Հայրէններու բուրաստանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՂԱՇԱՐՔ

 

Ա.

Արծիւն ի հավան ելեր ու կ՚ասէ թ՚ Այդ ի՜նչ աճապ է,

Թեպուր մ՛իմ թեւէս ընկեր՝ նետ եղեր ու զիս կը խոցէ։

 

Բ.

  Մահալօքս ի վար կուգ՚ի, լօք տեսայ չոր գանկ մը ձըգած.

Ոտօքս ալ թապալ տըւի, նա յերեսս ի վեր ծիծաղաց.

«Ես ալ գէմ մանուկ էի՝ ի մանկանց մէջըն կանգընած.

Ես այլ եմ գերի գընած, ի ներքեւ հողին զընտանած,

Զկըղպակն ի վերայ զարկած, ըզբալլիքն յայլ երկիր տարած։

 

Գ.

Հընցեղ կու հանէ սըրտիս, որ հանգնիմ ես այլ մազեղէն,

Հանգնիմ ի լեռներն ընկնիմ, լօք ուտեմ զամէն խոտեղէն.

Կասկած կայ ի յիմ սըրտիս, զարհուրի՜մ ես ի մահուանէն.

Վախեմ թ՛աներէց մեռնիմ տանին թաղեն անօրէն։

 

Դ.

Մըտիկ ցորենին արէ՛ք, որ ի մէջն ի վար կիսած է.

Շատ կէսն մարմինն է կերեր, եւ քիչ կէսն հոգւոյն դըրած է.

Մարմին է դարձեր ու ցորեն ի յոտն կու տանի (?).

Այնչափ առեւդիր կ՚անեն, զիր մահուն օրըն չըգիտէ։

 

Ե.

Յաշխարհս ես ի ժուռ եկայ, չըգըտայ ըղորդ սիրելի.

Ըզխելքս ի վերայ բերի, զբազուկս արի սիրելի.

Քանի բազկիկս ի բանի, շատ եղբայր ու շատ սիրելի.

Բազկիկս ի բանէ ընկնի, ո՛չ եղբայր եւ ո՛չ սիրելի։

 

Զ.

Մարդն որ հասրաթով լինի ու չուզէ որ տունն աւիրի,

Թող բոզէն ի զատ կենայ եւ գինուն ի պէլէն չընկնի.

Ասողին լըսող պիտի, խուլ ի շուն զանգակ չըպիտի.

Խուլ էշն յախոռն է կապած, խոշոր աչք ու լոյս ինք չունի։