Հայրէններու բուրաստանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՂ ՍԻՐՈՅ


Իմ հոգոյս հոգեկ եա՛ր, ա՜մ, քանի քո քովէդ գընացի,

Հոգիս ի մարմնոյս ելաւ, ի մահուն դուռըն գընացի.

Վաղվընօքն մինչ իրիկուն կուլայի ու զքեզ կ՚ուզէի.

Գիշերն մինչ որ լուսանայր, քո սիրոյն ես քուն չըլնայի։

Կօզալն ալ ի խօ՜սք ելաւ, իր եարուն գանգատներ արաւ.

—Հանց մի որ սիրես դու զիս, ինձ ասէ՛ որ ես գիտենամ։

—Ես ալ քընար պիտէի, զօրն ի քո գիրկըդ կենայի,

Կամ ապըրշըմէ գօտի, քու միջա՛ցըդ գիրկ ածէի,

Կամ աղբերական ջըրիկ՝ գայի քո բերանդ մըտնէի,

Կամ գարնանային ցօղիկ՝ ես ի քո վըրաց ցօղէի,

Կամ ապըրշըմէ լարեր՝ հետ քեզի պէսպէս խօսէի,

Կամ քաղցըր նըռան գինի՝ զօրն ի քո շիշան կենայի,

Առ՛իր ու բերնիդ դըն՚իր, դէմ գայի լեզուդ պագնէի։

Ես ձագ ծիծեռնիկ պիտ՚ի, բունս ի ձեր տունըն դընէի,

Ձագ հան՛ի ճըռվըռայի ու սիրո՛վըդ կըշտանայի.

Վաղվընէն մինչ իրիկուն ի երեսդ ի վեր հայէի,

Իրիկունն երբոր մըթնէր, գայի քո ծոցըդ մըտնէի,

Գիշերն մինչ որ լուսանար, ես ի քո ծոցըդ պառկէի։

Երբոր առաւօտանայր, ես ի բո՛ւնըս ճըռվըռայի,

Երբոր լուսըն լուսանայր, աշխարհիս վըրայ ժուռ գայի։