Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ Հ. Յ. Դ. ՄԱՄՈՒԼԸ 1905-1915

Իր ինքնակենսագրականին եւ այլ ուսումնասիրութիւններու մէջ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, այլ բաներու կարգին, կը յայտնէ թէ 1990ին պատրաստած է 100 էջնոց ուսումնասիրութիւն մը «Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլը 1905-1915» խորագրեալ, զոր «ուղարկած է մրցանքի»։ Ան չի յիշատակեր մրցանքի հասցէն։ Հակառակ մեր հետապնդումներուն կարելի չեղաւ ստուգել հասցէն։ Այս գործը մինչեւ այսօր կը մնայ անտիպ։ Անկէ մաս մը՝ «Նոր սերունդ»՝ լոյս տեսած է 1992-ի Նոր տարուան Ազդակ բացառիկին մէջ, էջ 40-46։

Ա. Տէր Խաչատուրեանի արխիւներէն կարելի եղաւ գտնել վերոյիշեալ աշխատասիրութեան խառնիխուռն սեւագրութիւնը, որմէ կը պակսին որոշ թիւով էջեր։ Մաքուր վիճակի մէջ պահուած են բովանդակութեան էջը եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկը։ Այս բոլորը, ինչպէս նաեւ Ազդակ բացառիկի վերոյիշեալ գրութիւնը հիմք ծառայեցին մեզի վերականգնելու ուսումնասիրութիւնը՝ կարելիութեան սահմաններուն մէջ։

ԽՄԲ.

Վասպուրականի մամուլը առանձնապէս լայնօրէն նկատի չէ առնուած եւ ցուցակագրուած։ Հայ մամուլի ընդհանրական գործերու՝ մատենագիտական աշխատութիւններու հպանցիկ նմոյշներ կան։

Մեզի ծանօթ առանձնակի քանի մը փորձեր կան Վասպուրականի մամուլին վերաբերեալ։ Առաջինը՝ Արշակ Ալպօյաճեանի ֆրանսերէնով լոյս տեսած Les Arméniens et L’Imprimerie գրքոյկն է, ուր (էջ 61-66) կը նշուին Արեւմտահայաստանի գաւառներուն մամուլը (1908-1914)։ [1]

Համբարձում Երամեան, իր Յուշարձան երկհատոր գործին մէջ ունի հպանցիկ ակնարկ մը, Վասպուրականի ընդհանուր մամուլը ընդգրկող (1857-1915)։ [2]

Ամէնէն ընդարձակ ցանկագրումը կատարած է Երուանդ Տէր Մկրտիչեան, իր Գանձեր Վասպուրականէն գիրքին «Թերթեր» բաժինով։ [3] Հեղինակը Վան քաղաքացի է։ Եղած է Վանի Վան-Տոսպ, Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութեան Վանի Կեդրոնի օրկանին գրաշարներէն (1912-1913)։ Տեղեակ է Վասպուրականի անցուդարձերուն։ Սակայն, անաչառութենէ փարսախներով հեռու է իր գործին մէջ, ինչ որ գործը վիրաւոր կը դարձնէ։

Մեր բանասիրական եւ մամուլի պատմութեան անդրադարձներու պարագային, առանց անջիղ ըլլալու, չափաւորական ենք։ Կը յարգենք ոեւէ մէկուն աշխատանքները, եթէ առարկայականութիւն գտնենք անոր մէջ։ Տարբեր է Ե. Տէր Մկրտիչեանի պարագան։

Ռամկավար իր հանգամանքով, Դաշնակցութեան եւ դաշնակցական երեւոյթներու, դէմքերու հանդէպ մոլուցքի հասնող կեցուածք մը կը ցուցաբերէ։ [4] Իր ընդգրկած զանազան գլուխներուն՝ բաժիններուն տակ մատենագիրներ, գրողներ (էջ 1-590) եւ այլն ուր կը նշուին բանակ մը գրիչ շարժողներ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ, եկեղեցականներ եւ այլն, դաշնակցականներ կամ դաշնակցականամիտ անհատներ անտեսուած են. օրինակ՝ Կոմսը, Բարունակ Կապուտիկեանը, Տիգրան Բաղդասարեանը, Օննիկ Մխիթարեանը, Խոսրով Թիւթիւնճեանը եւ շատ ուրիշներ։

«Թերթեր» բաժինին մէջ նորէն քիչ մը արդարութիւն կայ։ Գոնէ բարեացակամ գտնուած է անունները նշելու։ Հո՛ս ալ մոլուցքը իր դերը կատարած է։ Կա՛մ որդեգրած է լակոնական ոճը, նուազագոյնով գոհանալով (օրինակ՝ Հ. Յ. Դ. Աշխատանք թերթին մասին գրած է՝ «շաբաթաթերթ, 1910-1914». այսքան միայն, առանց նոյնիսկ խմբագիրներու նշումի), կա՛մ ալ ժխտական վկայութիւններու յիշատակումով։ Աղբի՞ւր չունէր, որպէսզի աւելին տար։ Շատ հաւանաբար ունէր (ընդհանուր գործին մշակումը փաստ է ատոր), սակայն, նոյն մոլուցքը պատճառ դարձած է, որ նուազագոյնով գոհանայ։

