Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՂԵՌՆԸ ԵՒ ՍՈՖԻԱՅԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԹԵՐԹԸ [1]

2 Օգոստոս 1914-ին կը բռնկէր Ա. Աշխարհամարտը։ Նոյն տարուան Նոյեմբերին Օսմանեան կայսրութիւնը նաեւ կը մասնակցէր պատերազմին՝ իբրեւ դաշնակից Գերմանիոյ։ Պատերազմական վիճակի պատրուակին տակ ծայրայեղ բռնութիւններ եւ կեղեքումներ կը գործուէին, առաւելաբար հայ ազգաբնակչութեան վրայ։ Հայկական կոտորածներու նախօրեակին էինք։

Ապրիլ 11 (24), 1915, Շաբաթ օր, Պոլսոյ մէջ կը ձերբակալուէին 270 մտաւորական եւ ազգային դէմքեր։ Ուրիշներ ալ պիտի ձերբակալուէին յաջորդ օրերու ընթացքին։ Մեր թերթերուն մեծ մասը պիտի դադրէին պետական արգելքի կամ այդ թերթերուն տէրերուն, խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն ձերբակալման եւ աքսորման հետեւանքով։ Մեր գաւառի ամբողջ մամուլը պիտի գերեզմանուէր։ Պոլսոյ հրապարակին վրայ պիտի մնային կամ շարունակէին գոյատեւել Բիւզանդիոնը, Ժամանակը, Վերջին լուրըն ու Ճերիտէի շարգիէն։ Պոլսոյ զինուորական իշխանութիւնը բացառիկ խստութիւններու դիմած էր, որպէսզի փշուր մը տեղեկութիւն չհասնի արտասահման։ Հետեւաբար, արտասահմանի մեր մամուլը Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ գաւառներու եւ Պոլսոյ հայութեան մղձաւանջին մասին չէր կրնար ուղղակի եւ յստակ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել եւ լոյս ընծայել։

Դադրած էր նաեւ Պոլսոյ Ազատամարտը։ Խմբագրատունը խուզարկուած էր, գանձարկղին մէջի դրամը իւրացուած եւ խմբագրական կազմին անդամներէն շատեր՝ կալանաւորուած։ Հ. Յ. Դ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներն ալ տարագրուած էին։ Քանի մը հոգի, որոնցմէ Շաւարշ Միսաքեան (որ կրցած էր օձիքը ձեռք չտալ), կը լծուին զանազան աշխատանքներու, - ստուգումներ կատարել, ճշդել ձերբակալուածն ու ազատ մնացածը, վերահաստատել ներքին (հայաբնակ գաւառներու) եւ արտաքին՝ առաւելաբար Պուլկարիա եւ Կովկաս կապերը։ Այս գործին մէջ հիմնական դեր կը կատարէ Շ. Միսաքեանը։

Գաղտնի մարմինը հետզհետէ կապեր կը հաստատէ Այաշի, Չանկըրիի, Գոնիայի, Հալէպի, Կարինի, Սեբաստիոյ եւ գաւառի այլ քաղաքներուն հետ եւ կը ստանայ սահմռկեցուցիչ լուրեր։ Ասոնց արտասահման ուղարկումը դժուարութեանց կը բախէր։ Նամակները նամակատուն պէտք է յանձնուէին ո՛չ միայն բաց, այլեւ՝ միայն մէկ թուղթի վրայ (2 էջ), առաջին էջին վրայ գրութիւնը, երկրորդին՝ հասցէն։ Սակայն, գաղտնի մարմինը միջոցը կը գտնէ ո՛չ միայն նամակ, այլեւ թղթակցութիւններ եւ տեղեկագիրներ հասցնելու Սոֆիա։ Այդ միջոցներն են՝ ծածկագիր նամակ, բառօլա, ճամբորդներու հետ փոխանցումներ, եւլն...

