Հայրէններու բուրաստանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՂԱՇԱՐՔ

 

Ա.

Առիւծն յառիւծին մըսէն թէ հազար որ տան նէ չուտէ։

Գէմ ինքն ալ առիւծ եղեր, զառիւծին փասըն կու պահէ։

Ծառըն գընալ չըկարէ յայն տեղացն որ ինք բուսեր է.

Երբ կոթն ի ծառէն լինայ, նա կացին զինքըն կը կըտրէ։

 

Բ.

Կ՚ասեմ թէ հայրէն ասա՛, թէ չէ ես ասեմ դուն լըսէ՛.

Զբերանդ ալ քենով ածէ՛ ու զականջդ ալ գուց դու պահէ՛.

Զէտ օղ ի ականջըդ ա՛ռ, զէտ կարմիր դեկան ծըրարէ՛.

Այն մարդն որ շատ կը զուրցէ, նա յետին խօսքըն կու լըսէ։

 

Գ.

Արծիւն ու շահէն բազան հետ վարօժ կաքւուն դատէին։

Տարին պարեխին ածին ու բոլորըն քար շարեցին։

Վարի վարճինակ մ՚եկաւ, զորսն առաւ այն երկու քաջին։

Արծիւն ու շահէն բազան լուկ հայրան ի վայր մընացին։

 

Դ.

Եղնիկ մ՛ի ջըրին խըմելն զեղջերաց ըզշուքն էր տեսեր.

Նա յԱնթաքիայ զարկեր թէ՝ Սըլեհ եմ հետ վերուցեր։

Օր մի յառիւծէն փախեր, նա եղջիւրն ի ծառն է գամեր.

Զով որ իր ճարակ դըրեր, նա իւր մահն ի յանկից եղեր։

 

Ե.

Աւա՜ղ ու հազար բերան, թ՚ինչ խելօք ՚ի անխելացայ.

Ասի թէ վաճառ անեմ, ի շահուն տեղըն զենեցայ.

Ասի թէ բարեւ մի տամ այն կըռոցն որ մարդ չիմանայ.

Նա զթագս ի գըլխոյս առին՝ հանց շուտով որ ես չիմացայ։

 

Զ.

Զինչ որ ես հետ ինձ արի, չէր արեր ոչ ոք հարամի.

Շիշայ մի հալած ոսկի ի վետին ի վայր վաթեցի,

Անցաւ ի գետնին ներքու, ես դատարկ ի վայր մընացի.

Զետի խելքն ես ի՞նչ անեմ երբ առջի անունն աւիրի։

 

Է.

Ես ասեմ ու դու լըսէ՛, ա՛ռ ի քո մըտքունքդ անդիճէ՛.

Օղ արա՛ ականջըդ դի՛ր, զէտ կարմիր դեկան ծըրարէ՛.

Այն մարդուն խէչ մի՛ նըստիր՝ երբ երթաս ըզքեզ զըրուցէ,

Ըզնետըն յետ քեզ նետէ ու զաղե՛ղըն դառնայ պահէ։

 

Ը.

Երբ ես ի յաշխարհս եկի, գառն անպարտ՝ ու մեղք չունէի.

Ի յաւազանէն ծընայ, զէտ զմարգրիտ ցոլայի։

Մեծցայ մեղաւոր եղայ, իմ ոտօքս ի մեղք գընացի.

Զկամք սատանային արի, յանդենէն խապար չունէի։

 

Թ.

Զինչ զԱհարոնի գըլուխն որ ծաղկանց իւղովն օծեալ է,

Կամ ցօղ Հերմոնի լերին որ Սինայ քաղցըր ցօղեալ է,

Կամ ըզհամասփիւռ ծաղիկ՝ Սուկաւէտ լեառըն բուսեալ է,

Ոչ գարունըն ջուր կ՚ուզէ, ոչ աշո՛ւնըն թոռմելու է.

