Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ԳՈՐԾԸ
(Բանախօսութիւն Պ. ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆի)


Տիկնայք եւ տեարք,

Ասիկա երրորդն է բանախօսութեանց շարքին՝ որուն ձեռնարկած է Էսաեան սանուց միութիւնը՝ այնքան պատուաւորապէս:

Կ’երեւի այս գրական հաւաքոյթներու մասին տարբեր ըմբռնումներ կան, հետեւաբար կ’ուզէմ, նիւթիս անցնելէ առաջ, պարզել իմիններս:

Հայ գրողը, մասնաւորաբար թրքահայը, զրկանքէ եւ դառնութենէ զատ ոչինչ տեսած է կենդանութեանը, անոր մահէն վերջ է որ դափնիներ եւ հիացում չի խնայեր մեր հասարակութիւնը. ա՞յս պիտի ըլլար մեր գնահատութեան եղանակը: Երբ այսօր մեր գրչի եւ մտքի վաստակաւորներուն հանդէպ՝ առիթը կու գայ յայտնելու մեր գնահատութիւնը, կը պահանջուի որ անպատճառ բուռն քննադատութիւնն ալ մասնակցի հիացման: Ես հակառակ եմ ատոր. մեր գրչի վարպետներն են որ հոս խնդրոյ առարկայ կը դառնան, արդէն նուիրագործուած անուններ, լաւ է միայն անոնց գործը ներկայացնել հանրութեան՝ բացատրելով անոր բովանդակ գեղեցկութիւններն ու անծանոթ երակները, մեղմ հպանցումով մը նշմարելի ընելով ինչ ինչ թերութիւններ, որոնք ընդարձակ ու լուրջ ուսումնասիրութիւններու մէջ պիտի կրնային արժանաւոր տեղ բռնել:

Ահա, ազնիւ ունկնդիրներ, տեսակէտս. տառապած, անունով ծանօթ այլ գործերով ընդհանրապէս անծանօթ տաղանդալի գրողին տալ գոհունակութեան եւ լիակատար հրճուանքի օր մը: Ու ի՞նչ ավելի յարմար քան այս առիթը՝ որ մեզի այնքան բարեացակամօրէն տրուած է:

Այսօր երիտասարդ բանաստեղծի մը՝ Վարուժանին արդէն իսկ ստուար երկը պիտի վերլուծուի: Քիչերու տրուած է այսպէս՝ փոքրաթիւ տարիներու ընթացքին տիրանալ արդար փառքի մը ծաղիկներուն, որովհետեւ, տիկնայք եւ տեարք, Վարուժան բազմակողմանի տաղանդ մըն է: Անոր գործը իր մէջ կ’ընդգրկէ անցաւորն ու անանցը, միտքը՝ զգացման հետ, գեղեցկութեան արուեստը եւ արուեստին գեղեցկութիւնը:

Ծնած Փոքր Հայքի մէջ, Վենետիկը կ’ըլլայ՝ Պոլսէն յետոյ, պատենեկան առաջին ներշնչումներուն օրրանը: Վենետիկ՝ ջրանցքներու թագուհին՝ էն ինքնատիպն է Եւրոպայի քաղաքներուն. միսթիքական եւ կենսապաշտ քաղաք՝ ուր եկեղեցական արուեստին առընթեր կը հանգչի հեթանոսականը. հոն են վերածնունդի վարպետներէն Թիցիանոն, Վէրոնեզը, Ճիովանի Պէլլինին եւ ուրիշներ՝ որոնք քրիստոնէական կտաւին քով հեթանոսական Յունաստանի մերկութիւնը կ’ոգեկոչեն:

Հոգի մը զարգացնելու համար ինչքա՜ն արուեստ կայ այդ քաղաքին մէջ, ու ինչպէս կ’ըսէ ինքն իսկ, բանաստեղծը՝ «անկարելի էր պատկերներով չի մտածել հոն»: Եթէ այդպէս է, ահա առաջին գործը Վարուժանին, Սարսուռները, լոյս տեսած 1906ին:

