Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ՄԵՂՄԱՑՄԱՆ ԵՒ ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ (1960-1985)

Այս շրջանը կը յատկանշուի մեր հատուածներուն միջեւ բարձրացած պատնէշներու քանդումով։ Նախկին տասնամեակներու պայքարներուն տուն տուող պատճառները հետզհետէ գոյութեան իրաւունքէ կը դադրին։

Կարծէք մարդոց ջիղերն ալ յոգնած են եւ հանգիստի պէտք ունին։

Սառցահալ մը կայ, որ ամէն մարզի մէջ կը զգացուի։ Այս սառցահալին կը նպաստեն համաշխարհային թատերաբեմի վրայ շեփորուող խաղաղ գոյակցութեան քաղաքականութիւնը, երկու կաթողիկոսներու սաղիմական ողջագուրումը, եկեղեցական տիեզերական ժողովները, Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութիւնը, ուր մանաւանդ Հայրենիքին թանձրացեալ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ՝ իր ուղարկած համոյթներով, ֆութպոլի խումբերով, թատերական խումբով, գրական եւ գիտական պատուիրակութիւններով։ Այս բոլորը առաւել կամ նուազ չափով կը կակուղցնեն սիրտերը։ Մամուլը, որ մեր կեանքին զարկերակը դարձած է, ամէնէն առաջ իր էջերուն մէջ կը ցոլացնէ վերոյիշեալ դրդապատճառներով յառաջ եկած հոգեփոխութիւնը։ Ճիշդ է որ մեր հատուածները տակաւին կեցած են իրենց դիրքերուն վրայ, սակայն ազգային հրատապ հարցերու համար խորհրդակցութիւններ կամ միտքի փոխանակումներ կը կատարուին։

Այդ շփումները սկիզբը երկչոտ, կասկածոտ, ժամանակի ընթացքին կը դառնան սիրալիր եւ կը ստանան հաստատ ու մնայուն հիմ։

Մեր երեք կուսակցութիւններուն համատեղ գործակցութիւնն ու գործունէութիւնը, Ապրիլեան Եղեռնի յիշատակումին առիթով, գրեթէ մնայուն երեւոյթ կը դառնայ։ Այս գործակցութիւնը կ՚արտայայտուի նաեւ Հայ Դատի կարգ մը երեսներուն առիթով։ Ամբողջական գործակցութիւն եւ նպատակներու նոյնութիւն չկայ տակաւին, սակայն կայ գործակցութեան ոգին, որուն դարբնումին եւ շարունակման մէջ մեծ է դերը Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Ներքին վէճերու ժամանակը չէ։

Այս դրական համագործակցութեան արդիւնքը պիտի տեսնենք 1975-էն ի վեր շարունակուող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մէջ, ուր պիտի չկրկնուին 1958-ի եղբայրասպան դէպքերը։

1965-ը, մեր Եղեռնի յիսնամեակը, անկիւնադարձ մըն է հայութեան եւ Հայ Դատին համար։ Սուգի հաւաքներ ըլլալէ աւելի, հայ քաղաքական պահանջատիրութեան ելոյթներու կը վերածուին տօնակատարութիւնները։ Հայրենի ժողովուրդը կը տողանցէ Երեւանի պողոտաներէն եւ «Մեր հողերը, մեր հողերը» բացագանչելով, փաստը կու տայ իր ազգային մտահոգութիւններուն, ձայնակցելով Սփիւռքի իր հարազատներուն պահանջատիրութեան։

Յուշագիրներու, տեսակցութիւններու, միջազգային համագումարներու ներկայութեամբ եւ այլ ճամբով հայութեան իրաւունքներն ու պահանջները կը փոխանցուին։ Յարմար առիթներով հաւաքներ տեղի կ՚ունենան, երբեմն տասնեակ հազարաւորներու մասնակցութեամբ, ուր բարձրագոչ կը յայտարարուին հայ ժողովուրդին պահանջները։

Հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատին քաղաքականացման փուլին մէջն ենք։

Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, աչքառու երեւոյթ է հայ պատանութեան եւ երիտասարդութեան զարթօնքն ու գործօն ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս։

Մեր երիտասարդութեան շարժումին ծնունդին անուղղակի ազդակ է աշխարհի մէջ երիտասարդութեան խլրտումը, հիփփիական եւ այլ անուններով ծանօթ ծայրայեղ շարժումներով ինքզինք դրսեւորած։ Մինչդեռ վերջին շարժումները ընկերութիւնը քննադատող, ընկերութենէն եւ ընկերային պարտաւորութիւններէն փախուստ տուող շարժումներ են, մեր մէջ, դաշնակցական պատանիներն ու երիտասարդները, ընդհակառակը, դրական ուղղութեամբ կը գործեն։ Կը կապուին իրենց ժողովուրդին եւ անոր սրբազան դատին։

