Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՐՁԱՆՔ

Հասարակական, գրական եւ քաղաքական (կիսամսեայ)։ Վան, 1909 [Յունուար] 1910, 28 էջ (26 x 21 սմ)։ (Ձեռագիր-խմորատիպ)։

Այսպէս կը գրէ Ա. Կիրակոսեան, [1] առնելով իր տեղեկութիւնները Երեւանի մէջ գտնուող հաւաքածոներէն։

Յուշապատում չի նշեր զայն։

Դ. Փափազեան իր կազմած ցանկին մէջ կը նշէ, գրելով. «Կիսամսեայ, խմորատիպ, 1910»։ [2] Փափազեան ունի թուականի սխալ։

Հայր Կարապետեան կը նշէ. «Կիսամսաթերթ, Վան, 1909-1910։ Ա. տարի, 1, 3, 20-24. Բ. տարի, թ. 1(25)-3(27)։ Ուրիշ չունինք»։ [3]

Ե. Տէր Մկրտիչեան։ Խմորատիպ, 1909 եւ 1910։ Վան։ Վանեցիները տառափոխելով այս թերթին անունը, զայն կը կոչէին Փորձանք։ [4]

Թերթը սկսած է լոյս տեսնել Յունուարին [Հայր Կարապետեանի նշումը . տարի, 1-24 թիւ, այդ ցոյց կու տայ)]։ Ե՞րբ եւ որո՞նց կողմէ։ Մեր ենթադրութիւնը այն է, որ պէտք է ըլլայ Յունուարի երկրորդ շաբթուան վերջը, երբ Աղթամարի դպրոցի ուսուցչութենէն հրաժարած, նոր սերնդական Բ. Կապուտիկեանն ու Ա. Սաֆրաստեանը վերադարձած են Վան եւ իրենց նախկին գործակիցներուն հետ լոյս ընծայած՝ այս նոր խմորատիպը։

Յականէ անուանէ խմբագիրներ չեն նշուիր, սակայն, Նոր սերունդի շուրջ հաւաքուած խմբակն է, որ գործը կը ղեկավարէ։ Բագարատ ակնարկութիւն մը ունի առանց անուններու նշումի։

«Շուտով եւ Վանի մէջ կը սկսի հրատարակուիլ Յորձանք կիսամսաթերթը, որ կարծես Նոր սերունդի շարունակութիւնն է, սա տարբերութեամբ, որ վերջինի նշանակովի խմբագրութիւնն էր ամէն ինչ, մինչ Յորձանքինը ընտրովի էր եւ կը ղեկավարուէր որոշ գաղափարական շրջանակէ»։ [5]

 

Բովանդակութիւն

Յորձանքը սկսած է լոյս տեսնել Օսմ. Սահմանադրութենէն ետք, հետեւաբար արտայայտուած է նուազ կաշկանդումով։ Խմբագիրներն ու աշխատակիցները տարիքով աւելի մեծցած են, գաղափարաբանութեամբ թրծուած, իրենց տեսակէտները յստակութեամբ առլցուն եւ իրենց արտայայտութիւններուն մէջ տատանումներ եւ մթութիւններ չկան։

Թերթը կարեւոր յօդուածներ կը տպէ օրուան հրատապ (տեղական) հարցերուն։ Հանրութեան համար ամենէն դժուար մարսելին, երբ ընդհանուր նիւթերէ կ՚անցնինք մասնաւոր նիւթերու, ուր յականէ անուանէ՝ դէպքերու նշումին մէջ դերակատարներու անուններ (ապրող եւ գործող մարդիկ) կը տրուին։ Այդպիսի ընդվզում մը առաջացուցած էր Յակոբ Պարոնեան իր Ազգային ջոջերով։ Յորձանք իր առաջին երկու թիւերով ուղղակի կը յարձակի բարոյական հասկացողութիւններու վրայ եւ կը ջատագովէ Կալամքեար Օհանէսի եւ որբանոցի աղջկանց «անբարոյականութիւնը» (ըստ հակառակորդներու հասկացողութեան)։

Կիրքերը կը յուզուին։ Դասախօսութիւն մը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի կիրքերը աւելի բոցավառին եւ բախում առաջանայ։

Դաշնակցութիւնը կը կազմակերպէ դասախօսութիւն մը՝ «Տաճկահայոց ազգային սահմանադրութիւնը եւ ներքին կուլտուրական աւտոնոմիա»։ Դասախօս՝ Ա. Մաքսապետեան։ Դասախօսութեան հետեւող վիճաբանութեան ընթացքին, երկու նոր սերնդականներ փաստերով ապացուցանելու կ՚ելլեն, թէ կրօնը տգիտութեան արդիւնք է, վախի ծնունդ եւ ազատ թռիչքներու հալածիչ։ Ամբոխը կը կատղի եւ մահակներով զինուած՝ կը խուժէ ընթերցարան, ուր ապաստանած են նոր սերնդականները։ Ոստիկաններու միջամտութեամբ կարելի կ՚ըլլայ ցրուել գրգռուած ամբոխը։ [6]

Յորձանք ձեռնածալ չի նստիր։ Իր «Դարավերջիկ ինքվիզիցիա» խմբագրականով կը յարձակի ամբոխին եւ անոր ղեկավարներուն վրայ։ Ան կը գրէ.

