ. Սփիւռքի կազմաւորման շրջան (1921-1945)

Դ. Պաղ պատերազմի շրջան (1946-1960)

Ե. Մեղմացման եւ մերձեցման շրջան (1960-1985)

Զ. Գործակցութեան նախափորձերու շրջան (1985-էն մինչեւ մեր օրերը)։

* * *

Ա. ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ (1890-1915)

Գաղափարական կուսակցութիւն մը, որ կը նկրտի իր ժողովուրդին տագնապներուն հայելին հանդիսանալ եւ նաեւ անոր վէրքերուն սպեղանի դառնալ, անվարան որ մեծ զարկ պիտի տար գրիչին։

Մա՛նաւանդ այդ գրիչը՝ փետուրի խորհրդանիշով՝ իր զինանշանին վրայ զետեղած կամ ընդգրկած, ի սպաս պիտի դնէր իր ժողովուրդին քաղաքական դատին արդար լուծման ի խնդիր։ Հետեւաբար, անտեղիտալի պահանջ էր ստեղծել լայնածաւալ մամուլ, որ գրիչին արտադրութիւններուն տարածման ամենադիւրին միջոցն է։ Այդ մամուլը պիտի բերէր զինք ծնող կուսակցութեան գաղափարներուն եւ տեսակէտներուն ցոլացումը եւ միաժամանակ՝ մեր ժողովուրդին կեանքին, մաքառումներուն, իտէալներուն համապարփակ պատկերը։

Դաշնակցական մամուլը մեզի կը ներկայանայ եռեակ երեսով՝ հրատարակողներու եւ բովանդակութեան անկիւնէն դիտուած.

1. Ուղղակի կուսակցական ձեռնարկներ, այլ խօսքով՝ պաշտօնական օրկաններ, որոնց ծրագրումն ու խմբագրումը կատարուած է կուսակցական նախաձեռնութեամբ, ինչպէս է պարագան Դրօշակին կամ Պէյրութի Փիւնիկ եռօրեային (1924-1925)։

2. Անուղղակի օրկաններ, որոնք լոյս ընծայուած են շարքային ընկերներու կողմէ եւ կուսակցութիւնը, գործնական մտահոգութիւններով, նախընտրած է հովանաւորել այդ հրատարակութիւնները։

Անպաշտօն օրկանի դեր կատարած են այդ թերթերը, ինչպէս է եղած պարագան՝ Պէյրութի Ազդակին, Հայկ Պալեանի տէր եւ տնօրէնութեան շրջանին (1927-1965)։

3. Շարքային ընկերներու, համակիրներու, Դաշնակցութեան ուղղակի կամ անուղղակի հովանաւորութիւնը կրող կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ լոյս ընծայուած շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր, պարբերաթերթեր եւ տարեգիրքեր։ Թէեւ անոնց բովանդակութիւնը զուտ կուսակցական-տեսաբանական հարցեր կրնայ չպարունակել, սակայն հոն կը մէկտեղուին սովորաբար նոյն գաղափարաբանութեան դրօշակակիրներն ու համակիրները, որոնք հայ կեանքին հանդէպ իրենց դիրքորոշումը կ՚որդեգրեն եւ նոյն այդ կեանքին արձագանգը կու տան նոյն գաղափարաբանութենէն զսպանակուած։

Հետեւաբար, ըստ մեզի, այդ հրատարակութիւններն ալ պէտք է ներառնել դաշնակցական մամուլ եզրով ընդգրկուող յղացքին մէջ։

Կարկինի այս բացուածքով՝ նպատակ չունինք բազմապատկելու դաշնակցական մամուլին քանակը եւ ընդլայնելու անոր ազդեցութեան շրջագիծը։ Տուեալ թերթերուն բովանդակութենէն մեկնած՝ դասաւորման ձեւ մըն է մերինը։ Կրնայ ըլլալ, որ ցարդ չէ մտածուած կամ որդեգրուած նման մօտեցում մը։ Սակայն, ատիկա պատճառ պէտք չէ ըլլայ անմիջապէս` բնազդային մղումով մը մերժելու մեր առաջարկը կամ տեսութիւնը։

Երբ այս դիտանկիւնէն մօտենանք մեր մամուլին, պիտի տեսնենք ու հաստատենք, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, իր գոյութեան 100 տարիներուն ընթացքին, հիմնած կամ հովանաւորած է շուրջ 512 թերթ, եթէ ոչ աւելի (բծախնդիր աշխատանքի կը կարօտի այդ հետազօտութիւնը), ինչ որ պատկառելի թիւ մը կը կազմէ, բաղդատած մեր ընդհանուր մամուլի քանակին հետ, շուրջ 4000, 1794-էն մինչեւ մեր օրերը։ Կոտորակային ներկայացումով՝ 1/8-ը, այլ խօսքով, ութը թերթի վրայ մէկը եղած է դաշնակցական կամ համակիր թերթ։

Քանակէն զատ՝ ուշագրաւ այլ երեւոյթ մը։ Սփիւռքի մեր մամուլին մէջ (նկատի ունինք կուսակցական թերթերը), դաշնակցական թերթերը շատ մը երկիրներու մէջ երկարատեւութեան մրցանիշը կը կրեն Հայրենիք օրաթերթ, Պոսթըն (1899), Ասպարէզ (1908), Յուսաբեր (1913), Ազդակ (1927)։

Դաշնակցական մամուլի համապարփակ վերլուծում մը դուրս է այս ակնարկի սահմաններէն։ Նման ճիգ մը կրնայ հատորներու նիւթ հայթայթել։ Անհրաժեշտ է նման ճիգ մը, որովհետեւ ամէնէն աւելի այդ գործին մէջ պիտի ցոլան Հ. Յ. Դաշնակցութեան 100-ամեայ կեանքին ու գործունէութեան իրական պատկերն ու արժէքը։