Կը դառնան յանձնառու, նուիրեալ        եւ զոհաբերուող երիտասարդութիւն։

Պատանեկան եւ երիտասարդական մամուլին հիմնումը այս մթնոլորտին արդիւնքն է, միաժամանակ ազդակ՝ այդ մթնոլորտին ստեղծման։

Երիտասարդութիւնը ինք նախաձեռնարկ կ՚ըլլայ իր մամուլին ստեղծման։ Նախկին տասնամեակներուն ալ իր օրկանները ունեցած էր, աստ ու անդ, կարճատեւ, ասուպային գոյութեամբ։ Այս շրջանին, իւրաքանչիւր գաղութի մէջ կ՚ունենայ մէկ, երբեմն մէկէ աւելի օրկան, սկիզբը մեքենագիր, ապա՝ տպագիր։ Նշենք անոնցմէ ոմանք Արժանթին՝ Կամք։ Լիբանան՝ Զաւարեան պրակ, 2001, Zavarian Monthly, Zavarian Review, Ահազանգ, Ռազմիկ, Կայծեր։

Պարսկաստան՝ Շարժում, Հայ երիտասարդ, Ալիք պատանեկան, Դէպի երկիր, Ուսանողական, Աշակերտ, Յեղափոխութեան ճամբով։

Գանատա՝ Շանթ։ Մ. Նահանգներ՝ Հայդուկ, Շանթ։ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ ալ փորձեր ունինք։ Նոյնպէս՝ Յունաստան եւ Կիպրոս։

Արագ ակնարկ մը ցոյց պիտի տայ, որ երիտասարդական օրկանները մեծ մասամբ լոյս տեսած են Պարսկաստանի եւ Լիբանանի մէջ։

Ատոր պատճառները կրնան երկու ըլլալ հոծ հայութիւն եւ քաղաքական ծանրակշիռ դէպքեր։ Երկիրներուն վերիվայրումները, մեր երիտասարդութիւնը յուսալքելու փոխարէն, զիրենք կը մղէ իրենց ազգին ապագայով հետաքրքրուելու եւ յանձնառութիւն ստանձնելու։ Նոյնիսկ այլ գաղութներու մէջ օրկաններու հիմնումը մասամբ այս գաղութներէն գաղթած երիտասարդներուն գործն է։

Գանատահայ գաղութը բաւական ստուարացած ըլլալով՝ կուսակցութիւնը հոն կը հիմնէ իր օրկանը՝ Հորիզոն շաբաթաթերթ (1979)։ Ֆրանսայի մէջ՝ Ազատամարտը (1978-1982)։ Աւստրալիոյ մէջ՝ Արմենիան (1981)։

Նաեւ այս շրջանին կը զուգադիպի Ազդակ շաբաթօրեակ Դրօշակի Գ. շրջանը (Պէյրութ, 1969-1985)։ 1933-էն ի վեր դադրած էր Բիւրոյի օրկանը։ Պէյրութը դարձած էր Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինին կեդրոնը։ Մտաւորական անհրաժեշտ տարրերը ունէր նման հրատարակութիւն մը ղեկավարելու համար։ Բովանդակութի՞ւն. ա) Հայ Դատի ռազմավարութեան արմատականացում. բ) Կազմակերպական հարցեր. գ) Դաշնակցական ծրագրային-գաղափարական վերաբիւրեղացման ճիգ. դ) Պատմագրութիւն։

Ցաւալի երեւոյթ, սակայն, իրականութիւն։ Այս շրջանին կը դադրէր Պոսթընի Հայրենիք ամսագիրը (1922-1970), որ արդէն իր հոգեվարքը կ՚ապրէր 1961-էն սկսեալ ծաւալի փոքրացումով եւ բովանդակութեան նօսրացումով։ Իր բախտորոշ դերը կատարած էր մինչեւ 1940-ական թուականները։ Իր ձգած բացը մասամբ կը փորձէ գոցել Բագինը (Պէյրութ, 1962)։

Հայ Դատը օտար պատմաբաններուն, համալսարանի դասախօսներուն, դիւանագէտներուն եւ այլոց ծանօթացնելու հեռանկարով, 1948-ին հիմնուած էր Պոսթընի Armenian Reviewն։ Այս շրջանին, առաւելաբար Մ. Նահանգներու մէջ, նոյն նպատակով, կը սկսին լոյս ընծայուիլ աւելի փոքրածաւալ հրատարակութիւններ Washington Reportը եւ Bulletinը։