«Ու երկնեց մարդ գազանը եւ միջնադարեան արգանդից դուրս քաշեց հաւատաքննութիւնը։ Բարբարոսական հալածանքների տակ նոր դարու սաւառնող ոգին է որ խարոյկներու կ՚ենթարկուի յանձին փոքրաթիւ սերունդի։ Կաթոլիկական մոլեռանդութեամբ բոցավառուած խուժանը «սպաննեցէք, կախեցէք, մորթեցէք» կը պոռայ սալաւաթ կանչելով։ Ու ծեծն ու հայհոյանքը, մտրակն ու բռունցքը, քարն ու դալեանագը կը տեղան «անհաւատների» գլխին։

«Յետոյ կ՚աւելցնէ սպառնագին.

«Եւ լաւ իմացէք որ այն սերունդը որ իր դիակները փռելով խորտակեց կլասիկ բռնութեան շղթաները, այդ սերունդների նորագոյնը պատրաստ է իր արեան ծովերով կործանել ձեր եկեղեցական բռնակալութիւնը։

«Թող բոցավառի խարոյկը. թող բուրէ ձեր որդիների ճենճերահոտը, թող բոցերի միջից լսուին աղիողորմ ճիչերը այրուող սերունդին. նա չէ որ պիտի նահանջի, ճշմարտութիւնը չէ որ պիտի անհետի. բոցերի միջից էլ աւելի բարձր պիտի հնչէ ճշմարտութիւնը։

«Խօսելով խառն ժողովի որոշման վրայ, կը գոչէ. «Եւ միանգամ էլ մտքի դահիճները դրին իրենց անագորոյն թաթը խօսողների բերնին, ասելով, որ «տե՛ս, այնտեղ ժողովուրդ, խուժան կայ, անոր պիտի լսել, նա այնպէս կը պահանջէ»։ [7]

Կիրքերը չեն մեղմանար։ Նոր սերնդականներէն քանի մը հոգի կը բանտարկուին։ Այս կիրքերու հրահարումին մէջ մեծ դեր ունին Վանի դաշնակցականներու հակառակորդները՝ արմենականները։

Նոր սերնդական գաղափարներուն տարածումը անժամանակ գտնողներուն, Յորձանք կը պատասխանէ, օրհնեալ ժամանակի երբ գալը հարցնելէն ետք. «Հրաշքների դարը բարեբաղդաբար շատ վաղուց անցել է եւ մենք հրաշքի չենք սպասեր ժամանակ փոխելու համար. ժամանակ ինք չի փոխուիր բնաւ»։ [8]

Սահմանադրութենէն ետք դպրոցները խաղաղ աշխատանք չունեցան։ Իր նախորդը՝ Նոր սերունդը որ աշակերտութիւնը ոտքի հանած էր դպրոցներու բարեկարգութեան հեռանկարով, հիմա ինք՝ Յորձանք աւելի կշռադատուած յորդոր կու տայ։ Ութերորդ թիւին մէջ կը գրէ.

«Մենք երբեք չենք ցանկար որ ուսանող աշակերտութիւնը ամէն օր շարունակ կռուէր ու բողոքէր դպրոցի եւ ուսուցիչների դէմ, որովհետեւ այդ կը վնասէ նրանց խաղաղ եւ լուրջ աշխատանքին. սակայն եւ կ՚ասենք որ անոնք ստիպուած են այդ ամէնը անելու, չեն կարող չանել, երբ ուրիշ ոչ մէկը կայ ատոնց մասին մտածող»։ [9]

Թերթը «ի՞նչ կ՚ասենք մենք» յօդուածաշարքի մը մէջ (4-5 յօդուած) մանրամասն կը բացատրէ բարոյականութիւնը եւ սեռային հաւասարութիւնը։

Մեկնելով «նա միայն ծառայում է ճշմարտութեան, ո՛վ ատելի է ամբոխին» նշանաբանէն, ան կը պնդէ, որ պէտք չէ ժամանակին նայիլ։