Վարագ եւ Ռազմիկ ծածկանուններով՝ Շ. Միսաքեան թղթակցութիւններ կ՚ուղարկէ Հ. Յ. Դ. Պալքանի Կեդրոնական Կոմիտէին, որ իր կարգին զանոնք լոյս կ՚ընծայէ իր պաշտօնաթերթին՝ Հայաստան կիսաշաբաթաթերթին մէջ։

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԻՍԱՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ։ Կիսաշաբաթաթերթ։ Ազգային, գրական-քաղաքական։ Պաշտօնաթերթ Հ. Յ. Դ. Պալքանի Կեդրոնական Կոմիտէի։ Սոֆիա, 10 Մարտ - 26 Սեպտեմբեր 1915։ 4 էջ (երբեմն՝ 2), 58 x 41 սմ. ։ Տպարան՝ Բ. Կլուշքով։ Արտօնատէր՝ Ղուկաս Մինասեան, պատասխանատու տնօրէն՝ Կրիկօր Վասիլէֆ։ Թիւ 8-էն սկսեալ (Ապրիլ 11/14) իբրեւ հիմնադիր կը նշուի Տիմիտրի Լիսապով - Գուրինը (Կուրին)։

Սկիզբը խմբագրած է Արզումանը, ապա՝ Լիպարիտ Նազարեանցը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ վարիչ։

Լոյս տեսած է ընդամէնը 57 թիւ։

Ամբողջական հաւաքածոն կը գտնուի Պէյրութի Հայկազեան քոլէճի հայկական գրադարանին մէջ, իսկ պակասաւոր հաւաքածոյ մը կայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի գրադարանին մէջ։

Գործածուած ծածկանուններէն ոմանք Ռ. Լ. կամ Ռ. Լեւոնեան

= Լիպարիտ Նազարեանց։ Ար - Ման կամ Արզուման = Տիգրան Խաչիկեան։ Յովհաննէս Տէվէճեան։ Վիգէն = Զապէլ Եսայեան։

Պոլսոյ գաղտնի մարմինի եւ Սոֆիայի Հայաստան թերթին մասին իբրեւ աղբիւր ունինք. 1) Շ. Միսաքեան Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը, մատենաշար Ազդակի, թիւ 80, (Պէյրութ, 1957), 96 էջ։ Ռ. Լեռնեան, «Մեծ աղէտի օրերուն», Հայրենիք ամսագիր, Զ. տարի, թիւ 2 (Դեկտեմբեր 1927), էջ 130-138, թիւ 5 (Մարտ 1928), էջ 114122, թիւ 8 (Յունիս 1928), էջ 105-114։

 

ՉԱՐԱԳՈՒՇԱԿ ԼՈՒՐԵՐ

Սոֆիան տակաւին լուր չունէր մեր մտաւորականութեան ձերբակալումէն։ Ապրիլ 13-ին, Պոլսէն Պուքրէշի ճամբով Սոֆիա հասած եւ պուլկար թերթերու մէջ հրատարակուած հեռագրալուր մը կ՚ըսէ. «Թուրք կառավարութիւնը, հայկական դաւադրութիւն մը երեւան հանած լինելով, զանգուածային ձերբակալութիւններ կատարած է մայրաքաղաքի հայ շրջանակներու մէջ», Հայրենիք, 1927, էջ 133)։

Անհաւատալի, բայց իրաւ։ Դաւադրութիւն գոյութիւն չունէր, սակայն, Օսմանեան կայսրութիւնը գաղտնօրէն սկսած էր ի գործ դնել իր հայաջինջ քաղաքականութիւնը եւ, իբր պատրուակ՝ յառաջ կը քշէր մտացածին դաւադրութեան մը պարագան։ Սոֆիայի Վերին Մարմինը սկիզբը կասկածանքով կը մօտենայ հեռագիրին բովանդակութեան, սակայն երբ կը ստանայ Շ. Միսաքեանի նամակը (Ապրիլ 18-ին), ամէն բան կը յստականայ։

