Ատանայի եղեռնը. Տեղեկագիր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԱՍԽԱՆ
31 Մայիս 1325 (1909) հեռագրին

Երէկ մեկնեցանք Օսմանիէէն, եւ Հարունիէ գիւղէն անցնելով՝ ուշ ատեն հասանք Պաղչէ։ Այս գիւղին բնակչութիւնը յափշտակուած գոյքերու փնտռտուքէն եւ վերագրաւումէն գրգռուած, Հայերուն դարձեալ կը սպառնայ։ Իսլամները չգիտեմ թէ ի՛նչպէս տեղեկացած են Չորք-Մարզուանի վերջին միջադէպին, եւ այս առթիւ կը պատմեն թէ այդ վայրը ռմբակոծուած է։ «Չորք-Մարզուանի եկեղեցին կործանած է, կ՚ըսեն Հայերուն, ու մենք պիտի կոտորենք ձենէ բոլոր ողջ մնացողները։ Հոս գտնուող 25 զինուորները պիտի չի կրնան զձեզ պաշտպանել։ Իսլամ կիները այս զինուորներուն ձեռքերը կապելու բաւական են»։

Կոտորածներէն խուսափած քանի մը Հայեր, այս սպառնալից չարախօսութիւններէն զարհուրած, Պաղչէ եկան՝ զինուորներուն հրամայող տասնապետի մը ընկերակցութեամբ։ Անոնց հասնելէն ետք Պաղչէի մէջ հրկիզեցին դեռ կանգուն մնացող չորս տուներէն մին։

Հակառակ այս ամէն սարսափներուն, որուն վկան եղանք մեր անցքին վրայ ամէն տեղ, տեսանք Պաղչէի միւֆթին Չորք-Մարզուանի մէջ հսկողութեան տակ առնուած որ իր ընկերներուն հետ ազատօրէն կը շրջէր։

Մեր քննութենէն կատարելապէս համոզուեցանք որ Րամազանի Պայրամէն առաջ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ յարաբերութիւնները լաւ էին։ Այդ թուականին է որ ջարդի շշուկները շրջան ընելու սկսան։ Այս խնդրոյն մասին բողոք բարձուած է Ճէպէլի-Պէրէքէթի կառավարիչին մօտ, ու այդ պատճառով նոյն իսկ դատական քննութիւն մը բացուած է։

Բացի այս տարածուած զրոյցէն՝ որուն համաձայն Պաղչէի միւֆթին իր քարոզներուն մէջ յայտարարած է թէ Սահմանադրութիւնը Հայերու գործն էր. թէ Սահմանադրական Վարչութիւնը Իսլամներուն վնասակար էր եւ թէ անոր հաստատած հաւասարութիւնը՝ Շէրիաթին հակառակ. այս միեւնոյն միւֆթին օր առաջ տեղեակ էր այն դէպքերուն՝ որոնք չորեքշաբթի առտու պիտի ծագէին Ատանայի մէջ, ու միեւնոյն օրուան իրիկունը Համիտիէի մէջ գիշերանց մարդ ղրկած էր Հարունիէ՝ Հաճի Հալիլ պէյի եւ Հասան աղայի ետեւէն, անոնց հետ կազմակերպելու համար այն ջարդը եւ կողոպուտը՝ որոնց ուրբաթ սկսան։

Դարձեալ այս միեւնոյն միւֆթին է որ Պաղչէի մէջ 20 ոսկի կաշառք գրպանած է Գերմաններէ՝ տեղւոյն մէջ ասոնց վարձած տունը պաշտպանելու համար։

Հակառակ անոր որ այս փաստերը ո՛չ մէկ հերքում կը վերցնեն, վերին աստիճանի զարմացած եմ տեսնելով որ այս միւֆթին եւ իր արբանեակները ազատօրէն կը շրջին։

Այս իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ միւֆթիին Պաղչէ մուտքը իր որդւոյն հետ, ուր, իբր նշան ուրախութեան, ողջունուեցաւ հրացանաձգութեամբ իսլամ բնակչութենէն որ սպառնալիքի տակ Հայերը ստիպած էր ի նպաստ միւֆթիին հեռագիր քաշել եւ գոհունակութեան գիր մը ստորագրել նոր քաջալերանք մը պիտի գտնէ իր ոճիրներուն մէջ։ Ընդհակառակը, վերոգրեալ դէպքերը Հայերուն համար պիտի ըլլան նոյնքան յուսահատութեան պատճառներ։

Ճշմարիտ Օսմանցիի իմ զգացումներս զիս կը մղեն եզրակացնելու որ՝ այդ կարգի դէպքեր անկարելի կ՚ընծայեն տարրերու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները ո՛չ միայն այս տեղերուն՝ այլ եւ ամբողջ Կայսրութեան մէջ։

Գործելու այնպիսի ուղղութիւն մը ընդունած են, որուն ողբալի հետեւանքները հեռագրի մը մէջ խտացնել կարելի չէ։ Բայց եւ այնպէս կուգամ յանուն Հայրենիքին խնդրել որ այդ բանէն հրաժարին։