«Միտք երբ առիւծ դառնալ է ուզում, էլ չի մտածում թէ ի՞նչ կը խորհին ոչխար լսողները», ու կը հասնի այն եզրակացութեան թէ

«Յառաջդիմութիւն այն ատեն կը լինի, երբ կը վերցուի լեզուի վրայից ամէն կապանք, երբ կը ջախջախուին այն բիրտ ձեռքերը, որոնք կը փորձեն թոյլ չտալ խօսելու ու գրելու։ Թո՛ղ խօսէ ո՛վ ինչ կ՚ուզէ. թո՛ղ գրէ ո՛վ ինչ կը ցանկայ, թո՛ղ ապրէ ով ինչպէս կը կամենայ, մենք դէմ ենք ամբողջ հոգւով ամէն մի բռնութեան որ անհատի ազատութիւնը կը բռնաբարէ»։ [10]

Կ՚անցնի կնոջ վիճակը ներկայացնելու։ Իրաւազուրկ կը գտնէ զայն, տկար կրթութեամբ, տան անկիւնը գամուած, սպասելով պատահական թեկնածու-ամուսինի մը։

Կնոջ, ամուսնութեան եւ կրօնի վերաբերեալ յօդուածէ մը մաս մը արտատպած է Նիւ Եորքի Կոչնակը, զոր ամբողջութեամբ մէջբերած է Ե. Տէր Մկրտիչեան։

«Երբ Վանի աղջիկներ իրենց կամքի ազատ թելադրութեամբ կը շարժին, կը լինին անբարոյական, պոռնիկ ձեզ համար, իսկ մեզ համար հերոսուհիներ։ Ներկայ օրէնքների գծած սահմաններէն դուրս... Մենք անհատական բացարձակ ազատութեան պաշտպանն ենք, այնպիսի ազատութեան որ ուրիշի՝ իր նմանի ազատութիւնը չի խանգարեր։ Աղջիկներ ձեր բառով կարող են անբարոյական լինել, եւ մենք դրա պաշտպանն ենք արդէն, որովհետեւ այդ՝ ներկայ եկեղեցական միմոս ծիսակատարութիւնից, զզուելի ամուսնական կապից դուրս անհատական ազատութեան նախաքայլն է։ Իսկ եթէ աղջիկները այդ քայլով աւելի կը դժբախտանան, քաղցած կը մնան եւ կը ստիպուին մուրալու, ատոր պատճառը դուք էք դարձեալ եւ ոչ անբարոյականութիւնը...

«Ամուսնութիւնը եկեղեցւոյ միմոսական օրէնքն է։ Ամէն երիտասարդ կամ աղջիկ ազատ է իր ուզածն ընտրելու եւ սէրը պաղելէն վերջ զայն ձգելու եւ ուրիշ մը առնելու։ Ընտանիք կազմել յիմարութիւն է։ Ծնողքը իրենց հաճոյքին համար զաւակներ յառաջ բերած են, եւ անոնք իրաւունք չունին իրենց զաւակներէն հնազանդութիւն պահանջելու։ Կրօնքը մտքի ցնորք է եւ բռնապետական կառավարութիւն։ Կրօնականները տեսակ մը սուտակասպաս (կեղծաւոր) քուրմեր են, եւ կրօնքի հետեւորդներ անխտիր յետադիմական»։ [11]

Յորձանք կը շօշափէ անբարոյականութեան եւ բարոյականութեան հարցերը։ Կու տայ իր սահմանումները։ Ցոյց կու տայ, որ սեռային յարաբերութիւնները անբարոյականութիւն չեն, որովհետեւ այդ արդիւնք է բնական-ֆիզիքական պահանջին։ Բնութեան դէմ երթալն է անբարոյականութիւնը։

Բարոյականութիւն ըսելով Յորձանք կ՚ընդունի «մարդկային խիղճը հոգեկան աշխարհը, առանց նիւթական նկատումի». իսկ «երբ մէկը կորսնցուցած է իր մաքուր բանականութիւնը, ոտնատակ կ՚անէ խիղճն ու զգացումները եւ կեանքի մէջ կը տարուի միայն նիւթական հարստութիւն ձեռք ձգելէն, կամ քաղաքական փառքի հասնելէն, դա է անբարոյականութիւնը. անբարոյական են ուրեմն բուր- ժուան եւ կղերը, անբարոյական է այն երիտասարդը որ կեղտոտ համոզումներով եւ խաբելով կը մօտենայ աղջկան. անբարոյական է եւ նա որ կ՚ամուսնանայ դրամական նկատումներով»։ [12]

