Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏ [1]

Հ. Մ. Ը. Մ. ի հիմնումէն (1918) ճիշդ տարի մը ետք՝ 1919 Հոկտեմբեր  25-ին կը սկսէր լոյս տեսնել Միութեան Հայ սկաուտ պաշտօնաթերթը։ Հ. Մ. Ը. Մ. ի հիմնումին եւ գործունէութեան նուիրուած գործերուն մէջ, ըլլան անոնք յուշեր թէ յուշամատեաններ, ըլլան ակնարկներ եւ մէջբերումներ այս հանդէսէն, սակայն, գրեթէ ոչինչ կ՚ըսեն այս ձեռնարկին եւ անոր դերին մասին։ Հատուկենտ ակնարկներով կամ քանի մը տողերով կը գոհանան։ Մինչ, մենք կը կարծենք, որ այս հանդէսը, իր տեւողութեամբ (երկու տարի) աշխատակիցներու փաղանգով (շուրջ հարիւր տասը հոգի) շօշափած նիւթերով՝ մասնաւոր յիշատակութեան եւ ուսումնասիրութեան արժանի ձեռնարկ մըն է։ Այս բոլորին կողքին, երբ նկատի ունենանք, որ Հ. Մ. Ը. Մ. ի հիմնումէն մինչեւ 1922 թուականը գրեթէ անյայտ է Միութեան վաւերագիրներուն ճակատագիրը, Հայ սկաուտը իր որոշ նիւթերով մասամբ կ՚ամբողջացնէ այդ բացը։

 

ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Հ. Մ. Ը. Մ. իր հիմնումի օրէն իսկ կը լծուէր լայնածիր գործունէութեան մը՝ մարզական, մարմնակրթական, սկաուտական, որբերու բարոյա-դաստիարակչական, մասնաճիւղերու հիմնումի եւ Մայր Հայրենիքին օգնութեան գծով։ Հ. Մ. Ը. Մ. ի քսանամեակին առթիւ լոյս ընծայուած Յուշարձան հատորը, որ սեղմ տողեր կը նուիրէ Հայ սկաուտ թերթին, կը գրէ. «Կասկած չկայ, որ այսքան լայն ու ծրագրական (ծրագրային ըսել կ՚ուզէ) գործունէութիւն մը կը կարօտէր նաեւ մամուլի բաժնի մը, որ Միութենէն ներս ու դուրս ըլլար բարոյական կապն ու մղիչ ոյժը»։ (Փարիզ, 1939, էջ 101)։

ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏ, Հ. Մ. Ը. Մ. . թիւէն սկսեալ՝ օրկան Հ. Մ. Ը. Մ. ի) Կիսամեայ հանդէս, 25 Հոկտեմբեր 1919։ Այս բոլորը կողքին գրեթէ մէջտեղը։ Կողքին վերը կամ ճակատին՝ զոյգ Մասիսները, անոնց ստորոտին՝ դրօշակ, սկաուտական վրաններ եւ գործարաննե՞ր։ Ասոնց դիմաց՝ վազքի մէջ եղող սկաուտներ, որոնք իրենց պետին (որ կեցած է դէմքը ուղղուած Մասիսներուն) հրահանգին համաձայն շարժման մէջ են։ Գծագրութիւն Մ. Իւթիւճեանի եւ Հ. Նալպանտեանի (1919)։

Խանդավառ օրեր էին։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն մէկ տարիէ աւելի էր որ կը գոյատեւէր։ Սիրտերը լեցուած էին այդ հայրենիքով եւ ակնարկները սեւեռուած՝ անոր։ Կողքին վարի մասը աւելի ցայտուն պիտի դարձնէ այդ հոգեկան կապը։

Վարի աջ անկիւնը՝ սկաուտ մը բարեւի կեցած, դէմքը՝ հաւանաբար դէպի Մասիսները, իր եւ իր սերնդակիցներուն անունով կը շեփորէ.