«Ապրիլ 11-ի առտուընէ Պոլսի ամբողջ ոստիկանութիւնը շարժման մէջ դրուած էր։ Սկսան հատ-հատ ձերբակալումներ նախապէս պատրաստուած ցանկով։ Գիշերը տեղի ունեցաւ բուն դաւը, տեւելով մինչեւ առաւօտ։

«Դաշնակցականներէ զատ ձերբակալուած են հայկական բոլոր կուսակցութիւններու, հիմնարկութիւններու եւ միութիւններու աչքի ինկող անդամները. մէկ խօսքով, բոլոր անոնք, որ կարող էին որեւէ դեր խաղալ հանրային գործերու մէջ» (անդ)։

Ժամանակի ընթացքին կը դադրին ներքին թղթակցութիւնները։ Բաբերդէն կին մը կը հասնի Պոլիս, իբրեւ կրօնափոխ եւ Զաւէն Պատրիարքին կը յանձնէ տեղահանութեան առաջին նկարագրութիւնը։ Շ. Միսաքեան կը գրէ. «Չեմ գիտեր ինչպէս կրցայ դասաւորել   եւ արտասահման հաղորդել, բայց կը յիշեմ որ երեք օր չկրցի ո՛չ խօսիլ, ոչ ալ ճաշել» («Տերեւներ... », էջ 11)։

Պոլսէն ստացուած լուրերը գաղտնապահութեան ներած չափով կը հրատարակուէին Հայաստանի մէջ եւ գաղտնի ճամբաներով կ՚ուղարկուէին Կովկաս, որովհետեւ Հայաստան թերթի մուտքը արգիլուած էր Կովկաս՝ ցարական կառավարութեան կողմէ։

Սոֆիայի մէջ, Հ. Յ. Դ. մարմինը միաժամանակ կապ կը պահէր Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն հետ եւ իր ձեռքին տակ ունեցած նիւթերը կը փոխանցէր անոնց։ Շուտով, վերոյիշեալ պետութիւնները միացեալ յայտարարութիւն մը կ՚ընէին՝ թրքական կառավարութիւնը ամբաստանելով իբրեւ կոտորած սարքող, եւ կը զգուշացնէին Բ. Դուռը, թէ գործուած ոճիրներուն համար պատասխանատու կը նկատէին օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները։

Թուրք կառավարութիւնը կը մերժէր կոտորածի գոյութիւնը։ Կ՚ընդունէր, թէ Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ գործակալներուն կողմէ գրգռուած՝ տեղի ունեցած են անկարգութիւններ եւ ըմբոստութիւններ։ Թուրք կառավարութիւնը իրեն կը վերապահէ իրաւունքը այդ ապստամբութիւնները զսպելու (անդ, էջ 137)։

Այդ օրերուն, Պոլսոյ եւ Սոֆիայի մարմիններուն գործակցութեամբ Պոլիս կը ժամանէր Հայ-Գերմանական Ընկերակցութեան հիմնադիր անդամներէն տոքթ. Եոհաննէս Լեփսիուս, որ Պոլսոյ մարմինէն ֆրանսերէն տեղեկագիրներ առնելով, իր կարգին բազմաթիւ փաստաթուղթեր հաւաքելով՝ լոյս պիտի ընծայէր հայոց ջարդերու վերաբերեալ իր համբաւաւոր գործը։

Տեղահանութեան եւ աքսորի սարսափի մթնոլորտ կը տիրէր նաեւ Պոլսոյ մէջ։ Հայաստան թերթի Օգոստոս 12-ի թիւին մէջ կայ Շ. Միսաքեանի «Մեծ ճգնաժամը» թղթակցութիւն-յօդուածը, ուր կը կարդանք.