Յօդուածագիրը ապա կ՚անցնի անհատական ազատութեան հարցին։

Ազատութիւնը այն է, «երբ անհատ բացարձակ տէր է իր կամքին եւ կը վարուի ու կը կապուի այնպէս ինչպէս ինք կը ցանկանայ, ազատ ամէն կաշկանդումից, ամէն ճնշումից (առանց ի հարկէ ուրիշներու իրաւունքներին միջամտելու)։ Իսկական ազատութիւնը՝ մենք կը հասկնանք անհատի կամքի բացարձակ անբռնաբարելիութիւնը»։ [13]

Քսաներորդ դարու այս յառաջդիմական, քաղաքակրթուած երկիրներու մէջ մեծ մասամբ այսօր իրագործուած գաղափարները անմարսելի էին Վասպուրականի հայ ժողովուրդին համար։ Հետեւաբար, ընդվզումը եւ գործնական ընդդիմութիւնը, խուժանին փողոց իջնելը բնական երեւոյթներ։ Ժամանակ եւ մտայնութեան փոփոխութիւն պէտք էին զանոնք ընդունելու եւ իրագործելու համար։

Յորձանք ունի նաեւ այլ նիւթեր։ Իր հինգերորդ թիւին մէջ կը շօշափէ յեղափոխական-քաղաքական կուսակցութեանց անհրաժեշտութիւնը։ Ան կը գրէ.

«Կուսակցութիւնները արհեստականօրէն չեն բուսնիր, այլ ծնունդ ու սնունդ կ՚առնեն կեանքէն, եռող եւ առաջդիմող կեանքէն։ Անոնք հասարակական պահանջների զօրեղ արտայայտիչն են։ Ու որքան շատ եւ բազմազան լինին կեանքի պահանջները, այնքան ուժեղ ու այլազան կը լինին կուսակցութիւնները, որոնք մէկ ճամբայով երթալու եւ մէկ նպատակի հասնելու ձգտումը ցոյց չեն տար, այլ իրական արտացոլումն կը լինին կեանքի զանազանաւորման այս կամ այն շերտին»։ [14]

 

Շարունակութեան մէջ դէմ կը կանգնի չէզոքութեան։

«Ազատ քաղաքացիները իրենց ազատ քաղաքացիութիւնը ազատ չեզոքութեան մէջ չէ որ պիտի փնտռեն։ Չխառնուիլ ո՛չ մի հասարակական, քաղաքական, եւ քաղաքացիական գործի, դա ստրկութեան յատկանիշ է... Չեզոքութիւնը դաւաճանութիւն է հանդէպ քաղաքական-քաղաքացիական գործին... Չեզոքը ատելի է, որովհետեւ նա անորոշ է, գորշ է, անգոյն է։ Գերադասելի է մեզ համար յետադէմը, խուլիգանը, քան մի չեզոք մարդ»։ [15]

 

Հաւաքածոներ

Ըստ երեւոյթին, լոյս տեսած ըլլալու է 27 թիւ։ Ա. տարին, 1-24 թիւ, իսկ Բ. տարին, թ. 1-3 (25-27)։ Պակասաւոր հաւաքածոներ ունին ՍՄԿԿ Կեդրոնական Կոմիտէին մարքսիզմ-լենինիզմի ինստիտուտի հայկական մասնաճիւղի գրադարանը (ՄԼԻՀ), Հայաստանի պետական պատմական թանգարանի գրադարանը (ՀՊԹ) եւ որոշ թիւեր՝ Վիեննայի Մխիթարեաններու գրադարանը։

Պոլսոյ Ազդակ շաբաթաթերթը ամբողջական յօդուած մը («Եզիտիները» խորագիրով) արտատպած է Յորձանքէն։ [16]



[1]            Հ. Պ. Մ. Մ., թ. 2454։

[2]            Նշ. աշխ., էջ 55։

[3]            Լիակատար ցուցակ..., էջ 55։

[4]            Գանձեր..., էջ 623։

[5]            Ազդակ շաբ., Ա. տարի, թ. 32 (25/7 Օգ., 1909), էջ 504-505։

[6]            Նոյն, էջ 505։

[7]            Անդ։

[8]            Անդ։

[9]            Անդ։

[10]          Անդ։

[11]          Կոչնակ, 1909, էջ 1224։ Գանձեր..., էջ 623։

[12]          Ազդակ շաբ., Ա. տարի, թ. 32, էջ 506։

[13]          Անդ։

[14]          Ազդակ շաբ., Ա. տարի, թ. 24 (30/12 Յունիս, 1909), էջ 383։

[15]          Անդ։

[16]          Ա. տարի, թ. 25 (6/19 Յունիս, 1909), էջ 396-397։