Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

24. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԵՀԱՇՆՈՐՀ Ս. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
(Տնօրէնին Ուղերձը)

 

Հ ոգեւոր Տէր եւ Հայր Պատուական,

Մեծ է պատիւը զոր կ’ընէք այսօր Պէրպէրեան վարժարանի, յայց ելնելով անոր։ Այս այցը, յիշատակելի, անմոռանալի, անոր տարեգիրներուն մէջ պիտի մնայ իբրեւ գերազանց նշան գնահատման եւ քաջալերութեան առ նա, եւ նոյնպէս երախտագիտութիւնը՝ զոր կը ծնցնէ այն՝ հանդէպ Ձեր Սրբազնասուրբ Օծութեան, պիտի մնայ անջինջ քանդակուած Պէրպէրեան վարժարանի Ուսուցչական եւ Ուսանողական Մարմնոց սրտերուն մէջ առհասարակ։

Քիրտ եւ աշխատութիւն կը վարձատրուին երբ կը պտղաբերին. բայց կը վարձատրուին նաեւ, ու մանաւանդ իրենց արտադրիչ ուժին մէջ կը բազմապատկուին առաւել, երբ բարձրէն կը գնահատուին, երբ ազգաց ու ժողովրդոց մեծափառ գլուխներէ կ’ընդուին առհաւատչեայ համակրանաց, սիրոյ, հաւանութեան եւ խրախուսանաց։

Եւ այժմ ահա՛ մի այսպիսի պատիւ, մի այսպիսի չքնաղ եւ թանկագին, վարձահարուստ ու խրախուսալից պատիւ է զոր վայելել կը վիճակի այսօր Պէրպէրեան Վարժարանի՝ այն շնորհաբեր բարեբաստիկ այցելութեամբն զոր Ձերդ Վեհաշնորհ Սրբազնութիւն կ’ընէ անշուք յարկացն անոր ու այն երջանկաբեր նուիրական օրհնութիւններովն զոր կը բերէք մեզ այսօր։ Ձեր մեծաշուք ներկայութիւնը դպրոցական այս համեստ ակումբին մէջ, Ձեր հայրական վեհ ձայնին օծալից շեշտերը հնչուած մեր որմոց մէջ, Ներսիսեանց եւ Գրիգորիսեանց շնորհափայլ Յոջորդին կերպարանը պատկերացուած այս խոնարհ շրջանակին մէջ, Ձեր աջն՝ օրհնալից՝ տարածուած մեր գլուխներուն վրայ, ո՜հ, շնորհներ են, Հոգեւո՛ր Տէր, որ չեն կրնար մոռցուիլ, որ չեն կրնար ըստ արժանւոյն գնահատուիլ, եւ որոց բարոյական պնդիչ, կազդուրիչ, շինիչ ու մեծացուցիչ ոյժն ու զօրութիւնը մեծ են յոյժ։ Եկեղեցւոյ բարձր ու դարաւոր Աթոռի մը աստուածարեալ Գահակալէն եկած այսպիսի շուք ու քաջալեր ի՜նչպէս կը խրախուսեն Ուսանողը իր ճգանց մէջ՝ երբ կը տեսնէ իր վաստակը առարկայ բարձրագոյն համակրալից դիտողութեան, եւ Ուսուցչին ու Դաստիարակին ո՜րքան կ’աւելցնայ հաւատքը իր գործին վրայ, երբ ազգի պատուական ու գերագոյն Հայր մը, ա՛յնքան չքնաղ շնորհօք ու երկնապարգեւ ձրիւք զարդարուած Հայրապետ մը ա՛յսքանի գուրգուրանքով կը շրջապատէ զայն ու առ ինքն կու գայ, իբրեւ ազգային գոյութեան ու շինման գործաւորի մը, գոչելու իրեն. «Ա՜զնիւ, սուրբ եւ օրհնեալ է ա շխատութիւնդ, անմա՜հ են քրտունքդ իրենց կենսագործ արդեանց մէջ»։

Ահա՛ ի՛նչպիսի է նշանակութիւնը Ձեր այս օրհնաբեր շնորհասփիւռ այցին եւ ո՛րքան մեծ եւ խորին է երախտագիտութիւնը որով կը տոգորէ մեր Ուսուցչութեան եւ Ուսանողութեան սրտերը։

Մենք ալ մեր շնորհապարտ հոգիները կը պարզենք Ձեր առջեւ, Հա՜յր պատուական, եւ մեր մաղթանքն ու իղձերը մեծերուն մաղթանաց ու ըղձից խառնուած մատաղ անմեղ հոգիներունը կը բարձրացնենք առ Աստուած։ Ապրի՜ք դուք, ապրի՜ք յամս յամայր, ո՜վ Վեհաշնորհ ՀԱյրապետ, արժանընտիր Կաթուղիկոս Տանն Կիլիկիոյ։ Հայ. Եկեղեցւոյ գունդագունդ զաւակաց սիրտք բուռն սիրով կը բերուին առ Ձեզ, որ բարձրագոյն աստիճանին հետ՝ ուր բարձրացուց զՁեզ Եկեղեցին՝ միալուծ կը բերէք յանձին եւ համապատասխան բարձր մշակուած յատկութիւններ եւ կարողութիւններ, կը փարին Ձեր Աթոռին, կը բաղձան երկար ամօք տեսնել զՁեզ բազմած Ձեր պատմական դարապանծ Աթոռին վրայ, գոհ եւ բերկրեալ այն գեղեցիկ արգասեաց վրայ զորս պիտի բուսցնեն Ձեր անձնուէր քրտունք, Ձեր բարեգործ ձեռներ, յիրացումն Ձեր հայրագութ սրտին փափաքանաց, եւ որովք նոր փառք ու շուք պիտի ընծայէք անոր, ընդ բարձր հովանեաւ Օսմանեան փառապանծ Գահուն եւ արդիւնարար  ուժերովը զոսր պիտի քաղէք ԿԱյսերական հաճութեան մէջ, որու յայտարար շնորհաց Ձեր արժանացումը ուրախացուց բովանդակ Ազգին սիրտը։

Իցի՜ւ Երկինք իր հզօր թեւոց տակ պահէ՜ եւ պահպանէ՜ զՁեզ, դնէ զիմաստութիւն իւր դարանակալ առընթեր Ձեր Աթոռոյն, դիւրացնէ Ձեր քայլեր եւ բեղմնաւորէ Ձեր ջանքերն ի մշակութիւն դաշտի Ս. Եկեղեցւոյն եւ ի մտաւոր եւ հոգեւոր շինութիւն Ձեր Հօտին։ Կեցցէ՜ Վեհաշնորհ Տ. Տ. Սահակ Բ. Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ։

(Արեւելեան Մամուլ, 1904, Թիւ 49։)