Ողջո՜յն քեզ սէգ Մասիս,

Կորովազդու կոթողդ Հայաստանի։

Ողջո՜յն քեզ,

Վահագնաշունչ քաջաբազուկ

Հայորդիներէդ։

Մասիսներու գծագրութիւնը կողքին ճակատը պիտի զարդարէ մինչեւ մէկ տարի։ Բ. տարուան Ա. թիւէն սկսեալ (1 Յունիս, 1921) պիտի փոխարինուի լեռնագնաց, ձեռքին՝ գաւազան կրող սկաուտի մը նկարով։ Իսկ կողքին վարի մասը ամէն թիւի պարագային՝ պիտի ներկայանայ նոր նկարներով։

Դ. թիւէն սկսեալ, կողքին կեդրոնին աջ կողմը կը դրուի Հ. Մ. Ը. Մ. ի Խորհրդանիշին նկարը, իսկ Ե. թիւէն սկսեալ կ՚աւելնայ Միութեան նպատակը։

Հայ սկաուտի վերջին էջին ստորոտին կը գտնենք–տպագրութիւն՝ Օննիկ Արզուման, արտօնատէր՝ Գառլօ Շահինեան, պատասխանատու տնօրէն՝ Հրաչեայ Տէր Ներսէսեան։ Ա. տարուան թիւ 8էն (16 Փետրուար, 1920) կ՚աւելնայ Կարօ Պ. Ուշագլեանի անունը որպէս վարիչ-խմբագիր։ Կը զետեղուի այս յիշատակումը Ա. էջի խորագրին տակ։ Շրջան մը ետք՝ վերջին էջին ստորոտը։

Բ. տարուան թ. 6-էն սկսեալ (16 Օգոստոս, 1921), կը կարդանք՝ տպագրութիւն Կ. Քէշիշեան Որդի։

Լոյս տեսած է 16 էջերով (28, 5 x 20 սմ. ), դեղնաւուն միջակ որակով թուղթի վրայ։ Էջաթիւերը շարունակական են։ Ա. տարուան ընթացքին լոյս տեսած է քսանչորս թիւ (Հոկտեմբեր 25, 1919 Դեկտեմբեր 1920), 360 էջ։ Բ. տարին (1 Յունիս 1921 - 22 Օգոսոտոս 1922), քսանչորս թիւ, 384 էջ։ Վերջին քսանչորրորդ թիւը, լոյս տեսած է յապաղումով, ինչպէս կը մատնանշուի խմբագրութեան կողմէ եւ նուիրուած է Հայաստանի։

Պատկերազարդ հրատարակութիւն մըն է։ Լոյս ընծայած է մրցումներու, մարզիկներու, սկաուտական խումբերու եւ բանակումներու, սկաուտական գիտելիքներու յատուկ նկարներ։

Բ. Տարուան Ա. թիւէն սկսեալ թերթին զանազան բաժիններուն գլուխներուն դրուած են զարդանկարներ։ Բ. տարուան թիւ հինգէն (Օգոստոս 1921) սկսեալ Ալեքսանտր Սարուխան (հետագային՝ յայտնի երգիծանկարիչ) կը պատկերազարդէ որոշ յօդուածներ։

Ա. տարուան թ. 17-18 միացեալ բացառիկը (16 Յուլիս 1920) նուիրւած է Լոնտոնի Միջազգային Սկաուտական Խմբաւորումին (ճամպորի րալի)։ Այս թիւին ուշագրաւ կարգ մը յօդուածները լոյս տեսած են երկու լեզուով. հայերէն եւ անգլերէն։ Կարեւոր նկարները ունին երկլեզուեան բացատրութիւններ։

Ի՞նչ նպատակով լոյս ընծայուած է այս բացառիկը։ Խմբագիրը խօսքը ուղղելով բոլոր ազգերու պօյ սկաուտներուն՝ կը գրէ. «Հայ սկաուտները ներկայ մասնաւոր թիւը ձեզ(ի) կը ղրկեն ի յիշատակ համաշխար(հ)ային եղբայրութեան։ Նոյն ատեն ձեզ սրտանց ողջունելով, կը խնդրեն որ իրենց հետ յարաբերութիւն մշակելով, ճոխաց(ն)էք անոնց սկաուտական գիտելիքը, որպէսզի եթէ օր մը Հայաստան այցելելու առիթը ներկայանայ ձեզ(ի), հոն, բնութեան գեղեցկութիւններուն հետ գտնէք նաեւ ձեզ հիւրընկալող սկաուտ հազարաւոր եղբայրները»։ (էջ 267)