Հանցգուն ծաղիկ ո՞վ տեսեր, զարարա՛ծըս շէն կու պահէ.

Նորա ծաղիկ ո՞վ ասէ՝ երբ նորա անուն Յիսուս է։

 

Ժ.

Այն մարդն որ առ դուրն երթայ, գէմ պիտի զդըժարն անդիճէ.

Շաքարին շատ ուտել չվայլէ, Ադամայ որդին անհոգ է.

Մըտիկ լեռներուն արա՛, խելօքնուն ասած մասալ է.

Այն որ բարձր է՝ ձիւն ունի, այն որ ցած՝ ի՜նչ խօշ կանանչ է։

 

ԺԱ.

Ի յԱրեւելից ի վար ելեր է մեր Տէրն ու կուգայ.

Ելէ՛ք որ ի դէմն երթանք, որ նորա սիրտըն չիմընայ.

Հընցգուն թագւոր փատիշահ ոչ եկեր է ՚ւ ոչ պիտի գայ.

Արեւելք ինքն է նըստեր, յԱրեւմուտք հիւքմըն կու խաղայ։

 

ԺԲ.

Աստընւորս է չորս քէօշայ, լոյսն ընդ ո՞ր կ՚ելնէ, մէկ ասա՛.

Լոյս յայն դեհէն կ՚ելնէ ուր քրիստոնէն յաղօթս կու կենայ.

Մէկ մարդ մ՚ալ զլոյսըն թողեր՝ դէմ ի մութ յաղօթս կու կենայ.

Այն շուն բընութիւն ունի, Սատանին մասըն կայ ի նա։

 

ԺԳ.

Ծաղիկ այն ծաղկին որ օձուն բերանն է բուսեր.

Լուկ մարդ ի յօձուն ահուն զայն ծաղկին հոտըն չէ առեր.

Մանուկ մի Հոռմանց ելեր, զարեւուն թարկիկն է տըւեր,

Զօձիկն յարեւէն հաներ ու զծաղի՛կըն բերնէն առեր։

 

ԺԴ.

Կանչեմ հոտ ի վեր, Աստուա՛ծ, իմ մեղաց ճարակն ի քէն է.

Աստուած իւր բերնովն ասաց՝ Քո մեղաց ճարակն ի քէն է.

Երէցն ու Աւետարան Աստուծոյ մօտիկ նըշան է.

Զինչ որ շաբթուն մեղք գործես, կիրակի զայն խոստովանէ՛.

Առնուս անթառամ պըսակ, անդենին հուրն ըզքեզ չերէ։

 

ԺԵ.

Յաւուրն ի հազար պահուն, Տէ՛ր, փըրկէ՛ ի մարդոյ շառէն.

Մարդոյ շառն այնչափ չար է, որ գազանն յիրմէն կու վախէ.

Զառիւծն ի զէնճիլ դըրած, գազանաց գըլխաւորըն է.

Արծիւն ի հավան ելեր ու մարդուն ահէն կու վախէ։

 

ԺԶ.

Փոքրիկ վաճառական մ՚ի, իմ անունն էր Թաւաքալի,

Թաւաքալի՝ «Աստուա՜ծ» արի, ձըգեցի ըզնաւս ի ծովի.

Գընաց յայն կղզին ելաւ որ ճուհարն ի հոն կու բուսնի.

Ճուհարն որ իմ ափս ընկաւ, չէր ինկեր ի շատ սսկերչի։

 

ԺԷ.

Ողորմ ու լալի հաւուկ քան զկասկամ հաւըն չըլինի։

Ո՛չ գիշերըն քուն ուն, ո՛չ ցորեկն ի վար կ՚անկանի.

Մէկ պահ մի դադար ունի, որ յոտիցն ի վար կու կախուի.

Երկու կաթ արիւն կաթէ աչերուն, համայ կու թըռչի։

 

ԺԸ.

