Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ԵՂԵՌՆԸ
ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ԷՏԻՐՆԷԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ՊԱՊԻԿԵԱՆԻ

«Արդարութիւնը կը բարձրացնէ ազգերը.

եւ մեղքն ու ոճիրը կը կործանեն զայն»։

Սողոմոն

Թողած ըլլալով Պոլիսը 12 Մայիսին, մենք, Ֆայիգ պէյ (Պետական խորհրդոյ Նախադատ Ատեանի նախագահ) եւ Յարութիւն էֆ. Մոստիչեան (Մանասթըրի վիլայէթին Դատական Քննիչ)՝ պատուիրակներ Բ[արձրագոյն] Դրան. երեսփոխան Եուսուֆ Քէմալ պէյ եւ ես՝ պատգամաւորներ Օսմ[անեան] Խորհրդարանի, 16ին հասանք Ատանա, այդ քաղաքին եւ իր շրջականերու մէջ տեղի ունեցած արիւնալի պատահարներուն, որոնք տրտմեցուցած են բոլոր օսմանցիները պատճառները եւ նկարագիրը ճշտելու եւ ճշմարտութիւնը ճանչցնելու պաշտօնով։

Մեկնելու ատեն կը մտածէի որ այս ցաւալի եղելութիւններու վերաբերեալ լուրերը շատ չափազանցուած էին, եւ խիստ կը փափագէի որ այնպէս ըլլար, վասնզի հին վարչութեան օրով, առանց ոչ մէկ պատճառի, հարիւր հազարաւոր անմեղ Հայերու արիւնը դեռ չէր չորցած, եւ այս խեղճ զոհերու անմեղութիւնն ալ վերջապէս երեւան ելած ըլլալով, մեր միւսլիման հայրենակիցները- մէջն ըլլալով կրօնաւորները եւ հասարակ ժողովուրդը, - անոնց հողակոյտը այցելած էին, որպէս զի ատով Հայերուն վիշտը կարենան մխիթարել եւ մանաւանդ ջնջել ամօթալի մէկ էջը քաղաքակրթութեան պատմութեան։

Այսպէս, բնականաբար ոչ ոք կը փափագէր դարձեալ կրկնուած տեսնել, ի՛նչ չափով որ ըլլայ, նոր դէպքեր՝ որոնք ողբերգութիւնները յիշեցնէին։

Սակայն, բարէ՜, ստիպուած եմ հրապարակաւ յայտարարելու որ իմ անձնական հաստատումներս զիս բոլորովին յուսախաբ ըրին։

Թող ըսեն ի՛նչ որ կ՚ուզեն։ Ամէն որ իր սեփական կարծիքը ունի։ Ըստ իս, նմանօրինակ դէպքերու կրկնութիւնը անվրէպօրէն արգիլելու միակ միջոցն է՝ ճշմարտութիւնը ծանօթացնել այնպէս՝ ինչպէս որ է, առանց ամենափոքր վերապահութեան։ Եթէ, ընդհակառակը, ջանք տարուի այս դէպքերու մեծութիւնը նուազեցնել, եթէ ուզուի պատասխանատուութեան բաժին մը վերագրել զոհերուն, ատիկա՝ իմ կարծիքով պիտի նշանակէրե՝ բաց ճամբայ մը ձգել միեւնոյն դէպքերու կրկնութեան։

Ահա՛ թէ ինչո՛ւ կ՚ուզեմ յստակօրէն եւ անկեղծութեամբ ոչ ոքի դէմ խնայելով  Ձեզ ծանօթացնել արդիւնքը իմ քննութիւններուս եւ հաստատումներուս։

Տասնըչորս տարեկանէս սկսեալ կեանքիս մեծ մասը անցուցած եմ քաղաքական խռովութիւններէ փոթորկուած միջավայրերու մէջ։ Պուլկարական ապստամբութեան միջոցին Սօֆիա կը գտնուէի. Թուրքեռուս պատերազմի ատեն Պոսնիա էի՝ կատարեալ քաղաքային պատերազմի մէջ։ Կ. Պոլսոյ Քըրք-Քիլիսէի ջարդերուն ականատես վկան եղած եմ։ Սակայն երբէք չեմ տեսած եւ ոչ իսկ կրցած եմ երեւակայել սարսափներ՝ որոնք Ատանայինին հետ բաղդատուէին։ Այս նահանգին ջարդերը շատ ու շատ գլած անցած են այն բոլորը՝ ինչ որ ՀԱմիտեան վարչութիւնը այս տեսակին մէջ կազմակերպած է եւ ինչ որ իր բնութեամբ պիտի մնայ յաւիտենական ամօթ մը Օսմ. Պատմութեան։

Համիտեան ջարդերու մեծ մասը, այսպէս ըսուած, ունէին տեսակ մը կանոնաւոր կազմակերպութիւն. կը խնայուէր տղայոց, կիներուն, հիւանդներուն, եւ կողոպուտի, հրդեհումի եւ քանդումներու մասին տեսակ մը սեղմում կը դնէին։ Ատանայի մէջ ողջ այրած են հիւանդները եւ վիրաւորները։ Գիւղերու եւ շրջակայի ագարակներուն, Միսիսի եւ Համիտիէի գազաներուն՝ ինչպէս նաեւ Հասան Պէյլիի (Պաղչէի գազա) մէջ, իբրեւ հարստութիւն եւ կալուած այլեւս ոչինչ կը մնայ, կիներէն եւ հինգ վեց տարեկան տղաքներէն շատեր վիրաւորուած են. անոնք մինչեւ իսկ առարկայ եղած են ամենադժպհի վարմունքներու։ Թարսուսի մէջ լսեցի վաթսունը անցուկ երկու խեղճ պառաւներու գանգատները. անոնք կ՚ողբային որ չէր յարգուախ նորյինքն իսլամական օրէնքը՝ որ կեանքը կը ճանչնայ իբր Աստուծոյ պարգեւը, եւ կիներու պատիւը՝ փատիշահինը, այն աստիճան՝ որ մարդ ըլլալուս համար սարսափ կը զգայի։