«Դեռ չյագեցաւ ճիւաղը։

«Ամբողջ Հայաստանը, բովանդակ Կիլիկիան, այլեւ փոքր Ասիան եւ Բիւթանիան ոչնչացնելէ յետոյ, Թուրքիոյ հայութեան արեւը վերջապէս մարելու համար, ահա եաթաղանը Պոլսոյ գլխուն։

«Ո՛չ, շառաւիղ պէտք չէ՛ մնայ այս ժողովուրդէն։ Եւ ահա հինգ հազար երիտասարդ կալանաւոր քանի մը օրուան ընթացքին, դիւային   խուճապով մը, որ ահ ու սարսափ կը ցանէ ճամբուն վրայ» («Տերեւներ... », էջ 14-15)։

Այս թուականէն առաջ, Օգոստոս 1-ին, Միսաքեան Սոֆիա կը հաղորդէր սարսափելի լուր մը։ Մինչեւ այդ թուականը 835, 600 էր կոտորուած, անհետացած, իսլամացած ու աքսորուած հայերու թիւը։ Ու կ՚եզրակացնէր. «Սեւ խաչ մը անգամ չունի այդ սեւաբախտ ժողովուրդը՝ նշանակելու համար իր թաղման վայրը (Հայրենիք, ամսագիր, էջ 111)։

Այս սահմռկեցուցիչ լուրին վրայ, զանազան հոսանքներու նախաձեռնութեամբ, Սոֆիայի մէջ կը կազմուի յանձնախումբ մը, որ կ՚որոշէ.

«ա. Օգոստոս 4-ին փակել տալ բոլոր խանութները՝ ի նշան ընդհանուր սուգի։

«բ. Նոյն օրը կատարել հոգեհանգիստ եւ կազմակերպել սգահանդէս։

«գ. ... Քուէարկել բողոքի բանաձեւեր եւ յանձնել կառավարութեան ու օտար պետութեանց ներկայացուցիչներուն, խնդրելով շուտ ընդ փոյթ ազդու քայլեր առնել Բ. Դրան մօտ՝ վերջ դնելու համար հայկական սարսափներուն»։ (Հայրենիք, էջ 112)։

Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ հայաբնակ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեհանգիստներ եւ բողոքի միթինկներ։ Այս առիթով, Հայաստան թերթը լոյս տեսաւ սեւ շրջանակով եւ հետեւեալ վերնագիրը կրող Լիպարիտ Նազարեանցի խմբագրականով՝ «Պատմութեան եւ ոչ թէ մարդկութեան համար»։ Խարանելով թուրք կառավարութիւնը՝ ի տես հայկական կոտորածներուն, Նազարեանց կ՚եզրակացնէր.

«Ու հոգ չէ, եթէ աշխարհի մէջ չգտնուի պարկեշտ արձանագրող մը, հայ ժողովուրդի կենդանի փշրանքները իրենք կը դառնան յաւիտենական յուշարձաններ, այնպէս որ ապագան երբեք չի կրնար մոռնալ Մեծ Եղեռնը»։ (Կ. Գէորգեան, էջ 184)։

1915 Օգոստոս 4-ի այս «Սուգի Օր»ուան տօնակատարութիւնը առաջին սգահանդէսն է, մեր օրերու բառերով՝ ոգեկոչման հանդիսութիւնը։

Պուլկարիա, 1915-ի Սեպտեմբերի վերջը, հրաժարելով իր չէզոքութենէն՝ պատերազմի կը մտնէր Գերմանիոյ կողքին։ Սեպտեմբեր 1914 - Սեպտեմբեր 1915 իր չէզոք քաղաքականութեան շնորհիւ՝ իբրեւ   ապաստան կը ծառայէր Պոլսէն փախուստ տուած մեր մտաւորականութեան, առիթ կու տար Պալքանեան Կեդրոնական Կոմիտէին, որ լոյս ընծայէ Հայաստան երկշաբաթաթերթը, ուր հրատարակուած Շ. Միսաքեանի թղթակցութիւնները եկան թափիլ իբրեւ արցունք՝ մեր բիւրաւոր նահատակներու անմեռ յիշատակին համար։



[1]            Այս յօդուածը լոյս տեսած է Ազդակ օրաթերթի 26 Ապրիլ 1986-ի համարին մէջ։