Դաշնակցական որոշ գործիչներ եւ դէմքեր, ինչպէս՝ Կոմս, Հ. Կոսոյեան, Տիգրան Բաղդասարեան, Եփրեմ Սարգսեան, Տ. Բրուտեան եւ ուրիշներ ունին կարճ ակնարկներ, առաւելաբար դաշնակցական մամուլին վերաբերեալ։ Անոնց ակնարկները պիտի մէջբերուին անհրաժեշտ պարագային։

Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլին ամբողջական հաւաքածոները գոյութիւն չունին։ Միակ հաստատութիւնը, որ այդ օրերուն եւ անկէ ետք հետամուտ եղած է զանոնք մէկտեղելու, Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւնն է։ Նաեւ անոնք կը պակսին Հ. Յ. Դ. արխիւին մէջ։ Որոշ թիւեր եւ տարիներ կը գտնուին Երեւանի եւ Թիֆլիսի գրադարաններուն մէջ։

Ինչո՞ւ այս անմխիթար երեւոյթը։ Նախ հրատարակիչները, սովորաբար երիտասարդներ, խոհեմութիւնը չեն ունեցած օրինակներ ուղարկելու այդ օրերու մեր կեդրոնական գրադարաններուն Վիեննա, Վենետիկ, Երուսաղէմ եւ Էջմիածին։ Երկրորդ՝ իրենց համար պահած հաւաքածոները մեծ մասամբ անհետացան 1915-ի Եղեռնին պատճառով։ Տպագիր եւ քանի մը տարուան կեանք ունեցող որոշ թերթերէ թիւեր եւ տարեկան ոչ-ամբողջական հաւաքածոներ կան, սակայն, ձեռագիր, խմորատիպ, սոսնձատիպ եւ վիմատիպ հրատարակութիւններէ հատուկենտ օրինակներ փրկուած են (նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այն պարագան, որ այդ հրատարակութիւնները շատ ցած տպաքանակ ունեցած են, 25-100 օրինակ)։

Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. մամուլին ուսումնասիրութիւնը ահաւասիկ կը բախի որոշ դժուարութեանց։ Հակառակ ատոնց, պիտի փորձենք այդ մամուլին մէկ աղօտ պատկերը կազմել։

Մեր ձեռքին տակ եղած աղբիւրներն են.

1. Հայ մամուլի մատենագիտութեան վերաբերեալ ընդհանուր գործեր.

2. Հ. Յ. Դ. պատմութեան նուիրուած ընդհանուր գործեր.

3. Վասպուրականի Հ. Յ. Դ. եան պատմութեան նուիրուած գրութիւններ.

4. Հ. Յ. Դ. մամուլի ցուցակներ.

5. Վասպուրականի դէմքերու նուիրուած յուշերու կամ կենսագրութեանց   մէջ ակնարկներ.

6. Անհատական յուշագրութիւններու, ինչպէս՝ Կոմս, Համբարձում Երամեան եւ այլն, ակնարկներ, անդրադարձներ։

Վերլուծականէն աւելի բանասիրական եւ մատենագիտական բնոյթ պիտի ունենայ մեր գործը։ Ձեռքի տակ չունինք թերթերուն հաւաքածոները։ Մեր մէկտեղած տեղեկութիւնները որոշ լոյս պիտի սփռեն թերթերուն անուններուն, տեւողութեան, խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն, երբեմն ալ անոնց ընդգրկած նիւթերուն վրայ։

Ջանացած ենք կրճատուած անձնանուններուն ճշգրիտ անունները գտնել եւ այդպէս նշել։ Մեր մէջբերումներուն մէջ մեր կողմէ ամբողջացուցած ենք կրճատուած անունները, անկիւնաւոր փակագիծերով. օրինակ՝ Բ[արունակ], Հ[այկակ] եւ այլն։

Յարմար դատած ենք նշել, թէ տուեալ թերթէն թիւեր կամ հաւաքածոներ ո՞ւր կան ներկայիս։



[1]            Այս գրքոյկը հեղինակի անուն չի կրեր։ Սակայն, գրքոյկին թարգմանութիւնը հայերէնով լոյս տեսած է Հայրենիք ամսագրին մէջ . տարի, թիւ 9 (Յուլիս, 1932), էջ 7890, եւ թիւ 10 (Օգոստոս, 1932), էջ 123-140] Ա. Ալպօյաճեանի ստորագրութեամբ։ Մեր նշումները կը մէջբերենք Ա. Ալպօյաճեանի Հայրենիք ամսագրին մէջ թարգմանած գրքոյկէն։

[2]            Բ. հատոր (Աղեքսանդրիա, 1929), էջ 123-124։

[3]            Հատոր Ա. (Պոսթոն, 1966), էջ 618-625։

[4]            Այդ մոլուցքին դրդապատճառը, կ՚ենթադրենք, որ ըլլայ այն ահաբեկումի փորձը, որուն թիրախ դարձած են Տէր Մկրտիչեան եւ իր եղբայրը (1912-ին)։ Ինք այդ փորձը կը վերագրէ դաշնակցական տղոց։