Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

11. ՔԱՐՈԶԸ [1]

(Առակ)

 

Վարդապետ մը շատ կը տրտմէր։

Համայնքին մէջ երբ կը տեսնէր

Սէր ու տենչանք ունայն զարդի,

Շըպար սընգոյր եղած յարգի։

 

Գաւազանն առած ատեն նա ելաւ,

Համայնից ի լուր խօսելու իր ցաւ.

Ու­ անկեղծ բարբառ իր համոզումին­

Լըսելի ըրաւ բողոք մը ուժգին։

 

Ըսաւ. «Ինչո՞ւ կը բորբոքի

Ձեր մէջ փափաք պաճուճանքի։

Ինչո՞ւ, այրեր, պոռոտ փողպատ

Կը կրէք ի վիզ, ու անկէ զատ

Մի գնդասեղ՝ վառ ադամանդ,

Ձեր շապկին կուրծքն ոսկի ճարմանդ

Կը զարդարէ, ու ձեր ձեռքին

Կաշեայ ձեռնոց ունիք նրբին,

Ճռընչող կօշիկ ձեր ոտքերուն,

Նոյն իսկերբ գայք Աստուծոյ տուն։

Ինչո՞ւ, տիկնայք, այդ սեթեւեթ,

Մեհեւանդներ այդ անհեթեթ,

Ձեր ականջաց ծայրերէն վար

  Ինչո՞ւ կախուին գինդեր գոհար.

Առ ի՞նչ քօղէք ձեր դաստակին,

Շար շար մատնի զարդ ձեր ձեռքին,

Եւ թաթպանի երբ հարկ լինի՝

Պէ՞տք է մինչեւ արմուկն հասնի։

Ծարիր ու ներկ ի՞նչ հարկ դէմքին,

Ի՞նչ հարկ քայլի ծեքծեքանքին…։

 

«Թողէք, եղբարք, թողէ՛ք, քոյրեր,

Այդ սուտ զարդեր, սին նազանքներ.

Ճշմարիտ գեղն հոգիէն գայ,

Դիմաց վըրայ ա՛ն թող շողայ.

Ճշմարիտ գանձն հոգիինն է,

Կարեւորն ա՛ն ունենալն է։

Ձեր զարդ հանդերձ պարզուկ ըլլան,

Մի՛այն թէ միտք սիրտ առատանան.

Ու ճոխ այլ սին զարդուց անձուկ

Երբ յարատեւ տայ հընհընուք,

Ո՜հ, լուրջ խոհից, վեհ վերացմանց

Թռիչին դանդաղ կ’ըլլայ ձեր անձ,

Ու, զանց ըրած ներքին արժէք,

Արտաքինով պարծիք սին սէգ…»։

 

Վարդապետն այսպէս, լեցուած յուզմունքով,

Խօսեցաւ երկար սրտի լուրջ շեշտով։

Ունկըդրաց մէջէն ձայն մը բարձրացաւ.

«Վարդապե՛տ, գիտենք մեք ձեր փորին ցաւ.

Դատարկ գրպանով ի՞նչպէս գընէք զարդ,

Ուստի կ’անգոսնէք մեր առջեւ զայն արդ»։

Ուրիշ ձայն մ’ըսէր. «Մոնա՜զ. աշխարհքին

Չէ՛ տըրուած իրեն վայելք պերճանքին,

Ուր այր, կին շըքեղ, խօլ, գեղահըմայ,

Երգեն ու պարեն. նախանձոտ մ’է նա»։

Եւ այլք եւս այսպէս, ­հասկացող մարդիկ…

Խոցուած էր իրենց եսը ուռուցիկ։

(Արեւ. Մամուլ, 1903, Թիւ 27)



[1]            Այս ոտանաւորն ալ կը կցուի Ճոխ յանգի խնդրոյն, ակնարկելով ոմանց կողմէ հրատարակուած արձակ թէ ոտանաւոր այն գրութեանց որոց մէջ յայտնի կամ ծածկաբար՝ ճոխ յանգին դէմ մեր ընդդիմութիւնը կը մեկնուէր իբրեւ անկարողութեան կամ նախանձու հետեւանք։