Բանաստեղծը կ’ընէ արուեստի իր ուխտը հոն առաջին իսկ էջին մէջ, երբ կ’ըսէ «Մուսայի»ն՝ Թեւերս, ուղիղ դէպի բարձունքըդ վըսեմ` Քնարըդ կ’ուզեն, կ’ուզեն քընարդ. երկընցո՛ւր: Կը տրոփէ մէջս երգերու սաղմն. կը սպասեմ, Ե՞րբ պիտ’ տըրուի անոր ծնուցիչ քու համբոյր: Երգե՜լ կ’ուզեմ. թող սարսըռայ բընութիւնն Մատերուս տակ, ինչպէս մօր ծիծն հոլանի` Մանկան առջի բընազդական դըպչելուն. Եւ կեանքը թող շըրթունքիս վրայ լուծանի:

Սարսուռները պատանեկան ներշնչումներու մէկ արձագանգն է. անոր մէջ կը տեսնենք ապագայ բանաստեղծին ամէն յատկութիւնները սաղմնային կամ ծլարձակ երեւոյթով՝ անշուշտ խառնուած երբեմն նոյնիսկ տղայական նիւթերու: Ինչ որ այդ գրքին մէջ ամէնէն աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէ, սիրոյ մը պակասն է: Բայց մի մոռնաք, ազնիւ ներկաներ, որ գրեթէ վանական մթնոլորտին մէջ կ’ապրեր Վարուժան, եւ վանական կեանքը աններող է սիրային արտայայտութիւններու:

Սպասել հարկ է պահ մը: Բանաստեղծը պիտի ազատի կաշկանդումէն, իր դատողութեանն ու դիտողութեանը տէր պիտի ըլլայ, տէր իր ազատութեանը, անմիջապէս պիտի բացուին աղբիւրներուն ակունքը ու Ցեղին սիրտը (1909) պիտի գայ ցնցել թրքահայ ազատութեան առաջին արբշիռ օրերու մեր հոգին: Հեղինակը Արուեստի երկրորդ հրաշազան հայրենիքէն է որ կը նուիրէ մեզի Ցեղին սիրտը. պատմական Ֆլանտրայի կ’ակնարկեմ, արդի Պելճիքային:

Հոն որ 17րդ դարուն ապրեցան Ռիւպէնսը, Վանտիքը, Ժօռտայէնսը եւ ուրիշներ. բոլորն ալ քրիստոնեայ են եւ հեթանոս ու մանաւանդ հեթանոս, բեղուն, երանգաճոխ եւ հանճարային: Ասոնց ազդեցութիւնը անվրէպ է Վարուժանի վրայ՝ երբ կը տեսնենք զինք դարձած հայ եւ օտար հեթանոսական օրերուն եւ աստուածներուն, երբ կը տեսնենք զինք քիչ վերջ՝ անոնց չափ մերկ, ճոխ, գունագեղ:

Բայց նախ քան հեթանոսութեան դարձ մը, Վարուժան հայրենասէր մըն է: Ցեղին սիրտը տառապանքն է մեր տառապանքին, եղբայրներու արիւնովը կ’արիւնի իր հոգին:

Թշուառ սերունդի մը կը պատկանինք, եւ մեր ապերախտ կեանքը չի կրնար չանդրադառնալ մեր շա՜տ զգայուն գրողներու գործին մէջ: Գիտէ՛ք, Աբովեանը այդ դարդով կը հիւծի ու զայն կ’անմահացնէ Վէրքին մէջ, նոյնպէս աւելի կամ նուազ նոյն տխրութիւններն ունին Պատկանեան, Րաֆֆի, Ահարոնեան, Սիամանթօ, Զ. Եսայեան, Ա. Թէոդիկ, Պարթեւեան եւ Վարուժան եւն. ասոնց իւրաքանչիւրին գործը՝ կամ մաս մը այդ գործէն համայնատարած մեր ողբերգութեան մէկ փուլը կը բովանդակէ:

Վարուժան կանգնած օտար երկրի վրայ, իր պանդուխտի կարօտով լի հոգին՝ հայ արիւնազանգ հողին վրայ կը պտտցնէ՝ աղէտը երգելով: Ջարդը, Կիլիկեան մոխիրներուն, Սով, Մարած օճախ, Առեւանգիչ, Հովիւը եւ ուրիշներ մեր ճակատագիրը չե՞ն: Տառապանքի եւ յոյսի այդ երգին մէջ Վարուժան Սիամանթօէն կը տարբերի յաճախ մանրամասնութեանց նկարումովը: Մինչ Սիամանթօ համադրուած եւ սէմպոլիք տողերուն մէջ ուրոյն պատկերներ կը ստեղծէ, Վարուժան կը նկարէ գիրք մը. մէկը մեր երեւակայութեանը կը խօսի իր ուրուային, տեսիլներու խումբերով, միւսը որոշ գծագրութիւնները կը յօրինէ մեր աչքին: Վարուժանի տողերը գրեթէ միշտ որոշ նիւթի մը էութիւնը կազմող մասերն են, մինչ Սիամանթօի տողերը երաժշտութեան մը տպաւորութիւնները կը բերեն, չէ թէ անոր ձայնական առումով, հապա այդ ձայներուն՝ մեր մէջ արթնցուցած պատկերներու շփոթ՝ այլ հոյակապ մեծութեամբ. երկուքն ալ գեղեցիկ են, այլ հոս Սիամանթօն կը շահի՝ ինձ համար:

Վարուժանի Կիլիկիան մոխիրներուն քերթուածէն՝

Բոցը կ’անցնի, ու քամին գալով անոր ետեւէն
Խանձած սէզերը առած սարերէն վեր կը մրըրկէ.
Ո՜վ դողահար մերկութիւն խըլուրդներու խուղերուն`
Որոնք նըման ոզնիի արտերուն մէջ կ’յայտնուին,
Ո՜վ աւերակը բլրան վըրայ շինուած հիւղերուն.
Ուրկէ կ’ելլէր հայ գեղջուկն առաւօտեան աղօթքով
Արարչութիւնը հողին արթընցնելու բահին տակ:

Նոյն ոտանաւորէն՝

Կիսայրեացները անդին խաւարին մէջ կը հեծե՜ն.
Բայց վիրաւոր մ’աւասիկ կը կոթողուի մութին մէջ,
Յետոյ ծունկի վըրայ ընդքարշ կը մօտենայ խուժանին,
Եւ հեգնօրէն, քրքջալիր արիւնտողիք կը թըքնէ
Խարոյկին մէջ տօնական:

Վարուժան կ’երգէ Աղէտին հետ դիւցազուններն ալ՝ որոնք անոր դէմ կ’ոսոխին, յետոյ կ’երազէ իր հայրենի օճախը, ու ներկայէն յուսահատ՝ կ’անդրադառնայ լուսաւոր անցեալին. կ’ոգեկոչէ Անին, կ’ոգեկոչէ հեթանոս դարերու կեանքն ու աստուածներուն ուժը:

Ահա տողեր Անիէն՝

Արդ քարուքանդ կը հանգչիս,
Եւ նըշխարներդ ինը դար է որ կ’ապրին.
Ժամանակին ձեռքը չեղաւ այնքան յաղթ
Աճիւններդ այդ մըրրիկներուն յանձնելու.
Սմբատի սօս նըժոյգը չի՛ խըրխընջեր,
Ան չի թօթուեր արիւնթաթախ բաշերն իր
Քած ձիուն դէմ Ափշինի,
Ու կոչնակներն ու շեփորներն ոսկեցոլ`
Որոնց ի լուր թուրը խաչով կը ձուլուէր,
Հոն լըռած են` ապրեցնելով իրենց տեղ
Բուի հազար սերունդներ:

Արդ լըռութեան չըղջիկի լայն թեւին տակ
Կ’աճի եղիճն արտասուքովն աստղերուն.
Եւ հոն բաղեղն հայրենասէր թեւերով
Կը գըրկէ հողըդ տըրտում
Իր պատառիչ կայծքարերով միասին:

Լէօբարտիի Առ Իտալիան [1] Վարուժանի Անիէն գեղեցիկ չէ:

Ըսի թէ ներկայէն յուսակտուր դէպի անցեալ կը դառնայ իր հոգին ու իր արդէն իսկ հեթանոսական հոգւոյն մէջ ֆլաման պերճ արուեստին ազդեցութեամբ կ’երկնուին հնութեան աստուածութիւնները: Եւ որպէս զի Ցեղին սիրտը իսկապես հայ տառապանքին սիրտը ըլլայ, Վարուժան անոնց ուժը կ’աղերսէ, անոնց բազուկները յաղթ՝ արդի մռայլ ուժերուն, արդի վայրագ սպանդներուն դէմ: Վահագն զմայլելի քերթուածէն սա հատուածը՝ կուտայ մեզի այդ կոչը.