Մեր առջեւ բերին 8-12 տարեկան բռնաբարուած 4  աղջիկներ, զանոնք , ի ներկայութեան Էսատ Րէուֆ պէյի ( կառավարիչ Մերսինի) եւ ուրիշ պատշօնատարներու՝ տարինք իսլամ դայեակի մը մօտ։ Տեղեկագիրը ըստ պատշաճի խմբագրուելով պահուած է տեղական իշխնութեանց մօտ։ Եղերերգութեան բոլոր ընդարձակութեանը եւ բոլոր զազրելի բարբարոսութեանը մասին գաղափար մը կազմելու համար կը բաւէր տեսնել անթիւ վիրաւորեալները, մանաւանդ խեղճ փոքրիկները՝ ապաստանած Mme. Doughty Wylieի (կին անգլ. հիւպատոսին) հաստատած հիւանդանոցին մէջ. այս ազնիւ կինը, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն, հիւանդապահուհիի մը պէս զանոնք կը խնամէր, ամէն գովեստէ վեր յարգանքով մը եւ արիութիւնով մը։

Ֆրանսացի եւ գերման քոյրերն ալ անոնցմէ կը խնամէին անջատօրէն։

Գերման հիւանդանոցի քոյր մը դէպքերու պատմութիւնները ընելու ժամանակ, եկաւ վայրկեան մը՝ ուր անկարող եղաւ զայն շարունակել. յետոյ, իր յուզումը անցնելէ վերջ, մեզի ըսաւ որ Աբգարեան վարժարանին մէջ տեղաւորուած շարժելու անկարող 150 վիրաւորեալներ՝ շէնքին հրդեհումին ատեն ողջ ողջ այրուած էին։ Ատիկա ամենէն կսկծալի մանրամասնութիւններէն մէկն է։

Շատ մարդիկ եւս մահը գտած են բոցերուն մէջ։

Սակայն որովհետեւ անկարելի է ամէն ինչ գրել, պիտի գոհանամ թուելով տակաւին 17 անձերու պարագան, որոնց երկուքը ամերիկեան միսիոնար եւ մէկը՝ բողոքական հովիւ, անզէն, անպաշտպան եւ ոչ մէկ բանէ գանգատող, զորս այրած են Օսմեանիէի հայ եկեղոցիին մէջ՝ եկեղեցական պաշտամունքի ժամանակ։

Համիտի վարչութեան օրով՝ կիներու եւ տղայոց կը խնայէին եւ չէին յարձակեր ուրիշ ազգութեանց քրիստոնեաներուն, նոյնիսկ Հայ-Կաթոլիկներուն եւ Հայ Բողոքականներուն։ Մինչդեռ Ատանայի քրիստոնեաներուն միջեւ ոչ մէկ խտրութիւն դրած են։ Սուրիացիները (Սուրիանի-Քատիմ) եւ Սուրիացի կաթոլիկները (Սուրիանի-քաթոլիք), որ ըստ լեզուի եւ հանգամանքի հայերէն ոչինչ ունին, վասնզի արաբերէն կը խօսին- ունեցած են, առաջինները 400 զոհ եւ երկրորդները 65. Քաղդէացիները (Քիլտանի) ունեցած են 200. իսկ Յոյները՝ հարիւրեակ մը Ատանայի քաղաքին եւ նոյնքան ալ նահանգին մէջ։ Գալով Բողոքական-Հայերուն՝ անոնք ունեցած են 655 անձ սպաննուած, եւ Հայ-Կաթոլիկները՝ 200։

Ընդհանրապէս հաստատուած է որ ջարդերու վաղորդայնին միայն յանձնարարուած է Յոյները հանգիստ ձգել։ Ո՛չ մէկ տեղ քրիստոնեայ տարր մը չէ յարգուած, ինչ որ ալ եղած ըլլայ։

Ատենագրութիւնով մը հաստատուած է որ, Էրզինի (Ճէպէլի Պէրէքէթի սանճագին գլխաւոր քաղաք) մէջ երբ բանտը պարպուեցաւ, բանտարկեալներուն մէջ գտնուող երկու Յոյներ սպաննուած են՝ նոյն իսկ տեղական իշխանութեանց ներկայութեանը։

Բոլոր այս փաստերը լայնօրէն կ՚ապացուցանեն որ, Ատանայի ջարդերը՝ նինիայն Հայերու հանդէպ սարքուած շարժումի մը նկարագիրը չունին, այլ շարժման մը քրիստոնեաներուն եւ ընդհանրապէս Սահմանադրութեան դէմ։

Բաց աստի, նախկին ջարդերու ընթացքին, կողոպուտը, եւ մանաւանդ տուներու եւ ինչքերու աւերումը, երբէք չեն ունեցած ա՛յնքան մոլեգնութիւն, եւ ո՛չ իսկ տեղի ունեցած են այնքան լայն աստիճանի մը վրայ՝ որքան հիմակուանը։

Մէկ բառով, բոլոր այս սարսափները կ՚ապացուցանեն թէ կատաղի խելագարութեան մը ուրականը անցած էր այս գաւառին վրայէն։ Այս վայրագութեան արդիւնքը այն աստիճանի է որ, անով թաթախուած հոգին կը քանդուի դատելու կարողութիւնը կը կոսնցնէ։