Թէ չուզես որ քիւֆր ասես, ձեռքըդ տա՛ր ու սիրտդ բըռնէ՛։,

Ո՛չ քիւֆրըն քեզ հաց բերէ, ո՛չ թացան թէ նի՛ստ ու ծախէ՛.

Անշահ ՚ւ անօգուտ բան է քիւֆր ասելն, որ խիստ մեղանք է։

Սատանան յիշոցք ասաց, դեռ յանկից ի վեր կու վայէ։

 

ԺԹ.

Հա՜յ իմ մէկ ու մէկ Աստուած, մէկութիւն քե՛զ կու վայելէ.

Զով որ դուն ի վեր տանիս, մարդ ի վար բերել չըկարէ,

Զայն հացն որ դու տաս ուտել, իսկի մարդ խըլել չըկարէ։

Ջուրն ի կենաց աղբերէդ ով ըմպէ, անմահ մընասցէ։

 

Ի.

Իսկ դու տեսար հէրիձ գրին է խում (?) որ զտունն է շիներ։

Կամ ինչ տան…… խըմող (?) որ աղպաթն ի յինքն է հասել։

Զհաւասն ի մէճլիս դըրեր, թէ շինեմ, ու զտունն աւիրեր,

Զերկուս այլ աւեր թողեր, երկուքէն մահրում գընացեր։

 

ԻԱ.

Զանգէտ անըզգամ մարդւոյն հետ երթա՛լըն խիստ դիժար է.

Մարդն որ անըզգամ լինի, զընկերին խրատըն չըգիտէ։

Ընկեր հետ անոր եղիր, զինչ որ դուն ասես նա լըսէ.

Երբ դըժար տեղաց առնուս, նա գիտնաս որ քեզ ընկեր է։

 

ԻԲ.

Արե՛կ որ խըրատ մի տամ, խելք ու միտք ունիս նա լըսէ՛.

Հետ անգէտին մի՛ դատիր, թէ հազար որ զքեզ կու սիրէ.

Անգէտն է ի հուր նըման, ուր ընկնի՝ զտեղըն կու էրէ.

Գիտունն է ի ջուր նըման, ուր երթայ՝ կանանչ բուսեր է։

 

ԻԳ.

Դաւիթ մարգարէն ասաց՝ թէ չարկամ ունիս նա սիրէ՛,

Զձեռքըն բըռնէ՛ ի տուն տա՛ր, ու անուշ լեզուովդ նա պատուէ՛.

Ըզկըթխայն լի՛ց յափըն տո՛ւր, իւր բերնով զինքըն անիծէ՛,

ԹԱստուած զայս տուն շէն պահէ ու զչարկա՛մըն գըլխավարէ։

 

ԻԴ.

Յաշխարհս ես ի ժուռ եկայ, լուկ անգէտ մարդուկ մի գըտայ.

Թողեր է զցամաքն ի բաց, երերուն ի ջուրն կու գընայ.

Շիներ է փայտեայ տապան, այն տախտակն յապով կու կենայ.

Օր մի ընկըղմի տապան, լուկ լինայ ձըկան նաֆաղայ։

 

ԻԵ.

Շատ է՚ր յայդ ծովերդ մըտեր, լողացար ու այլ չես ելներ.

Մօտ ի յալին ես եկեր, զիս սարսափն ու ղողն է պատեր։

—Բազկիդ զենեհար, ընկե՛ր, թէ լողա՛ ա՛ռ զիս ե՛լ ի վեր.

Շատ դու ինձ ատեն հասեր, հիմիկ ինձ է՞ր ես խըռովեր։

Դարձաւ ինձ ճուղապ արաւ՝  Զքեզ մեղաց ալիքն է թացեր,

Շատ մարդ ի յայդ ծովդ ընկեր, մոլորեր ու անհուն կորեր։

—Եզեր մօտեցեր եմ ես, վախենեմ քարի դիպենամ,

Քակի իմ աղւոոր շինուածս ու տախտա՛կըս մէկմէկանայ։