Ուժի՜ն համար, կրօնքի՜ն համար բազուկիդ,
Որով դու օր մը պատռեցիր բերաններ

Վիշապներու, երկընքին մէջ սըփռեցիր Զերդ արեւու հունտեր, աստղերն Յարդգողին. Ուժի՜ն համար` որ թըռիչն է եւ հոգին Արարչութեան անվախճան, Որուն անհուն համբոյրին տակ կը ծընի Աշխարհներէն մաս մը ծաղիկ, մաս մը բոց, Կ’ապրի սկըզբունքն Անմահութեան հիւլին մէջ Եւ ըղեղին եւ կամքին, Որուն հըզօր մատին տակ Կը ճեղքըւին սերմերն, աւիշն երգելով Կաղնիներուն մինչեւ գագաթը կ’ելլէ. Ուժի՜ն համար` որ կը լեցնէ ստինքներ, Կ’օրօրէ մեր որրանն, ու մեզ, մահէն վերջ, Մինչեւ աստղերը կը տանի, ու մինչեւ Երկրորդ կեանքի մ’արարչագործ պատճառին, Որ կը կանգնէ ազգ մ’ինչպէս խումբ մ’առիւծի, Բազուկդ անոր բազուկին մէջ կը հեղու, Եւ զերդ հրեղէն վարազահաւ` իր լուսեղ Թըռիչներուն ամփոփման տակ կը թըխսէ Մեր մայրերուն ծոցին մէջ Դիւցազուննե՜ր, հանճարնե՜ր, Այդ սուրբ ուժին համար կ’ըսեմ՝ որուն դու Իմացական աղբերակն ես յորդահոս, Ո՜վ դու Վահագն, ահա քեզի կարկառած Բազուկներս իմ արիւնոտ Կ’աղօթե՜մ ես… կ’աղօթեմ…

Ցեղին սիրտը թէեւ մեծապէս նուիրուած հայ տառապանքին, սակայն իր մէջ կը պարունակէ հետզհետէ ընդհանրանալու սաղմերը. բանաստեղծը հանգստի կարճ միջոցի մը պէտք ունի ազատուելու համար անձուկէն, սահմանափակէն, իր եսը խառնելու համար ընդհանուրին ու նաեւ տիեզերականին:

Սակայն քանի՜ չքնաղ էջեր են Ցեղին սիրտըին մէջ Հովիւը, Վահագնը, Կարօտի նամակը, Յաղթողը, Անին Կիլիկեան մոխիրներուն եւ տակաւին ուրիշներ, զորս յիշել չեմ կրնար եւ որոնց մէջ տեղ տեղ պզտիկ հռետորական աւիւն մը կը դեգերի:

Ըսի թէ, տիկնայք եւ տեարք, բանաստեղծը կարճ հանգիստի մը կը կարօտի զատուելու համար Ցեղին սիրտըէն: Օսմ. ազատութիւնը կը բերէ այդ դադարը. պահ մը սիրտերը միամիտ պատրանքը կ’ունենան բռնական օրերու անդարձ կորուստին, բանաստեղծը ինքզինքը ազատ կը զգայ, որովհետեւ կը կարծէ նաեւ ազատ իր ցեղը ու ահա Հեթանոս երգերը կ’երեւան:

Գեղեցկութեան պաշտամունքը բնատոհմիկ եւ օտար աստուածներու եւ ուհիներու մէջ կ’երգուի հոն, կ’երգուի տարփական սէրը, կ’երգուի ճարտարական կեդրոններու եւ մեր հէգ գաւառիկ աշխատաւորին ցաւը կ’երգուի անկեալին ու զրկուածին ցաւը, ու յուսահատութիւնն ալ կը յառնէ իր սեւագէս գլուխը…