 

ԹԵՐԹԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ

Կարօ Ուշագլեան քէօթահիացի էր (Կուտինա–Կոմիտաս վրդ. ի ծննդավայրը)։ Աշխատակցած էր Շ. Քրիսեանի Մարմնամարզին։

1919-ին կու գար Պոլիս։ Իրեն կը վստահուի Հ. Մ. Ը. Մ. ի Կեդրոնական Վարչութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը եւ Հայ սկաուտի խմբագրութիւնը։ Իր սերնդակիցներէն Տիգրան քհն. Խոյեան կը   գրէ. «Գործ մը ունենալու համար չէր որ Կարօն իր ուսերուն վրայ առաւ այդ երկու պարտականութիւնները։ Ինք՝ կարողութիւններով եւ շէնշող բնաւորութեամբ կրնար շատ աւելի մեծ վճարումով գործ մը գտնել։ Անհաւատալիօրէն ծաւալած Հ. Մ. Ը. Մ. ը, իր սկաուտներով, նիւթական ծանր բեռան տակ էր։ Կարօն յօժարեցաւ 30 թրքական թղթադրամով գոհանալ, եւ միշտ զուարթ ու կատակախօս՝       իրեն վստահուած այդ շա՛տ կենսական գործը անտրտունջ, ընդհակառակն.. միշտ բարձր ու գոհունակ տրամադրութեամբ եւ արժանաւոր կերպով տանիլ մինչեւ 1922 տարին... »։ (Նահատակ ցեղի անմահներ, Պէյրութ, 1983, էջ 71)

Գառլօ Շահինեան եղած է Սկիւտարի «Հայորդիք» ակումբին հիմնադիրը, մարզիկ, սկաուտ, Հ. Մ. Ը. Մ. ի հիմնադիրներէն, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ աթլէթիք բաժնի վարիչ։

Պատասխանատու-տնօրէն նշուած է Հրաչեայ Տէր Ներսէսեան անունով անձ մը։ 1919 թուականին, Պոլսոյ մէջ, մեզի ծանօթ է նման անունով ազգային դէմք մը, որ ունէր տպարան եւ հիմնած էր Վերջին լուր օրաթերթը։ Եթէ մեզի ծանօթ անձն է, ինչո՞ւ Տէր Ներսէսեան տպարանին մէջ լոյս չէ ընծայած Հայ սկաուտը։ Ձեռքի տակ ունեցած մեր աղբիւրները չեն ճշդեր Հրաչեայ Տէր Ներսէսեանի անձը։

Անպաշտօն խմբագիրի դեր կատարած է Վահրամ Ս. Փափազեանը, անուանի մարզիկ եւ մրցանակակիր, Շ. Քրիսեանի Մարմնամարզ թերթի աշխատակիցներէն։ Ունի ինքնագիր յօդուածներ, թարգմանութիւններ եւ մարզաշխարհի վերաբերեալ արձագանգներ։ Իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունի երբեմն երկու յօդուած։

 

ԾՐԱԳԻՐԸ

Հայ սկաուտը ըլլալով միութեան մը պաշտօնաթերթը, կը դառնայ շեփորահարը այդ Միութեան հիմնական առաջադրանքներուն։

Ա. խմբագրականը խորագրուած է «Մեր գաղափարականը» եւ ստորագրուած՝ Հ. Մ. Ը. Մ. ։ Կը հաստատէ, թէ Հայ ազգը Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին (1914-1918) արեւելեան եւ արեւմտեան ճակատներուն վրայ իր զէնքի բաժինը եղաւ եւ հրաշքներ գործեց. եւ ամէնէն կարեւորը՝ ազգովին «աներեւակայելի հալածանքներ»ու   դէմ դիմադրականութիւն ցուցաբերեց. «Ուրիշ ոեւէ տոկուն կարծուած ազգեր շատոնց պիտի կքէին այս անչափելի ծանրութեան տակ. եւ սակայն Հայը հսկայ ժայռի մը պէս դիմացաւ, կուրծք տուաւ այս ահաւոր փոթորիկին, կարծես թէ ան շինուած էր այն տեսակ նիւթէ մը, որ տակաւին անծանօթ ըլլար ներկայ աշխարհի գիտուններուն իսկ։ Ան իր յոյսով եւ երկաթէ հաւատքով մը նայուածքը ուղղեց դէպի արշալոյսը, հեգնեց ամէն յոռետեսութիւն եւ իր իտէալովը քօղարկեց ամէն տգեղ իրականութիւն եւ հասաւ հանգըրւան մը, ո՛ւր կրնայ վստահօրէն սպասել իր յոյսերու պսակումին։

«Չօգտուիլ այսպէս հրաշալի եւ բիւր անգամ փորձերու ենթարկուած ատաղձէ մը, չօգտուիլ անոր ֆիզիքական եւ հոգեկան անբաղդատելի յատկութիւններէն, եւ չպատրաստել այդ ատաղձէն ապագային համար անմրցելի ազգը, գիտակից եւ օրինապահ քաղաքացին եւ իր հարեւաններուն յարգանք ազդող ու վստահութիւն ներշընչող դրացին, պիտի ըլլար առնուազն ոճիր»։ (էջ 2)

Խմբագրութիւնը հոս ընծայած է ընդգրկուելիք նիւթերու ծրագիր-ցուցակ մը (էջ 16), որուն առիթ պիտի ունենանք անդրադառնալու այս ուսումնասիրութեան շարունակութեան մէջ։

 

ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐ ԵՒ ԱՋԱԿԻՑՆԵՐ

Հանդէսին աշխատակիցներն ու աջակցողները փաղանգ կը կազմեն։ Անոնց թիւը հարիւր տասը կ՚անցնի։ Պոլսէն, Իզմիրէն, Պրուսայէն, Կիլիկիայէն, Եգիպտոսէն, մինչեւ իսկ հեռաւոր Փարիզէն եւ Նիւ Եորքէն կ՚ուղարկեն իրենց խնդակցութիւնները, յօդուածները, թարգմանութիւնները, տեղեկագիրներն ու թղթակցութիւնները։

Անոնց մէջ կան անուանի մտաւորականներ, գիտութեան մարդիկ բժիշկ, հողագէտ, անասնաբոյժ, եւլն. մարզիկներ, սկաուտական փորձառութիւն ունեցող կամ պարզ մարդիկ։ Այս բոլորը մասնակցած են երբեմն ծածկանուններով, շատ անգամ նշուած է անունին սկզբնատառը։ Մեր ծանօթութեան ներած չափով շատ մը սկզբնատառեր ամբողջացուցինք։ Փափաքելի եւ օգտակար է, որ լրացուի այս բացը, ժամանակակիցներու կամ վերոյիշեալներու կողմէ։

Հ. Մ. Ը. Մ. ի Կեդրոնական Վարչութիւնն ու թերթին խմբագրութիւնը գործին ձեռնարկելէ առաջ՝ դիմած են Պոլսոյ մտաւորականութեան, զայն հրաւիրելով՝ գրաւոր եւ բարոյական աջակցութեան։ Հրաւէրին պատասխանած են - տիկին Զարուհի Գալէմքեարեան, պ. պ. բժ. Վահրամ Թորգոմեան, բժ. Ս. Ուզունեան, Բիւզանդ Կէօզիւպէօյիւքեան, Վահան Չերազ, Շահան Պէրպէրեան, Տիգրան Չիթունի, բժ. Գաբրիէլ Սուրեան, բժ. Նաւասարդ Տէյիրմէնճեան (Ատաբազար), Արամ Նիկողոսեան, Վահրամ Փափազեան, Յակոբ Քրիսեան, Մկրտիչ Պարսամեան եւ Վահան Սիրունեան։ (էջ 16)

Այս մտաւորականներէն ոմանք պիտի աշխատակցին թերթին՝ արժէքաւոր յօդուածներ ստորագրելով։

