Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
Կառավարութեան ընթացքը դէպքերէն առաջ եւ վերջը

Վերեւ յիշատակուած իրողութիւնները ներկայացնելէ վերջ, ինծի աւելորդ կը թուի զբաղիլ կուսակալ Ճէվատ պէյի եւ Ատանայի պաշտօնատարներուն՝ ինչպէս նաեւ Ճէպէլը-Պէրէքէթի կառավարիչին ընթացքին վրայ։ Իմ կարծիքով, իրենց ընթացքը ապացուցած է, օրէնքով ճշտուած բոլոր պայմաններուն մէջ, որ անոնք բացարձակապէս յանցապարտ են իրենց խառնակչութիւնով, կազմակերպչութիւնով եւ աշխատակցութիւնով։ Սակայն ինչ որ ամէնէն սարսափելին է այս զարհուրելի դէպքերուն մէջ, իմ կարծիքով, վարուելու այն եղանակն է՝ որուն Հայերը ենթարկուեցան կոտորածներէն ետք, ինչպէս նաեւ այն դժոխային միջոցները՝ զորս գործադրեցին վերապրողները բնաջնջելու համար։

Ջարդերէն վերջ Ատանայի մէջ գրեթէ Հայեր մնացած չէին։ Մէկ մասը սպաննուած էր, միւսը յաջողած էր փախչիլ. մնացորդը ոչխարի հօտի մը նման դրուած էր քանի մը ոստիկան-զինուորներու հսկողութեան տակ։ Երբ քննութիւնը սկսաւ, մէկ կողմէ կը տեսնուէր մարդկային խեղճուկ բեկորներ՝ սիրելիներու մարմիններուն վրայ թափուած արցունքներէն սպառած. միւս կողմէ՝ բոլոր գրգռիչները, ոճիրներու կազմակերպիչները, թալանչիները եւ մարդասպանները։ Այս պայմաններուն տակ ի՞նչ ըրած է տեղական կառավարութիւնը։ Անիկա բանտարկեց վերապրողներուն մէջ աչքի ընկնող բոլոր անձերը եւ զանոնք շղթայի զարկաւ՝ կառավարութեան դէմ ապստամբած եւ զինուորներուն վրայ զէնք պարպած ըլլալու ամբաստանութեամբ։

Այս տարօրինակ ընթացքը արդիւնքը ունեցաւ չգիտցողներուն ալ սովրեցնելու որ՝ կոտորածներու հեղինակը եւ կազմակերպիչը նոյնինքն տեղական կառավարութիւնն էր։

Երբէք չէ ուրացուած որ Հայերը զէնք գործածած են։ Ոչ ոք ուզած է նոյնպէս ուրանալ որ զինուորներ եւ ուրիշ իսլամներ սպաննուած են Հայերու նետած գնտակներէն։ Բայց խնդիր է գիտնալը թէ՝ նման պարագաներու տակ զէնքի գործածութիւնը կարելի՞ է պատժել։ Ահա այն խնդիրը՝ զոր մինչեւ այսօր լուծելու մասին պատերազմական ատեանը բոլորովին անփոյթ կը գտնուի։

Ինչպէս արդէն ըսինք, Հայերը ապաստանած ըլլալով իրենց թաղը՝ իրենց տուներուն մէջ, իսլամ ամբոխը եւ զինուորները նոյն տեղը անոնց վրայ յարձակած են. այնպէս որ Հայերը միմիայն զբաղած են իրենց պաշտպանութիւնով։ Այս մասին ոչ մէկ կասկած գույութիւն ունի։ Այն տուներուն ճակատները, ուր Հայերը դիմադրեցին, թէ՛ զինուորներու եւ թէ պաշըպօզուքներու կողմէ արձակուած գնդակներէն ծակծկուած են։

Ո՞ր օրէնքը կամ խիղճը պիտի կարենար թոյլ տալ պատժելու անձ մը՝ որ սպաննած է նախայարձակ մէկը՝ նմանօրինակ պայմաններու մէջ։

Օրինաւոր ինքնապաշտպանութիւնը՝ ոչ միայն օրէնքով ընդունուած է՝ այլ նաեւ բնական օրէնք մըն է՝ հաստատուած մարդկային խիղճով։ Չկայ մարդ մը, նոյնիսկ անասուն մը, որ չը զգայ ինքզինք պաշտպանելու բնածին պէտքը։

Ի՞նչ պատճառաբանութիւն կարելի էր մէջ բերել՝ ընդունելու համար որ Հայ տարրը զուրկ ըլլայ այս իրաւունքէն։

Տեղական կառավարութիւնը, իր ոճիրը թագցնելու նպատակով, պատերազմական ատեանի կազմութենէն առաջ իսկ պատրաստեց սուտ վկաներ եւ ամբաստանողներ։ Օգտուելով ջարդէ պրծած Հայերու վերադարձէն եւ այդ տարաբախտներու ազատ կերպով արտայայտուելու անհամարձակութենէն, ամէն ճիգ թափած է այս զարհուրելի դէպքերու մեծութիւնը ծածկելու եւ անոնց բնոյթը եղծելու համար։ Բոլոր այն Հայերը, որոնք օրինաւոր ինքնապաշտպանութեամբ իրենց զէնքին դիմած էին, քննութիւն կատարելու կամ վկայութիւններ առնուելու կեղծ պատրուակին տակ՝ ոճիրով ամբաստանուեցան։

Յիշեալ կառավարութիւնը իր գործունէութեան չափանիշը ցոյց տուաւ, պատերազմական ատեանին առջեւ զրկելով անմեղներու այս խումբը՝ զանոնք դատապարտել տալու նպատակով։