Հնութեան վերբերումը հոս այլեւս ազգային զգացման մաս չի կազմեր՝ հապա տարփական զգացումի մը՝ որ անոր էութիւնը կը կազմէ յաճախ: Հեթանոս դարերուն մէջ իգական ձեւը պաշտուեցավ, գինին ոգեւորեց ձեւին գեղեցկութիւնը: Վարուժան անդրադառնալով անոնց մէջ՝ այդպէս կ’ընէ ու վանկի, բառի, ձայնի, հետեւաբար պատկերի միջոցաւ կը ցայտեցնէ այն բոլորը՝ ինչ որ երանգի, դիրքի եւ շարժումի յաւիտենացած ձեւերու միջոցաւ կտաւներու վրայ անմահացուցին Ռիւպէնս եւ Ժօռտայէնս: Ոմանք տռփական եւ խիստ իրապաշտ կը գտնեն զինք այդ նկարումներուն մէջ. Շիրվանզադէ՝ Ո՜վ Լալագէի հեղինակը մի ոմն Վարուժան կը կոչէ եւ կը հայհոյէ քերթողին [2]. ես այդքան բարոյախօս պիտի չըլլամ, իրաւ է որ կրնար Վարուժան Ո՜, Տալիթան կամ ուրիշ մը զեղչել իր գիրքէն, բայց ըսէք՝ խնդրեմ ո՞վ պիտի ժպրհէր կշտամբել հեղինակը՝ երբ ան բառի, այսինքն ձայնի միջոցաւ ուզեր է արտայայտել այն բոլորը՝ որոնք գոյնի եւ մարմարից ձեւին տակ եւրոպեան մուսէոնները կը լեցնեն:

Եւ յետոյ Վարուժան այնքան խորապէս կը մտնէ նիւթերուն եւ զգացման մէջ որ ամէնէն մերկ ձեւերը կը սրբանան իմ աչքիս. ի՞նչ հոյակապ քերթուած այդ Ո՜վ Լալագէն: Ահա փոքր մաս մը՝

Արդ յիշեցի՞ր դուն այն օրն, ո՜վ Լալագէ,
Ակօսներուն եւ կողերուդ ընդմէջէն,
Այն ծանր ամիսն յղութեանդ,
Կ’անցնէր ալիքն հողին յորդող ոյժերուն:

Արեգակի արիւնին նուռն էր՝ ծոցիդ
Մէջ հասունցած:
Բուներն ի վար ծառերուն
Կը ծորէին շիթ առ շիթ
Հոյզերը՝ նման արցունքի,
Քու համբուրուած մարմինիդ պէս ծանրակիր
Հողն էր թրջուած, էր կպչուն
Քաղցուներով եւ մեղրով:

Անուշաբոյր իր բեռին տակ կը կըքէր
Դեղձենին քեզ նըմանակ,
Քու ծիծերուդ նըմանակ
Ողկոյզներն այն լեցուն էին՝ ապագայ
Ծիծաղներով, ցընծութիւնով եւ կայթով…:

Այսպէս կը շարունակուի: Մինչ հողը կ’ուռի ծնելու երկունքով, մինչ այգիները կը կթուին ու հնձաններուն մէջ կթուած խաղողը արբշիռ կ’ընէ այգորդը, մինչ ծառերը ծանրաբեռն պտղով՝ իրենց ճիւղերը կ’երկարեն ամէնուն, այդ հոյակապ ծննդական երկունքին առջեւ՝ մարդը կ’ուզէ ուռճացնել իրեն հպող ամէն բան ու գերագոյն համբոյրի մը մէջ անէանալ: Ասիկա բնութեան համաստուածութեանը հետ նոյնացում մը չէ՞. չէ՞ հանճարային թռիչք մը դէպի բնութեան ստեղծագործ հանճարը:

Հնութիւնն ալ կ’ոգեկոչէ ըսի. այսպէս՝ Վանատուր, Հեթանոսական, Անահիտ, Սադուռնական, Մեռած աստուածներուն, Գինարբուքէն վերջ եւ այլն:

Վարուժանի քնարը հարուստ է, այլազան ձեւով եւ խորքով: Գեղեցկութեան եւ տառապանքի բոլոր կարելի աղբիւրներէն կ’ըմպէ ան Հեթանոս երգերուն մէջ: Կեանքը եւ երազը հոն են, անոնց մէջ կը մտնէ, կը մխրճի հեղինակը, կամ աւելի ճիշտ, ազնիւ ունկնդիրներ, իր մէջն են. հարուստ, անօրինակ ժառանգութեամբ մը տիրացած է անոնց, ու արտաքին ամէն տեսիլ կուգայ այս մեծատաղանդ, հանճարեղ հոգւոյն մէջ արթնացնել բազմազան երեսակներն ու թաքուն ակերը իր կարելիութեանց: Ըստ իս հանճարին բացատրութիւնն է այս:

Եթէ տարփական է Վարուժան, հոյակապօրէն հայրագորով ալ է, կարդացէք Ողջոյն քեզ Մարիամը [3] ու լսեցէք նաեւ զգացման սա քնքոյշ արտայայտութիւնը՝ Վարուժնակիս մէջ՝

Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր վարդն եմ Գարունիս
Որ սըրտիս վրայ բացուեցար
Եւ քեզի հետ բացիր հոգիս վըշտահեղձ
Նոր երազի մը պայծառ:

Նոյն քերթուածին մէջ՝

Քու ձեռքըդ լոկ դեռ կը բըռնէ զիս կանգուն
Աւազներուն վրայ փառքիս.
Եւ մազիդ մէկ թելը բաւ է կապելու
Տիեզերքին հետ՝ հոգիս:

Կամ՝

Զի ես անդո՛ւնդն եմ՝ որ կը ըլլայ երջանիկ
Փոսուռայի մը լոյսով.
Անապատն եմ, որ երկինքին կը ժըպտի
Իր ծըլարձակ մէ՜կ բոյսով:

Տառապանքը՝ մանաւանդ ուրիշներունը, որոնք անխղճօրէն կը շահագործուին, իր սրտին մէջ կարեկցութեան քանի՜ բովեր կը բանայ. կարդացէք Առկայծ ճրագը, Բանուորուհին, Ընկեցիկը, Մեռնող բանուորը, Խաբուած կոյսերը, Մեքենաները, Ճիւաղը կանցնին եւն: Ահա նմոյշ մը Բանուորուհիէն.

Եւ կը խորհիմ թէ քընատ ես եւ նօթի
Իրանդ հովէն կը դողայ.
Եւ կը նըստի գանգուրներուդ վըրայ, քո՛յր,
Եղեամն իբրեւ շափիւղայ,

Ես կը խորհիմ, եւ խենթի պէս կը բաղձամ Վար իջնել, քոյր դալկադէմ, Քովդ իջնել, համբուրել ձեռքըդ նիհար, Եւ հըծծել «քեզ կը սիրեմ» :

Յուսահատութիւնն ալ այնքան խորն է իր մէջ որքան միւս զգացումները. իր անյոյս տողերուն մէջ Լէօբարտին ու Եղիան կը յիշէցնէ, ու պահ մը այնպէս կը թուի թէ իր սուգն ալ, ինչպէս իր թախիծը՝ անոնցինին նման ծննդական է. Տրտունջքը եւ Լքումը կուտան մեզի ծանոթութիւնը այդ յուսահատութեան. Լքումէն քանի մը տող.

Ո՛չ ոք, ո՛չ ոք գիտէ վիշտն՝
Որ թոքերուս մէջ, զերդ խաշխաշ թունաբեր
Արագօրէն կ’ուռճանայ.
Ո՛չ ոք գիտէ թէ ի՜նչ կերպ
Յուսահատութիւն օրէ օր զիս մահուան հետ
Կ’ընտելացնէ, թէ կ’երթամ ի՛նչ ճամբայով
Կեանքիս մոխիրն ես իմ ափին մէջ կըշռել…:

Եւ՝

Այսպէս խաղաղ իրիկուն մ’երբ տնակին մէջ
Մայրս կ’երգէ, ըզբաղած:
Մահուան սաստիկ ծարաւէն՝
Չը դընելով ուշ եզերքիդ բաղեղին՝
Որ գըթութեամբ պիտի կառչի քըղանցքիս,
Պիտի նետեմ մարմինս այս խոնջ, կարեվեր
Խորհուրդիդ մէջ…:

Հեթանոս երգերուն՝ ինչպէս նախորդ գործերուն մէջ՝ Վարուժան հզօրապէս բնութեան զգացողութեամբ լեցուած հոգի մըն է: Քիչ կան էջեր ուր բնութիւնը իր շքեղ ամբողջութենէն մաս մը դրած չըլլայ բանաստեղծին գրչին տակ ու կամ չի ծառայէ իբր մտածումը կամ զգացումը լուսաւորող սեմպօլ մը: Ասիկա ազգային յատկանիշ մըն է էապէս. դիտեցէք, տիկնայք եւ տեարք, մեր ժողովրդական բանահիւսութիւնը՝ որով կ’արբենանք քանի մը տարիէ ի վեր՝ շնորհիվ տաղանդաշատ Հայուն, որ հոս ներկայ է [4]. նոյն իսկ մեր դասական նախնեաց գործերը ձեռք առէք՝ անոնց մէջ տեսնելու համար այն՝ ինչ որ Վարուժանի մէջ կայ: Մեր ժողովրդական քերթութեան մէջ մանաւանդ՝ գրեթէ չիկայ տող մը որ սիրոյ կամ այն զգացմանց բնական նմանութիւն մը չընդխառնուի. ուրեմն ինչ որ կրնար թերութիւն համարուիլ Վարուժանի համար, իբր ծանրացնող իր ոճը, ցեղային յատկանիշ մըն է:

Միայն երբ շատ տեղ իրապաշտօրէն նկարագրական է բանաստեղծին ոճը՝ հոն հեծութիւն մը առաջ կուգայ, ոմանք զայն հակառակ կը գտնեն քերթութեան ոգւոյն՝ այն համոզմամբ թէ՝ բանաստեղծութիւնը պէտք է ըլլայ, եթէ դիւցազնական կամ պատմական չէ, իրերուն եւ զգացման մէկ ցոլքը՝ չէ թէ անոնց իսկական նկարը: Սխալ չէ այս դիտողութիւնը: Բայց անմիջապէս աւելցնեմ որ Վարուժանի գործերուն մէջ եթէ մեծ է նկարագրական երակը, փոքր չեն համադրական ոգւով եւ գոյնով էջերուն թիւը:

Գալով Վարուժանի արուեստին՝ Սարսուռներու փոքր թարթափումէն վերջ՝ Ցեղին սիրտըին մէջ՝ գրեթէ տիրացած է անոր, իսկ Հեթանոս երգերուն մէջ արդէն իսկ տէրն է: Հաւասարապէս ոտանաւորի ամէն ձեւ իր այլազան մտածմանց իբր հագուստ կ’առնէ ու մանաւանդ իր լեզուին մէջն է այդ արուեստը: Գրագէտ բարեկամներէս մին կ’ըսէր անցեալ օր. «Կ’արժէ հայերէն լեզուն սորվիլ՝ Վարուժան կարդալու համար»: Վարուժան երանգի, շարժման, ու յաճախ ներդաշնակութեան բանաստեղծն է:

Ան չի գոհանար աշխարհաբարին բառամթերքի աղքատութեամբ. դասական մատենագրութենէն կը քաղէ բառերու ամբողջ հոյլ մը, ճոխերանգ, պսպղուն, կարծես Հեփեստոսի [5] ձուլարանէն նոր հանուած զրահներու քիչ մը վայրի վայելչութեամբ: Իրաւունք ունի Վարուժան, կարելի չէ մերժել անցեալի գեղեցկութիւնները, մանավանդ իրեն նման հոգի մը՝ արտայայտութեան նորանոր միջոցներու կը կարօտի: Վարուժան ինչպէ՞ս նկարագրեր ասպետական դարերու այն շքեղ Հարճը, եթէ Արսէն Բագրատունիի Իլիականէն [6] կամ Հայկ Դիւցազնէն [7] չընտրեր ազնուազգի բառերու մթերք մը: Բագրատունիի, Հիւրմիզի, Ալիշանի լեզուին ազդեցութիւնը անվրէպ է Վարուժանի լեզուին վրայ: Վարուժանի արուեստին մաս կը կազմէ իր հմտութիւնը, հեթանոսական կամ այլ կեանքի ներշնչումներուն մէջ. շեշտուած գիտնութիւն մը կայ, հին բարքերու, սարուածքի, տեղական գոյներու՝ ասոնցմով մանաւանդ իր գործերուն մէջ տիրող իրապաշտութիւնն բալ կը զօրանայ, թէեւ չի դադրիր փոխնի փոխ խորհրդապաշտ եւ նոյն իսկ ռոմանթիք ալ ըլլալէ: Լրացնելու համար: Վարուժան տակաւին քսանեւութ ձմեռներու գարունն է ողջունած եւ արդէն անմահութեան դափնիները կը կրէ. բանաստեղծի մը չապրիր իր մէջ, հապա բանաստեղծները կ’ապրին. իր ներկայ գործը որքա՜ն հոյակապ՝ տակաւին նախաբանն է անոնց, որոնք պիտի գան հայ գրականութեան փառքերէն ըլլալ: Ի՞նչ պիտի կոչուին անոնք, անշուշտ Հացին երգը, թերեւս Հոմերական մեծ դիւցազներգութիւն, կամ թախծալից եւ վսեմ սաղմոսները մշտհոլով կեանքին:

Իր արուեստը՝ ձգտումը չի ճանչնար, որովհետեւ տիեզերանալ կը ձգտի, եւ լաւ է որ այդպէս ալ շարունակէ, հակառակ բաղձանքներու եւ քննադատութեանց. եւ ճիշդ կ’ըսէ ինք Մատեանն ահաին մէջ՝

Խորհէ թէ միշտ քըննադատն է միաչեայ, Եւ ներքինի բարոյագէտը խոհեմ.

Տառապած Սիրտն ո՞վ կշռել կարենայ Նըժարին մէջ՝ Տիեզերքին դեմ առ դեմ:

Ա՛ն լոկ կըրնայ ճանչնալ երազը սրարբած, Ով կ’արբենայ կեանքի դիրտովն ու խունկով, Ան որ մարդն է՝ լոյսով ցեխով թըրծըւած, Ան որ մարդն է՝ սըրբագործուած արցունքով:



[1]            Խոսքը «ALL’ITALIA» բանաստեղծության մասին է, որը Լեոպարդին գրել է 1818 թ. եւ ընդգրկել իր հանրահայտ «Երգեր» (Canti) ժողովածուում, որ լույս տեսավ 1831 թ.:

[2]            Նկատի ունի Շիրվանզադեի «Ահա մի ուրիշը» հոդվածը, տե՛ս «Հորիզոն», Թիֆլիս թիվ 121, ինչպես նաեւ Շիրվանզադե, «Երկերի ժողովածու», հատոր 10, Երեւան, 1962, էջ 475-476:

[3]            Վերնագիրն ակնհայտորեն սխալ է նշվում, պետք է լինի «... Օրհնեալ ես դու ի կանայս»:

[4]            Նկատի ունի Կոմիտասին:

[5]            Կրակի, դարբնության, կռմանն ու ձուլմանը կապված արհեստների աստվածը հին հունական առասպելաբանության մեջ:

[6]            Նկատի ունի «Իլիականի»՝ Արսեն Բագրատունու թարգմանությունը: Տե՛ս Իլիական: Հուն. ի հայ Հ. Արսէն Կոմիտաս Բագրատունի, ի Մխիթ. միաբան.: Վենետիկ, տպ. Ս. Ղազար, 1864, 455 էջ: Նաեւ՝ Իլիական: Հուն. ի հայ Հ. Արսէն Կոմիտաս Բագրատունի, ի Մխիթ.: 2-րդ տպագր.: Վենետիկ, տպ. Ս. Ղազար, 1893, 454 էջ:

[7]            Արսէն Բագրատունի . Կոմիտաս], Հայ դիւցազն: Վէպ: Վենետիկ, տպ. Ս. Ղազար, 1858, 621 էջ: