Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԵՐԹԻՆ ԼԵԶՈՒՆ

Ընթերցողները պիտի նկատեն, որ թերթին լեզուին մէջ արեւելահայ տարրեր խառնուած են։ Ատիկա աւելի զգալի է Յորձանքի եւ Ծովակի գրութիւններուն մէջ։

Տանք օրինակներ. լինի, 40 տարուց աւելի, մամուլից, եւ այլն։

Ուրկէ՞ այս ազդեցութիւնը։ Փորձ-պատասխաններ կարելի է տալ. 1) Վասպուրականի մէջ գործող դաշնակցական ղեկավար դէմքերէն շատեր Կովկասէն են. օրինակ՝ Արամ Մանուկեան, Իշխան, Վազգէն, Զաւէն եւ ուրիշներ։ Ասոնց հետ առօրեայ շփումէ՞ն կու գայ։

2) Հետաքրքրուած են ընկերվարական եւ յեղափոխական գրականութեամբ։ Այդ գրականութիւնը առաւելաբար մշակուած է արեւելահայերէնով։ Կովկասէն եւ Ժընեւէն (Դրօշակ) ստացուած մամուլն ու գիրքերը հաւանաբար անզգալաբար ազդած են Վանի մտաւորականութեան վրայ։