Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԵԱՑՔ

Կիսամսեայ (խմորատիպ)։ Վան, 1907-1908։ Հայեացքականներու օրկան։ Խմբագիրներ՝ Դաւիթ Փափազեան եւ Գրիգոր Խլղաթեան։

Մեծ անորոշութիւն կը տիրէ այս թերթին մասին եւս։

Յուշապատում կը գրէ. «Վան, 1906, խմորատիպ։ Խմբ. ՝ Դ. Փափազեան, Գ. Խլղաթեան»։ [1]

Հայր Ռ. Կարապետեան կը գրէ. «Կիսամսեայ (խմոր. Վան, 1907-1908, թ. 1-29։ Չունինք»։ [2] Ուրկէ՞ գիտէ թէ նուազագոյնը 29 թիւ լոյս տեսած է։ Աղբիւրը չի նշեր։

Ամալիա Կիրակոսեան իր տեղեկութիւնները կը քաղէ հայր Կարապետեանէն։ Կը գրէ. «Կիսամսեայ։ Վան, 1907-1908։ (Խմորատիպ)։ Լոյս է տեսել 1-29 համար»։ [3]

Դաւիթ Փափազեան, որ թերթին խմբագիրներէն է, կը գրէ. «Վան, 1907, կիսամսեայ, խմորատիպ»։ [4]

Եր. Տէր Մկրտիչեան կը գրէ. «Կիսամսաթերթ, խմորատիպ, 1907 եւ 1908, Վան»: [5]

Հայեացք թերթը սկսաւ լոյս տեսնել իբրեւ հակազդեցութիւն Նոր սերունդ թերթին, ինչպէս առիթ ունեցանք անդրադառնալու։ Նոր սերունդը սկսաւ 1906 Նոյեմբերի կէսին։ Նոր սերնդական շարժման դիմագիծին ճշդումը տեղի ունեցաւ 1907-ի Յունուարին։ Հաւանաբար Յունուարին սկսած ըլլայ Հայեացքի լոյս ընծայումը։ Մեր ենթադրութիւնը այն է, որ Դաւոյի դաւաճանութեան նախօրէին, Նոր սերունդին հետ դադրած է նաեւ Հայեացքը։ Այդ պարագային, եթէ անխափան լոյս տեսած է, կրնայ ունենալ 26-27 թիւ։ Կամ այն է, որ լոյս տեսած է աւելի կանուխ, այսինքն՝ 1906-ի Դեկտեմբերին, եթէ 29 թիւ գոյութիւն ունի։

 

Հայեացքականներ եւ իրենց կեցուածքը

Մեր աղբիւրները շատ ժլատ են։ Կոմս կը գրէ. «Չափաւոր սերունդն ալ ունեցաւ իր թերթը՝ Հայեացք, որու շուրջ ժողովուած էին մեծ մասամբ համեստ կրթութեամբ՝ թաղական կամ ամերիկեան դպրոցներէն ելած երիտասարդներ։ Անոնց համար անյարիր եւ անհեթեթ էին Նոր սերունդի քարոզչութիւնը։ Զայրոյթով ծառացան այս նոր եւ «քայքայիչ» գաղափարներուն դէմ։ Իրենք կը պաշտպանէին հայ ցեղային, կրօնական եւ բարոյական աւանդութիւնները եւ դէմ էին ընկերվարական քարոզչութեան. այդ գաղափարները հող չունէին եւ անժամանակ էին մեր Երկրին մէջ, ուր ժողովուրդը զրկուած էր ամենատարրական ազատութիւններէն, ուր կ՚իշխէր բռնապետական քաղաքական վարչաձեւ մը։ Նախ՝ յեղափոխական պայքար, քաղաքական ազատութիւն, ապա ընկերային եւայլն։ Այս հակաշարժման գլուխ կանգնած էին Գրիգոր Խլղաթեանը, Մկրտիչ Մնոշեանը, Դաւիթ Փափազեանը, ալիւրցի Նազարէթը (Կարէն, Սուրէն), Մաղաքեան Արմենակը, [Յովհաննէս՞] Աշչեանը, Արսէն Հացագործեանը, Օննիկ Վարդանեանը եւ ուրիշներ»։ [6]

Խ. Թիւթիւնճեան ալ կ՚ակնարկէ անոնց, գրելով. «Նոր սերունդ խմորատիպին հակադրուեցաւ Հայեացք խմորատիպը, օրգանը Հայեացքականներ անունով ծանօթ շարժման մը, որ չափաւորական բնոյթ կը կրէր, ղեկավարութեամբ դաշնակցական տեղացի համեստ մտաւորական երիտասարդներու։ Այս հոսանքին վարիչներն էին Արմենակ Փոխարեան, Դաւիթ Փափազեան, Դաւիթ Ջաղացպանեան, Ղեւոնդ Մաղաքեան, Արմենակ Աճէմեան եւայլն, մեծ մասով ծխական դպրոցի ուսուցիչներ»։ [7]

Արմենակ Փոխարեան (Փոխանեան), որ շարժումին գլխաւոր դէմքերէն է, եւ Երամեան վարժարանի ուսուցիչներէն, հայեացքական շարժումին մասին կը գրէ. «Շատ չանցած՝ հրապարակ իջաւ նաեւ դաշնակցական երիտասարդութեան որոշ մէկ խմբակցութիւնը իր յատուկ օրգանով, որ Հայեացք կոչուեցաւ։ Հայեացքի գլխաւոր նպատակն էր ազատական ու յեղափոխական մտքերը խորացնել իր շրջապատին մէջ եւ մասամբ էլ չափ դնել Նոր սերունդի քանդող ու հակակրօն քարոզներուն։ Կազմուեցան, ուրեմն, երկու հոսանքներ՝

«Նոր սերնդական» եւ «Հայեացքական»՝ որոնցմով շերտաւորուեցան մեր յեղափոխական շարքերը։ Վերջինները, սակայն, որոնք հակառակորդ հոսանքէն մկրտուեցան «Սեւ-Հարիւրակային» խմբեր անունով, աւելի ուժեղ էին թուով եւ ազդեցութեամբ, մանաւանդ, որ իրենց կռնակն ունէին մարտական խմբեր ու հին զինուորներ։ Ասոնք սկսան յայտնապէս հալածել Նոր սերնդականները՝ գտնելով անտեղի ու անժամանակ հակակրօն պրոպագանտը եւ դասակարգային բռնազբօսիկ շերտաւորումն ու պայքարը հայ ժողովուրդին ներսը, որը կարիքը ունէր միակամ ու միաբեղուն ինքնապաշտպանութիւն պատրաստուելու հայութեան ընդհանուր թշնամու թուրք բռնակալութեան դէմ»։ [8]

Ա. Փոխարեան, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, չ՚անդրադառնար հիմնական դրդապատճառի մը, որ «մարտական խումբեր»ուն եւ «հին զինուորներ»ուն եւ ընդհանրապէս յեղափոխական ազգային գործիչներուն ընդվզումին եւ զօրաւոր հակազդեցութեան զսպանակը կը կազմէ։ Ատիկա, նոր սերնդականներու պարտականութեան եւ երախտագիտութեան, հաճոյքի սահմանումէն կու գայ։ Անոնք կը դաւանին. «Ինչ որ զգացումից կը բղխի, դա կը դադրի պարտականութիւն եւ երախտագիտութիւն լինելէ։ [... ] Իսկ մեր սրտցաւ գործիչները (!), որոնք մինչեւ այն ատեն բռնի երախտագիտութիւն կը պահանջէին, տեսնելով որ այլեւս իրենց հայրենասիրական, ազգասիրական ճառեր իրենց հաճոյքին պիտի վերագըրուին, նոյնիսկ եթէ նահատակուին ազգի համար, էլի հաճոյքից դրդուած են պիտի ըսեն, սկսան սոսկալի վայնասուն մը բարձրացնել, քանի որ իրենց շահերը կը վտանգուէին»։ [9]



[1]            Էջ 575։

[2]            Լիակատար ցուցակ..., էջ 41։

[3]            Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967). [կրճատ՝ Հ. Պ. Մ. Մ. ], Երեւան, 1971, էջ 2308։

[4]            «Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաթսունամեայ մամուլը», Յուսաբեր բացառիկ թիւ, 18 Դեկտեմբեր 1954, էջ 55։

[5]            Գանձեր Վասպուրականի, Ա. հատոր, էջ 622։

[6]            Իմ յուշերը, Ա., էջ 487։

[7]            Անմահներուն հետ, էջ 165-166։

[8]            «Հայրենիքիս մէջ», Հայրենիք ամսագիր, ԺԷ. տարի, թիւ 4 (Փետրուար 1939), էջ 114։

[9]            Բագարատ, նշ. աշխ., Ազդակ շաբաթաթերթ, Ա. տարի, թ. 30 (11/24 Յուլիս, 1909), էջ 474։