Հայ սկաուտին աշխատակցած են։

Գրիգոր Մ. Յակոբեան, Շրջիկ, Վահրամ Փափազեան, Չիթունի (Տիգրան Չիթճեան), Արշակ Յակոբեան, Պօղոս Շապոյեան, Յովհաննէս Դ. Հինդլեան, Սեպուհ Ստեփանեան, բժ. Սուրէն Ուզունեան, Բիւզանդ Կէօզիւպէօյիւքեան, Վարագ Փողարեան, Յակոբ Քրիսեան, Ալպիոն, Սիսակ Նալբանդեան (հետագային՝ Խորէն քհնյ. Մամիկոնեան), Ֆլօրա Անահիտ, անասնաբոյժ Երուանդ Ա. Մանուկեան, Եդուարդ Ոսկերիչեան (հետագային Մաշտոց քհնյ. Ոսկերիչեան), բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան, Տիգրան Խոյեան, Գառլօ Պետրոսեան, Ճանիկ, Խոսրով Ներսէսեան, Ժիրայր Խօրասանճեան, անասնաբոյժ գնդապետ՝ բժ. Մինաս Աւետիսեան, Գրիգոր Մերճանօֆ, Գաբրիէլ Քէշիշեան, Ստեփան Ամիրայեան, Զաւէն Յաբէթեան, Արարատ Քրիսեան, Պիմէն Պէօրէքճեան, Օննիկ Մելիքսէդեան, Ս. Քոստիկեան, Արտաւազդ Անտոնեան, յայտնի գրող Մինաս Չերազ, հողագէտ Կոպեռնիկ Թանտրճեան, Գեղամ Խաշխաշեան, Թագւոր Թագւորեան, Գ. Վարդերեսեան, Լեւոն Սարուխան, Գրիգոր Ճօլօլեան, Հրաչ Երուանդ, Ք. Ժպտունի, Գէորգ Պ. Ուշագլեան, Արշակ Պէնլեան, Արայ Տօմինեան, Օշին Ս. Քիւչիւքեան, Վաչէ (Վահան Չերազ), Օննիկ Գովան, Պ. Ճերմակեան, Շա-քէ, Պօպօ, Ս. Գոհարունի, Հայկազեան, Աբէլեան, հայր Յակոբոս Բօսպըյըքեան, Ներսէս Հանըմեան, Փ. Անդրանիկեան, Պիմէն Սահաթճեան, Արտաշէս Գալբաքեան, Եզնիկ Քաջունի, Արամ Պապայեան, Արտաշէս Յ. Ալլահվէրտի, Ժ. Եդուարդ Շահպազ, Ստեփան Խանճեան, Հայկ Ճիզմէճեան, Երուանդ Մ. Իւթիւճեան, հայր Վարդան Հացունի, Սիմոն Պապիկեան, Հ. Պ. Զօրթեան, Վ. Ս. Ծովակ, Սիմոն Շմաւոնեան, Սեդրակ Ոսկեան, Ա. Ս. Սամուէլեան, Եդուարդ Խաչատուրեան, Յ. Թիւթիւնճեան, Վ. Նորհատեան, Լեւոն Չերազ, Արմէն Գալֆայեան, Յակոբ Թօգատեան, եւայլն։

Ասոնց մէջ կային չէզոքներ, դաշնակցական, ռամկավար եւ հնչակեան կուսակցութեան յարած անձեր։

Ինչո՞ւ այս համախմբումը Հայ սկաուտին շուրջ։ Յոյսի եւ խանդավառութեան օրեր էին։ Ցեղին կրած մեծագոյն հարուածէն՝ Եղեռնէն ետք՝ Մասիսի գագաթէն ծնած էր «Վարդահեղեղ արշալոյսը» (անկախութիւն), որուն ոտնաձայնը առած էր Դանիէլ Վարուժան։ Որպէսզի գոյատեւէր այդ անկախութիւնը, պէտք ունէր զարգացած միտքերու, զօրաւոր մկաններու եւ անաղարտ նկարագիրի տէր անձերու։ Աշխատակիցները իրենց լուման նետելով Հայ սկաուտի, իմա՛ Հ. Մ. Ը. Մ. ի գանձարանին մէջ, կը յուսային իրենց պարտքը կատարած ըլլալ վերոյիշեալ նուիրական եւ ազգաշէն տեսլականին իրականացման ուղղութեամբ։

Կ՚արժէ մօտէն ծանօթանալ Հայ սկաուտի ընդհանուր բովանդակութեան։

Պէյրութ, 1983



[1]            Այս յօդուածը լոյս տեսած է Մարզիկ ամսագրին մէջ, Դ. տարի, թիւ 1-2 (37-38), 1984, էջ 50-53։