Հոս, մեր կատարելիքը պիտի ըլլայ հպանցիկ ակնարկի մը մէջ տալ աղօտ պատկեր մը դաշնակցական մամուլի հիմնումին՝ զանազան գաղութներու եւ հայրենական հողին վրայ։

Յեղափոխական եւ առհասարակ քաղաքական որեւէ կուսակցութեան պարագային, եթէ գործն է կարեւորը, սակայն, այդ գործին ներկայացումը, ու նո՛յնիսկ այդ գործին իրագործման համար գրաւոր խօսքը, այս պարագային՝ մամուլի միջոցաւ արտայայտուած, ստնտուն է։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրները, գիտակից՝ մամուլի այս դերին, առաջին օրէն իսկ օգտուեցան անոր ընձեռած բարիքներէն։ Դաշնակցութիւնը կը հիմնուէր Թիֆլիսի (Կովկաս) մէջ 1890-ին եւ տրամաբանական էր, որ հաղորդագրութեամբ մը ծանուցանէր իր ծնունդը։ Արդարեւ՝ Մանիֆեստ եւ Թռուցիկ թերթ հրատարակութիւններով հիմը կը դնէր դաշնակցական առաջին թերթին, որուն կը յաջորդէր պաշտօնական օրկան Դրօշակի լոյս ընծայումը, որուն առաջին երկու թիւերը կը հրատարակուէին Թիֆլիսի մէջ՝ 1891-ին։ Բոլորն ալ լոյս տեսած են Դաշնակցութեան գաղտնի տպարանէն։

Դրօշակի Գ. թիւը լոյս պիտի ընծայուէր Քոստանցայի մէջ (Ռումանիա) 1892-ին։ Այնուհետեւ, թիւ 4-էն սկսեալ (1893) լոյս պիտի տեսնէ Ժընեւի մէջ՝ մինչեւ 1914, երբ ժամանակաւորապէս պիտի դադրի, վերահրատարակուելու համար տասնամեակ մը ետք։

Դրօշակի խմբագիր կամ խմբագրութեան անդամ եղած են՝ Ռոստոմ, Ա. Վռամեան, Ք. Միքայէլեան, Մ. Վարանդեան եւ ուրիշներ։

Յեղափոխական, ընկերվարական, այլ խօսքով՝ տեսաբանական բովանդակութենէն աւելի, Դրօշակի Ա. շրջանին արժէքը կը կայանայ «Լուրեր Երկրից» խորագիրով տրուած՝ Արեւմտահայաստանի ներքին գաւառներէն ստացուած թղթակցութիւններուն մէջ, ուր կը ցոլանայ Երկրի հայութեան տխուր վիճակին իրական պատկերը։

Անշուշտ, Պոլսոյ այդ օրերուն հայ մամուլին մէջ ալ կան թղթակցութիւններ, սակայն, համիտեան խիստ գրաքննութեան պատճառով, հայ գիւղացիին ցաւերուն ցցուն պատկերը չենք կրնար գտնել։

Դրօշակը կ՚ունենար Բ. ծնունդ մը Փարիզի մէջ եւ կը տեւէր 1925 Յուլիս-1933։ Այս շրջանին՝ խմբագիրներն էին՝ Սիմոն Վրացեան եւ Արշակ Ջամալեան։

***

Դաշնակցութեան հիմնադրութեան վայրը՝ Թիֆլիսը եւ Դաշնակցութեան ծրագիրով ընդգրկուած Արեւմտահայաստանի կեդրոնը՝

Պոլիսը տրամաբանականօրէն պէտք է դառնային կուսակցական մամուլի կորիզներ։ Սակայն, երկուքն ալ ժայռեր էին, որոնց վրայ կարելի չէր աճեցնել հայ յեղափոխական մամուլին սերմերը։ Ցարական Ռուսիան կրնար աչք գոցել կամ անտեղեակ ձեւանալ յեղափոխական ընդյատակեայ աշխատանքներու, որոնց թիրախը ինք չէր, ինչպէս՝ ֆետայական փոքրաթիւ խմբակներու դէպի Արեւմտահայաստան անցքը, սակայն, յեղափոխական մամուլին գոյութիւնը կրնար իր սահմաններուն մէջ զօրացնել յեղափոխութիւնը՝ յառաջդիմական եւ ընկերվարական գաղափարներու տարածումով։ Երկրորդ՝ հայութեան զօրացումով, կրնար յարմար հող ստեղծուիլ ազգային պահանջներու՝ նոյնինքն ցարական Ռուսիոյ սահմաններուն մէջ։ Իսկ Օսմանեան Թուրքիան չէր կրնար թոյլատրել իր շահերուն դէմ ուղղուած յեղափոխական մամուլի մը հիմնումը։ Հետեւաբար, տարօրինակ պէտք չէ գտնել հայութեան համար ստեղծուած եւ սակայն հայութեան մեծ կամ գլխաւոր կեդրոններէն շա՜տ հեռու տեղեր լոյս տեսնող մամուլի մը գոյութիւնը։

Անդրադարձանք Դրօշակին, որ լոյս կը տեսնէր Եւրոպայի ամէնէն ազատական երկրին՝ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ։

Դաշնակցութեան Բ. օրկանը լոյս պիտի տեսնէ Միացեալ Նահանգներուն՝ ազատութեան այլ օրրանի մը մէջ։

Ինչո՞ւ դաշնակցական մամուլ չէր ստեղծուեր Յունաստանի,

Եգիպտոսի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ եւ Կովկասի ու Արեւմտահայաստանի մօտակայ գաղութներուն մէջ։ Նախ՝ պէտք է հաստատել, թէ փոքրաթիւ գաղութներ էին վերոյիշեալները, բացի Եգիպտոսէն, եւ յետոյ՝ Դաշնակցութիւնը տակաւին կոմիտէութիւններ չէր կազմակերպած հոն։ Իր գործունէութիւնը աւելի ուղղած էր Արեւմտահայաստան, քան թէ գաղութներու մէջ կուսակցական բջիջներու ստեղծման։

Տեղական նախաձեռնութեան արդիւնք է Հայրենիքի հրատարակութիւնը։ 1896-ին է, որ Ամերիկայի մէջ կը հիմնուին դաշնակցական կոմիտէութիւններ։ Տեղւոյն վրայ, ընկերներ հետամուտ կ՚ըլլան կիսապաշտօնական օրկան մը ունենալու եւ կը դիմուի Հ. Յ. Դ.

