Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱԿՆԱՅ ՕՐՕՐՆԵՐ

 

****

Աղուոր ես, չունիս խալաթ, երթամ ո՞վ բերեմ պէխալատ.

Երթամ լուսընկան բերեմ, լուսուն ա՛ստղերը պէխալատ։

 

Աղուոր ես, չունիս խալատ, քու ամէն տեղդ է պէխալատ.

Դուն ալ խալատ բան մ՚ունիս, քուն չունիս՝ արթուն կու կենաս։

 

****

Քու գինդ է հազար ոսկի, հազար ալ կուտամ եւըլի,

Հազար ալ անոր կուտամ՝ լուս երեսն երկու պէնկ ունի։

Աղուոր ես, ծոցուդ ի վեր երթամ ո՞վ բերեմ խաղընկեր,

Երթամ լուսընկան բերեմ, լուսուն ա՛ստղը քեզ խաղընկեր։

 

****

Աղուոր ՚ւ աղուորաց որդի, աղուորաց քեռոց քեռորդի.

Քու ծառդ ու ճեղըդ ոսկի, քու տերեւըդ վարդ կու մանի.

Քու ջուրդ է անպակ գինի, քու կիւզէ՛զըդ տեղ չի լինի։

 

****

Դուն ապրիս հօրով մօրով, հաց նըստիս ջուխտակ աղբարով.

Ապրիս դուն հօրով մօրով, ու լըցուի սըրտիկդ արեւով.

Սըրտիկդ արեւով լըցուի, մեր դըռուին կարմիր խընձորով.

Ով անցն՝ վարդէդ առնէ, ով դառնայ՝ կարմիր խընձորէն։

 

****

Ծոցիկդ առաւօտ նըման, առտըւան շաղիկն է վըրան.

Շաղուո՛ր, ետ ու ետ գընա՛, որ ցաթէ արեւն ի վըրան։

Կարմիր վարդ ու լան տերեւ, բացուեցար օտայիս վերեւ.

Քանի կայ պախճան տերեւ, անխըտար կ՚ուզեմ քեզ արեւ։

Մեծնա՛ս դուն հազար հազար ու չիգա՛ս աւուր մի չարի.

Աւուր մ՚որ չարի տի գաս, քու չարե՛րը դառնայ բարի։

 

****

Պիւլպիւլը պախճան իջեր, վարդենուն թըփիկն է թառեր.

Անուշ մենեմշին հոտուն՝ ողուորիս քընիկն է տարեր։

 

****

Պիւլպիւլը վարդին սիրուն՝ չի լընիր գիշերն ալ ի քուն.

Ո՛չ գիշերը քուն կու ՚լլի, ո՛չ ցորեկն՝ միժվի իրիկուն.

Պառկէ ՚ւ անուշ քուն եղի, մինչուկ գայ լուսն առաւօտուն.

Լուսնայ բարի լուսը գայ, պիւլպիւլըս ա՛լ կ՚ելլէ քընուն,

Պիւլպիւլս ա՛լ կ՛ելլէ քընուն, կէսն է քուն, կէսըն է արթուն։

 

****

Օրօր կանչեմ իմանաս, պառկիս ու անուշ քընանաս.

Քընանաս ու մեծանաս, մեծանաս ու մեծ մի լընիս.

Բորորի ու գեղ մի լընիս.

Ան գեղն ուր մեծ չիկենայ, ան գեղին մեծը դուն լընիս.

Դուն լընիս անտառ մորուն, զարնես քօքիկըդ խորուն,

Քօքիկըդ խորուն զարնես, ծառըդ շուք անէ ճեղերուն։

Ծառ շըքեր, վըրայ եկէք, շուք արէք մեր պիւլպիւլներուն։