Արեւմտեան Բիւրոյին, որ գոնէ տառերով օժանդակէ Ամերիկայի շրջանակին։ Սակայն կը մերժուին։ Չյուսահատելով՝ կը կազմեն

Հրատարակչական Ընկերութիւն մը, որուն ջանքերուն շնորհիւ է, որ 1899 Մայիս 1-ին լոյս կը տեսնէ Հայրենիք շաբաթաթերթը, անկուսակցական հանգամանքով եւ Թովմաս Չարշաֆճեանի խմբագրութեամբ։ Ընկերներու եւ Հ. Յ. Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին տրամադրած դրամագլուխով հիմնադրուած այս թերթը ինչո՞ւ ոչ-կուսակցական հանգամանքով կը ներկայանայ Ամերիկայի հայութեան։

Տոքթ. Նշան Թաշճեան կը փորձէ լուծել այս թնճուկը, գրելով. «Ընկերները խորհած են թերեւս դիւրացնել անոր մուտքը եւ ծաւալումը մեր [Ամերիկահայ գաղութ Ա. Տ. Խ. ] մէջ՝ ազատելով զայն “հաւատաքննական հալածանքէ”» (Հայրենիք ամս., Մայիս, 1923, էջ 5)։

Քանի մը ամիս ետք, Արշակ Վռամեանի Ամերիկա ժամանումով եւ թերթին խմբագրումը ստանձնելով՝ արդէն կը յայտնուի թերթին ուղղութիւնը։

Հայրենիք մինչեւ 1913 եղած է շաբաթաթերթ, 1913-1915՝ եռօրեայ, իսկ 1915 Դեկտ. 6-էն մինչեւ մեր օրերը՝ օրաթերթ։ Դաշնակցութեան Բ. թերթը եւ օրկանն է, իսկ երկարատեւութեան դիտանկիւնէն՝ առաջինը (այսօր 92 տարեկան է)։ Մինչեւ 1915 ունեցած է քանի մը խմբագիր, որոնց մէջ կարեւոր են Ա. Վռամեան, Սիամանթօ (անուանական խմբ. ) եւ Սիմոն Վրացեան։ 1903-ին ունեցած է իր սեփական տպարանը, իսկ 1913-ի վերջը՝ ամերիկահայ տպագրական կեանքին մէջ՝ սեփական առաջին տողաշար մեքենան (linotype)։

Դաշնակցութեան Գ. օրկանն է Pro Armeniaն (1900-1914)։

Դաշնակցութեան Դ. օրկանն է Ֆիլիպէի (Ռումանիա) Ռազմիկը, որ կը հիմնուի Հ. Յ. Դ. Պալքանի կոմիտէին կողմէ։ Իբրեւ խմբագիր կը հրաւիրուի Իզմիրէն Ռուբէն Զարդարեանը։ Խմբագրական այս փորձառութիւնը մեծ ազդակ մը պիտի ըլլար իրեն համար, հետագային ստանձնելու Պոլսոյ Ազատամարտ մեծ օրաթերթին խմբագրապետութիւնը։

Ողբերգութի՞ւն, դժխեմ ճակատագի՞ր, պատմական պայմաններու անբարեյոյս դասաւորո՞ւմ, Հ. Յ. Դ. ը, իր 100-ամեայ գոյութեան ընթացքին, մատի վրայ համրելի տարիներ կրցած է ունենալ ազատ մամուլ (որոշ կաշկանդումներու տակ) պատմական Հայաստանի (այլ խօսքով՝ իր հարազատ ժողովուրդին ծոցին) հողին վրայ կամ անոր մօտիկ շրջաններու՝ կեդրոններու մէջ Կովկաս եւ Արեւելահայաստան (1906-1909, 1917-1921) եւ Արեւմտահայաստան (19081915, 1918-1922)։

1905-ի ռուս-ճափոնական պատերազմին եւ Ռուսաստանի պարտութեան պատճառով, փոքր յեղափոխութիւն մը տեղի կ՚ունենար, որուն շնորհիւ կը սկսէր ազատական շունչ մը փչել։ Հ. Յ. Դ. ը, օգտըուելով այս պատեհ առիթէն, Թիֆլիսի մէջ կը հիմնէր Յառաջը, Կովկասի իրականութեան մէջ իր առաջին օրկանը։ Անոր կը հետեւէին Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի, Շուշիի եւ Արեւելահայաստանի մէջ թերթեր։

Այս յարաբերական ազատութեան շրջանին, արեւելահայ դաշնակցական մամուլին պատկերը հետեւեալն է Պաքուի մէջ՝ Թռուցիկ (1906), Գրոհ (1906-1907) եւ Զանգ (1908-1909)։ Նոր Նախիջեւանի մէջ` Հրազդան (1908-1909)։ Ալեքսանդրապոլի մէջ՝ Ժայռ (1907-1911)։

Թիֆլիսի մէջ՝ Յառաջէն զատ Բորբա (ռուսերէնով, 1917)։ Պարսկաստանի մէջ՝ Առաւօտ (Թաւրիզ, 1909) եւ Արշալոյս (Թեհրան, 1912)։

Յառաջ ունի խմբագրական պատկառելի փաղանգ մը Ա. Ահարոնեան, Եղիշէ Թոփչեան, Գ. Խաժակ, Յոնան Դաւթեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս Իւսուֆեան եւ Միքայէլ Վարանդեան։

Աշխատակիցներ՝ Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Ն. Աղբալեան եւ ուրիշներ։ Յեղափոխական նոր խօսքի, իմացական թռիչքներու եւ ընկերվարական ըմբռնումներու շեփորահարն է։ Սակայն, ցարական գրաքննութիւնը, իբրեւ քերծէ, միշտ պատրաստ է սանձելու անոր թռիչքները։ Իր եռամեայ գոյութեան շրջանին, 1906-1909, պարտաւորուած կ՚ըլլայ 14 անուն փոխել։

Ցարական պետութեան համար Դաշնակցութիւնը յեղափոխական եւ ընկերվարական կուսակցութիւն մըն էր, հետեւաբար, իրեն համար վտանգաւոր կազմակերպութիւն մը։ Պէտք էր ջլատել անոր ուժը։ 1905-1906-ին կը հրահրէր հայ-թաթարական կռիւները, տկարացնելու համար հայութիւնը, մասնաւորաբար անոր դատին պաշտպան կանգնած Դաշնակցութիւնը։ Կրկնակ թիրախ խօսքի եւ գործի կաշկանդում եւ ջլատում։

1909-ին վերջ կը գտնէ մամուլի յարաբերական ազատութիւնը։

Տեղի կ՚ունենայ Դաշնակցութեան մեծ դատավարութիւնը, Բեթերսպուրկի մէջ։ 160 հայ «քաղաքական յանցաւորներ» եւ շուրջ 500 վկաներ՝ Ռուսաստանի բոլոր ծայրերէն կը փոխադրուին մայրաքաղաք։ Դատավարութիւնը կ՚երկարի տարիներու վրայ։ 52 հոգի կը դատապարտուին բանտի եւ աքսորի (չորսը՝ սիպերեան տաժանակիր աշխատանքներու)։ 2 հոգի մահացած՝ բանտային զրկանքներու պատճառով։ 94 հոգի՝ անպարտ արձակուած։ Իբրեւ «քաղաքական յանցաւոր» ամբաստանուածներէն ոմանք, ինչպէս՝ Ս. Զաւարեան, Նիկոլ Դուման, Յովհաննէս Քաջազնունի, Դրօ, Մ. Վարանդեան եւ ուրիշներ արտասահման կը գտնուէին կուսակցական առաքելութեամբ։

Փրկութեան լաստ մը կ՚ըլլայ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը։

Կովկասի մտաւորականներէն ոմանք կ՚ապաստանին հոն եւ խմբագրական ու կրթական աշխատանքի կը լծուին։ Եթէ նախապէս կուսակցական գործիչներ եւ ֆետայիներ կը մեկնէին Արեւմըտահայաստան, պայմաններու բերումով, նոյն Կովկասէն, գրիչի ու միտքի ֆետայիներ կը մեկնէին Արեւմտահայաստան, միտքի ու հոգիի յեղափոխութիւն յառաջացնելու համար։ Զէնքի հերոսներուն կը յաջորդէին գրիչի, խօսքի, միտքի ֆետայիներ, հերոսներ։

1909-էն սկսեալ, Դաշնակցութիւնը կը փորձէ իր խօսքը փոխանցել հայ ժողովուրդին չէզոք անունով քօղարկուած մամուլին միջոցաւ։ Պատուական հայ մը՝ Համբարձում Մելիքեան, Թիֆլիսի մէջ կը հիմնէ Հորիզոն թերթը, նիւթական բեռը իր ուսերուն առնելով, իսկ խմբագրական գործը յանձնելով Դաշնակցութեան։ Կը տեւէ մինչեւ 1918։ Անուանի տասնեակ մը մտաւորականներ, միասնաբար թէ յաջորդաբար, կը ստանձնեն անոր խմբագրումը։ 1918-ին կը կոչուի Նոր հորիզոն։

1. ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

1908 Յուլիս 23-ին (հին տոմարով՝ Յուլիս 10) Օսմանեան Սահմանադրութիւնը հռչակուեցաւ։ Պոլիսը տօնահանդէսի մէջ էր։ Ճառախօսութիւնը օրուան նորոյթը։ Կղպուած բերանները կը բացուին։

Որքա՜ն դաժան եղած էր համիտեան բռնակալութիւնը, նոյն ուժգնութեամբ ալ տեղի կ՚ունենային խանդավառութիւնը, պոռթկումը, վարար գետի մը նման իրենց յորձանքին մէջ քանդելով բոլոր տեսակի թումբերը։ Եւ իմաստալից ու անիմաստ դասախօսութիւններ, միթինկներ, բանախօսութիւններ զիրար կը հրմշտկեն։ Ասպարէզը ճարպիկներուն է։ Ամբոխավարութիւնը օրուան հրամայականն է կարծէք։ Ժողովուրդը, ազատութեան յայտարարութեան ծարաւի եւ գինովցած, ներկայ է բոլորին։

Դասախօսութիւններու եւ միթինկներու կողքին՝ կը դիմուի աւելի լայն տարողութիւն, շրջագիծ եւ ազդեցութիւն ունեցող մամուլին։

Կուսակցական եւ անհատական նախաձեռնութեամբ՝ սունկի նման կը բուսնին թերթեր ու կ՚ողողեն ե՛ւ Պոլսոյ, ե՛ւ ներքին գաւառներու կեդրոնները։ Ձեռագիր, խմորատիպ, տպագիր թերթեր եւ պարբերականներ կը շրջին ձեռքէ-ձեռք։ Թերթերէն ոմանք ասուպային կեանք ունեցան։ Երբեմն՝ 1-2 թիւի լոյս ընծայումէն ետք շիջեցան, իրենց հետ տանելով «արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն»։

Սահմանադրութեան բերած ազատութիւնը եւ համիտեան խիստ գրաքննութեան վերացումը՝ շատերը կը դարձնէ ոչ-աչալուրջ։ Դաւաճանութեամբ կամ հին վարչաձեւին որպէս գործակալ կ՚ամբաստանուին հին խմբագիրներ, գրողներ, եկեղեցականներ (չի՛ խնայուիր նոյնիսկ Օրմանեան Պատրիարքին), եւլն. ։ Խառնարան մըն է Պոլիսը, ուր՝ ամէն ոք, իր գիտցած ձեւով, կը փորձէ պղտոր ջուրին մէջ իր ձուկը որսալ։

Պէտք է ձեւաւորումի, յստակացման ենթարկուէր այս շփոթ, նոյնիսկ կարելի է ըսել քաոսային վիճակը։ Եւ Դաշնակցութիւնը լծուեցաւ այս դժուար գործին։ Եթէ նախասահմանադրական շրջանին՝ առաջնորդողի դեր կատարած էր սուլթանական կամայական եւ բռնատիրական իշխանութեան դէմ յեղափոխութեան դրօշը պարզելով, հիմա, խաղաղ պայմաններու մէջ, պէտք է ջանար շարունակել իր պատմական եւ հրամայական դերը հայ ժողովուրդին առօրեայ հարցերուն բարւոք լուծումը։

Պոլիս ժամանող դաշնակցական առաջին մտաւորականներն ու գործիչները կ՚ըլլան՝ Սիմոն Զաւարեան (Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամ), Է. Ակնունի, Ռուբէն Զարդարեան (Պուլկարիայէն), Յարութիւն Շահրիկեան, Վահագն Տաթեւեան եւ Թադէոս Խաչմանեան։ Դաշնակցութիւնն ալ կը մղուէր օրուան պահաջին դասախօսութեանց եւ միթինկներու։ Հռետորական բնատուր ձիրքով օժտուած Ակնունին (Խաչատուր Մալումեան) կը դառնայ բեմերուն զարդը։

Պուլկարիայէն վերադարձող Ռուբէն Զարդարեանը, որ խմբագրական փորձառութիւն ձեռք ձգած էր՝ խմբագրելով կուսակցական օրկան Ֆիլիպէի Ռազմիկը (1905-1908), երբ Պոլիս կը ժամանէ 1908-ին, կը սկսի աշխատակցիլ Քասիմի (Միսաք Գօչունեան) Ժամանակ օրաթերթին, որ նոր հիմնուած էր։ Զարդարեանի աշխատակցութիւնը սկսած է 1 Դեկտ. 1908-ին եւ շարունակուած՝ մինչեւ Ազատամարտ օրաթերթի հիմնադրումը (10 Յունիս, 1909)։ Պաշտօնապէս խմբագիր չէ եղած Ժամանակի, սակայն, իր յօդուածները միշտ դրուած են թերթին առաջնորդող սիւնակներուն մէջ։

Դաշնակցութիւնը տակաւին իր օրկանը չունէր Պոլսոյ մէջ, այլ՝ կ՚օգտագործէր Արեւելք, Մանզումէ եւ Ժամանակ օրաթերթերը իր տեսակէտները պարզելու համար։ Գաւառը կը դառնար իր ուշադրութեան առարկան։ Իր ստացած տեղեկագիրները լոյս կ՚ընծայէր օրուան մամուլին մէջ։

Ամէնէն կարեւորը, գիտակից մամուլի դերին, կ՚ուզէր կարգի դնել Պոլսոյ մեր առօրեայ մամուլը, հիմնելով միութիւն մը, վերջ դնելու համար մամուլի աղտոտ պայքարին։ Բայց՝ կարճ կեանք ունեցաւ այդ միութիւնը։

Հ. Յ. Դ. ի Պոլսոյ ղեկավարութիւնը կ՚որոճար թերթի մը հիմնումին մասին։ Սակայն, մինչեւ խելացին խորհի եւ գործէ, խենթը արդէն գետը անցած կ՚ըլլայ։ Երիտասարդ եւ կիրքով լեցուն տարրեր, չորս հոգի Գ. Բարսեղեան, տիկին Զ. Եսայեան, Վահրամ Թաթուլ եւ Շ. Միսաքեան 1908-ի Դեկտեմբերին կը հիմնեն Ազդակ շաբաթաթերթը (1908-1909, 41 թիւ)։ Նպատակ ունին ազգին ղեկավարութիւնը ստանձնելու։ Այդ ղեկավարութիւնը հայ կղերին ձեռքը գտնուելով, հետեւաբար պայքար անոր դէմ։ Դէմ են, որ ան ըլլայ հայ քաղաքական կեանքին ղեկավարը։ Կ՚ընդունին զայն ընկեր-քաղաքացիներ։ Յարանուանութիւնները կը գտնեն պառակտիչ։ Կը զբաղին հայ իգական սեռին վիճակով, անոր վերապահելով բարեգործական դեր, տալով տնտեսական անկախութիւն եւ կ՚առաջարկեն ազգային եւ քաղաքական կեանքի մէջ գործօն մասնակցութիւն։

Սահմանադրական Թուրքիոյ հանդէպ քրթմնջիւններ ունին։ Անուանապէս սահմանադրութիւնը հաստատուած է, սակայն հայուն ցաւերը կը մնան անդարման։

Անխուսափելիօրէն կայ ընկերվարական եւ յեղափոխական գրականութիւն գեղարուեստական թէ հրապարակագրական ձեւերով։ Օրուան նորոյթն է։ Պոլսոյ մտաւորականութիւնը չ՚ուզեր ետ մնալ իր արեւելահայ գրչեղբայրներէն։

Որոշ մանրամասնութեամբ տուինք Ազդակի ընդգրկած նիւթերը։

Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, անոր ծեծած նիւթերը եւ առաջարկած լուծումները, առաւել կամ նուազ չափով՝ մէկ մանրանկարը կը կազմեն արեւմտահայ դաշնակցական մամուլին՝ մինչեւ 1915-ի Եղեռնը։

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որ պայքարած էր Ապտիւլ Համիտի բռնակալութեան դէմ եւ ազդու դեր ունեցած՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան ձեռք բերման մէջ, իջնելով լեռներէն դէպի դաշտ եւ քաղաք, կը լքէր հրացանը եւ կը նուիրուէր Սահմանադրութեան ամրապնդման, դպրոցական ցանցի ստեղծման, հայ կնոջ զարգացման, հայ շինականին աշխատանքին գիտական ուղղութիւն տալու ճիգին եւ այլն։

Մամուլը հիմնական միջոց էր իր ծրագիրները հանրութեան սեփականութիւն դարձնելու գծով։

1908-1915, Պոլսոյ, Իզմիրի եւ Գաւառին (Արեւմտահայաստանի) մէջ կ՚ունենանք հետեւեալ թերթերը Գեղջուկ (Տրապիզոն), Արօր (Երզնկա), Արդի (Երզնկա), Յառաջ (Կարին), Աշխատանք (Վան), Խարիսխ (Տրապիզոն), Մունետիկ (Իզմիր), Պարտիզակ (Պարտիզակ), Ուսանող (Պոլիս), Շանթ (Պոլիս), Մտրակ (Շապին Գարահիսար), Բիւթանիա (Իզմիր), Շեփոր (Կեսարիա), Հող-դար (Սեբաստիա), Պոնտոս (Տրապիզոն), Երկունք (Պոլիս), Մեղու (Պարտիզակ), Փեթակ (Տրապիզոն), Մեր տարեցոյցը (Պոլիս), Մեհեան (Պոլիս), Նաւասարդ տարեգիրք (Պոլիս), Կռուածաղիկ (Մուշ) եւ այլն։

Դեռ կան ուրիշներ։

Դիտմամբ չնշեցինք Ազատամարտը։ Կ՚ուզենք անոր առանձնապէս անդրադառնալ։ Սակայն, հոն հասնելէ առաջ փակագիծ մը։

Չենք կրնար լուռ անցնիլ Վասպուրականի մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կատարած քարոզչական աշխատանքներուն վրայէն։ 18961897 տարիներուն՝ Թռուցիկ թերթ լոյս ընծայած է։ 1905-ին, Իշխանի ձեռքով, հիմը կը դրուի Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլին։ Խորագիր՝ Արեան ձայն։ Այնուհետեւ, սունկի նման, 1905-1909, զիրար խաչաձեւող, իրարու դէմ պայքարող տասնեակ մը թերթեր իրարու կը յաջորդեն - ձեռագիր կամ խմորատիպ։ Վանի Կ. Կոմիտէն լոյս կ՚ընծայէ Երկունքը եւ Սապահ-Իւլ Խայրը (այս վերջինը թրքերէնով)։ Ուսուցիչներ եւ նոր սերնդական երիտասարդ մտաւորականներ՝ Նոր սերունդ, Հայեացք, Տիգրիս, Կոտոշ, Ծովակ, Յորձանք, Արծուիկ, Կռիւ, Անկախ Տիգրիս, Ժայռ եւ Զարթիր։ 1915-ին՝ Տեղեկատու։

Ազատամարտ (Բիւրոյի օրկան 1909-1915)։ Գրաքննութեան միջամտութեան պատճառով, կը ստիպուի անուանափոխումով իր գոյութիւնը պահել (ճիշդ Թիֆլիսի Յառաջին պէս) Առաջամարտ, Բագին, Բիւթանիա, Ազդակ, Մեղու, Շանթ։ Խմբագրապետ՝ Ռուբէն Զարդարեան։ Փաղանգ մը խմբագիրներ, թէ՛ արեւմտահայ, թէ՛ արեւելահայ Է. Ակնունի, Յարութիւն Շահրիկեան, Ռուբէն Դարբինեան, Գ. Խաժակ, Լիպարիտ Նազարեանց, Գեղամ Բարսեղեան եւ ուրիշներ։ Պոլսոյ եւ գաւառի մտաւորական ընտրանին կ՚աշխատակցէր այս թերթին Գ. Զօհրապ, Մելքոն Կիւրճեան, Սիամանթօ, Ռ. Սեւակ, Դ. Վարուժան, Միքայէլ Վարանդեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ։

Լայնատարած թերթ մը (ատեն մը, մինչեւ 12, 000 տպաքանակով լոյս տեսած)։ Ունէր գեղարուեստական եւ հրապարակագրական բովանդակութիւն։ Նոր տարուան բացառիկները ունին իրապէս բացառիկ բովանդակութիւն։ Անցուցած էր նորութիւն մը, ինչ որ գոյութիւն չունէր եւ չունի օրաթերթերու պարագային Ա. էջի Ա. Սիւնակին սկիզբը կը նշուի բովանդակութիւնը։

Պոլսոյ ուսանողութիւնը լոյս կ՚ընծայէր Երկունքը խմբագրութեամբ Հմայեակ Մանուկեանի, Լեւոն Մօզեանի, Գուրգէն Մխիթարեանի եւ Կարօ Սասունիի, անձնաւորութիւններ, որոնք այդ օրերէն սկսեալ մեր հանրային եւ խմբագրական ասպարէզներուն մէջ ծաւալուն գործունէութիւն պիտի ցուցաբերեն։

Գեղարուեստական գրականութեան մէջ մեծ ոստում մը, շրջադարձ կազմող երեւոյթ մը կը պարզուի։ Դաշնակցական մտաւորականութիւնն ու գրագէտները կ՚որոնեն ցեղին ոգին՝ կնիքը եւ զայն կը գտնեն հայ հեթանոսութեան մէջ։ Ուժին մտային, հոգեկան եւ ֆիզիքական փառաբանանքը կը դառնայ օրուան նորոյթը։ Այս հիմամբ դիւրաւ կարելի է ըմբռնել հրապարակի վրայ գործածուող Նաւասարդ, Բագին, Մեհեան եւ նմանօրինակ բառեր։

2. ԳԱՒԱՌԸ (ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ)

Գաւառը՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ հայութեան ծիրին մաս կազմեց 19-րդ դարուն։ Խրիմեան Հայրիկն էր, որ անոր ցաւոտ պատկերը ներկայացուց Պոլսոյ Ազգային Երեսփոխանական ժողովին։ Սրուանձտեանցն ու Մինախորեանը տուին անոր ազգագրութիւնն ու տեղագրական նկարագրութիւնը։

Մեր գրականութեան իրապաշտ շարժումին մէջ գաւառը իր տեղը պիտի ունենայ, երբ Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ) «Պանդուխտի կեանքէն» շարքով պիտի սեւեռէ գաւառին մեծագոյն տագնապներէն մէկը՝ պանդխտութեան աւերիչ երեւոյթը։ Թլկատինցին եւ Մշոյ Գեղամը պիտի տան գաւառացի հայուն տիպարն ու հոգեբանութիւնը։

20-րդ դարուն սկիզբը՝ գեղապաշտ կամ արուեստագէտ սերունդը նոր շեշտով մը գաւառին վրայ՝ պիտի պաշտպանէր «վաղուան գրականութիւն» տարազը («գաւառի գրականութիւն» եզրը կարելի չէր նշել՝ օրուան տիրող պայմաններուն պատճառով)։

Հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները, ի մասնաւորի Հ. Յ. Դ. ը, անշուշտ որ հետաքրքրուած էին Գաւառով. ո՛չ միայն հետաքրքրուած՝ այլեւ գործունէութեան հիմնական մարզի վերածած։ Եւ այդ գործունէութեան շնորհիւ ալ պոլսահայը, կամայ թէ ակամայ, հետեւած էր գաւառին անցուդարձերուն։

Սակայն, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Գաւառը կը դառնայ հետաքրքրութեան հիմնական կեդրոն կամ կորիզ։ Գաւառէն ընտրուած պետական երեսփոխաններ, մասնաւորաբար Մշոյ Գեղամը, կը պատմեն անոր ցաւերուն մասին։ Թերթերը կ՚արձագանգեն։

Դաշնակցութեան հիմնական մտասեւեռումը կը դառնայ Գաւառը, այդ օրերու բառով՝ Երկիրը։ Պիտի չբաւարարուի Գաւառէն եկած թղթակցութիւնները թերթերու մէջ տպելով, այլ՝ նուիրեալ գործիչներ, ինչպէս՝ Սիմոն Զաւարեան (Մուշ), Եղիշէ Թոփչեան, Սիմոն Վրացեան, Շաւարշ Միսաքեան (Կարին) եւ ուրիշներ պիտի ուղարկէ հոն, նոր տեսակի յեղափոխութեան մը համար Գաւառի հայութեան մտաւոր եւ տնտեսական զարգացման համար ձեռք առնելու վարժարաններու ղեկավարութիւնը, հիմնելու մամուլ եւ ներմուծելու երկրագործական նոր մեթոտներ։

Այլ գործիչներ, ինչպէս Ռոստոմ Զօրեան կը ստանձնէ տնօրէնութիւնը Սեբաստիա փոխադրուած նոր Սանասարեանին։ Սեբաստացի Մուրատը, Դանիէլ Վարուժանը՝ Սեբաստիոյ, Սեպուհը՝ Բաբերդի   շրջանին, Արամ Մանուկեան, Սարգիս Բարսեղեան, Ղեւոնդ Մելոյեան, Վահան Մինախորեան, Բարունակ Կապուտիկեան Սամսոնի եւ Օրտուի շրջաններուն մէջ կրթական գործին լծուած էին։ Սահմանադրութեան շրջանէն առաջ արդէն Գաւառի մէջ գործող գործիչներ, ինչպէս՝ Իշխանը, Ռուբէն Տէր Մինասեանը եւ ուրիշներ այս շրջանին ալ շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը յեղափոխական գործունէութենէն դառնալով դէպի ազգաշէն գործունէութիւն։

Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Ամէն չարիքէ բարիք կը ծնի»։

Ցարական Ռուսիոյ Դաշնակցութեան դէմ ձեռնարկած դատավարութեան եւ հալածանքին պատճառով, արեւելահայ որոշ գործիչներ եւ մտաւորականներ կը տեղափոխուին Պոլիս, նոր գաղափարներ, մարդոյժ եւ եռանդ բերելով արեւմտահայ աշխարհին։ Նշենք անոնցմէ ոմանք Ա. Ահարոնեան, Ա. Իսահակեան, Գարեգին Խաժակ, Ս. Զաւարեան, Ե. Թոփչեան, Ռ. Դարբինեան, Լիպարիտ Նազարեանց եւ ուրիշներ։ Թէ՛ մամուլի, թէ՛ կրթական ճամբով պիտի օժանդակեն մեր ժողովուրդին։

3. ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ընկերվարական կուսակցութիւն ըլլալով՝ Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի աշխատաւոր դասակարգի տնտեսական վիճակի բարելաւման եւ մտաւոր զարգացման անհրաժեշտութեան։

Հետամուտ կ՚ըլլայ «Աշխատանքի Տուն»ի մը կազմակերպման եւ հաստատման։ Զգոյշ է իր գործելակերպին մէջ։ Ինք է նախաձեռնողը, սակայն սկզբնական շրջանին՝ կը գոհանայ յայտարարելով իր հովանաւորութիւնը։ Կը կազմակերպուի դասախօսութիւն մը, միտքերն ու հոգիները նախապատրաստելու համար։ Կը դասախօսէ (Դեկտ. 6, 1908) Արուսեակ Փանոսեան։ Ինչո՞ւ այս նախաձեռնութիւնը։

Հայ կինը, մօտաւոր անցեալին, պատասխանելով ազգին զանազան կարիքներուն աշխատաւոր դասի անգործութիւն, դպրոցներու պիւտճէի բաց, անջատաբար կամ համախումբ իր օժանդակութիւնը ընծայած է։ Սակայն, նպաստընկալը կրնայ անգործութեան, ձրիակերութեան եւ բարոյական մեծ անկումի առաջնորդուիլ (Ազդակ շաբ., թ. 2, 4 Յունուար, 1909, էջ 22)։ Դարմա՞նը։ Գործ հայթայթելով նման անգործներու, տնտեսական յարաբերաբար անկախ գոյավիճակի մը հասցնելով զանոնք։

Այս նպատակին իրագործման համար նախատեսուած միջոցնե՞րը։

«1. Աշխատանքի Գրասենեակ բանալով գործ հայթայթել անգործ կին եւ այր աշխատաւորներու։

«2. Հիմնել եւ յանձանձել Արհեստանոցներ զանազան արհեստներու։

«3. Օգնել հիմնելու Համայնական-Գործակցական (Coopռratif) Արհեստանոցներ։ Օգնել հիմնելու Տիպար Սպառողական Վաճառատուներ, որպէսզի աշխատաւորը կարենայ գնել աժան եւ անխարդախ պիտոյքներ։

«4. Հայթայթել աշխատանք այն այր եւ կին աշխատաւորներուն, որոնք ստիպուած են տուն մնալ։

«5. Հոգ տանիլ ձեռարուեստներու եւ արհեստանոցներու արտադրութեանց արդիւնաւոր վաճառման, բանալով Աշխատանքի Տուն անունով Վաճառատուներ, կազմելով Վիճակահանութիւններ, եւայլն» (Ազդակ շաբ., թ. 12, 13 Մարտ, 1909, էջ 190)։

Պետականութենէ զրկուած հայուն համար, Դաշնակցութիւնը իր այս Ընկերութեան ստեղծումով եւ ծրագիրով կ՚ուզէր ստանձնել Աշխատանքի Նախարարութեան մը դերը, հաւանաբար՝ չվստահելով Թուրքիոյ նոյն նախարարութեան վրայ, անձնապէս մշակելով իր պարտէզը։

Ահաւասիկ ազգակերտ, հայակերտ քաղաքականութեան հետամուտ էր Հ. Յ. Դ. ը, երբ Երիտասարդ թուրքերը գործադրեցին Եղեռնը եւ փորձեցին տապարի հարուած իջեցնել թէ՛ արեւմտահայութեան եւ թէ անոր իրաւ իղձերուն թարգման եւ պաշտպան Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ 1915-1918, Պոլիսը պիտի ունենայ անգոյն, թափթփուք կոչուելու արժանի թերթուկներ։ 1918-ին, Պոլիսն ու

Իզմիրը պիտի ունենան իրենց հայ թէ դաշնակցական թերթերը, սակայն, Գաւառին մէջ ընդմիշտ պիտի լռէ հայ թէ դաշնակցական մամուլին ձայնը։

* * *

1915 թուականով, կարելի է ըսել, վերջ կը գտնէ հայ յեղափոխութեան հերոսական շրջանը, օգտագործելով Արտաշէս Աբեղեանի եզրը։ Եթէ 1908-ի Սահմանադրութենէն առաջ՝ Երկիր մտնող յեղափոխական գործիչներն ու ֆետայիները մարտական հերոսներ էին,

1908-ի Սահմանադրութենէն ետք իրենց գրիչը շարժողները, Գաւառին լուսաւորութեան նուիրուածները՝ միտքի եւ հոգիի հերոսներ էին, որոնք անտեսելով ամէն ինչ, իրենք զիրենք կը նուիրէին հայակերտման սրբազան աշխատանքին։ Հ. Յ. Դ. ը ե՛ւ խօսք է, ե՛ւ գործ, առաւելաբար, այս վերջինը։

* * *

Արտաշէս Աբեղեան, հերոսական շրջանին վերաբերեալ կ՚ընէ արդար հաստատում մը եւ կը բերէ տրամաբանական առաջարկ մը։ Կը մէջբերենք այդ հատուածը.

«Եւ սակայն, հալածական վիճակում անգամ, ստորերկրեայ կեանքի պայմաններում, յեղափոխական-մարտական կռուի օրերի՛ն իսկ՝ Դաշնակցութիւնը չլքեց ո՛չ միայն խօսքի, այլ եւ գրչի զէնքը։ Հարիւրաւոր եւ հազարաւոր թռուցիկները նպատակ են ունեցել՝ գէթ մէկ մասով փոխարինելու սեփական մամուլը, հայրենի իրականութեան մէջ։ Այդ բաւական չէ, այս կամ այն յարատեւութեամբ՝ այստեղ եւ այնտեղ լոյս են տեսել խմորատիպ թերթիկներ եւ զանազան շրջաբերականներ ու բազմաթիւ օրինակներով ժողովրդի մէջ ցրուուել, դա՛րձեալ մասամբ փոխարինելու համար կուսակցական մամուլը։

Մեր կուսակցութեան, հայ յեղափոխութեան, բայց նաեւ ա՛ռհասարակ հայ մամուլի պատմութեան համար մի-մի թանկագին նշխարներ են այդ հազարաւոր թռուցիկները եւ խմորատիպները։ Անհրաժեշտութիւն է ներկայանում, այսինքն անցողակի հնարաւորութեան սահմաններում հաւաքել նրանց մնացորդները, հարստացնել հայ յեղափոխութեան թանգարանը ու ժառանգութիւն թողնել գալիք սերունդներին եւ ապագայ պատմութեան» (Յուսաբեր բացառիկ, 15 Նոյ., 1930, էջ 4)։