Հայրէններու բուրաստանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՏՈՒՆԻՆԵՐ ՂԱՐԻՊՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ  

 

Աղուոր մը ծարւութենէն նըստեր է ջըրին վըրայ.

Կըտրիճ մը, անոր սիրուն, գընաց ի դէմ խօսելու.

Նըստաւ ու սէվտան ինկաւ, մոռցաւ ինչ բան խօսելու.

Ըսաւ՝ խահրըման կըյիճ, դուն ի՞նչ ժուռ կուգաս աս տեղը։

Ըսաւ քի՝ Տէրտիս համար ժուռ կուգամ հէքիմ բըռելու։

Ըսաւ քի՝ Տէրտըդ ի՜նչ է, մի՛ վախնար ըռընտցընելու։

—Խընծորդ է կապեր չալղայ, ես մատա ունիմ ուտելու։

Չուտիմ նը մատաս կ՚ուզէ, ես վախիմ քի գողցընելու.

Բացուեր է պախճիդ վարդը, ես պաղպան լընիմ քաղելու.

Քաղիմ ու տէսթէ անիմ, պէլքի թը թըմրիմ հոտերուն։

Ա՜յ իմ աննըման աղուոր, ես քենէ պագիկ մը կ՚ուզիմ։

Խարիպ երկիր եար ունիս, դուն սեպէ՛ զէքէթ արեւուն։

—Պագ մի չէ, երկուք կուտամ խարիպիս քովէն գալողին.

Դուն ինձմէ պագ մի կ՚ուզիս, ես հազար կուտամ բերողին։

Ա՜յ իմ խատուտիկ հարսնուկ, քու սիրուն ես հոս իմ եկեր.

Պագ մի տուր տէրտի համար, դուն ալվի վատէդ մի՛ դառնար։

Ելլիմ ի ձիուս վըրայ, խառնըւիմ ի մէջ հովերուն,

Երթամ ի օտար երկիր, խարիպիդ տեղըն տի գըտնիմ,

Նըստիմ ու հարցմունք անիմ, ըսիմ որ ա՛լ չիկենայ,

Ելլիմ ըռահվան ձիուս, առնիմ խարիպդ ի էքսէս,

Խառնըւիմ ամպին մէջը, իջնիմ աս ջըրին վըրայ.

Խարիպըդ դուռըդ բերի, ա՛ռ նըստէ՛ անուշ խօրըթէ՛.

Քու եարըդ քեզի բերի հասուցի սըրտիդ մուրատին.

Խօսք տըւիր ու վատ արիր, դուն քու խօսքըդ կատարէ՛.

Քենէ հազար պագ կ՚ուզիմ, անկէց ետեւ եառ արէ՛։

—Ես կուտամ հազար պագըս, չիմ մընար քեզի պարտական.

Ա՜յ իմ խահրըման կըյինճ, ես մինակ՝ դու ո՞ւր կու երթաս.

Դուն եղար գրանան արեւ, ցաթեցար աս ջըրին վըրայ.

Քու սիրուն տաքը զարկաւ, ես եղայ ձընիկ հալելու.

Նըստինք աս ջուրին վըրայ, խօսք ունիմ քեզի ըսելու։

Նըռան հատ գին ունիմ, անո՜ւշ լինի խըմողին։

—Դուն սիրէ՛ եարուդ նըման, ես ճուղապ կուտամ քու տիրուն։

 

******

Ա՜յ իմ խատուտիկ հարսնուկ, ջըրեզերն ի՞նչ կու բանիս։

—Խարիպս է խարիպ երկիր, ես անոր ճամբան կու պահեմ։

—Հարսնո՛ւկ, եկուր պագ մի տո՛ւր, խարիպէդ խապրիկ մի կուտամ։

—Պագ մի չէ, երկուք կուտամ խարիպէս խապար բերողին.

Պագ կուտամ ու պագ կ՚առնեմ, պէհ կուտամ մէկալ օրերուն։

Հարսնո՛ւկ, ելի՛, վեր եկու, ես ի քու խարիպդ եմ եկեր։

—Աչուիդ խարիպիս աչուին, ձայնդ անոր ձայնը չի մանիր։

Ճէպէդ ու ծոցէդ կ՚ուզեմ, տեսնեմ նո՞ւռ կուտաս թէ խընծոր։

Նուռ կայ հազար հատ ունի. հազրա պագն ալ ո՞ւր կու լընի։

Երկու սէրն որ մէկ լընի, հազար պագն ալ թէզ կու լընի։

Եկո՛ւ նի՛ստ ձիուս ետին, որ լինենք ձի ու ձիաւոր։

(Եւ երկուքն ի միասին կ՚երթան իրենց տան դուռը)։

Մարի՛կ, եկու դուռը բաց, քու խարիպ որդեկդ եմ եկեր։

Գընա՛ աս գեղին վերեւ, հէլպէթ աս գեղն ալ խան ունի։

Պառկէ ՚ւ անուշ քուն եղի, հէլպէթ աս մութը լոս ունի։

Մութն երթայ ու լոսը գայ, մարիկն իր որդեկը ճանչնայ։

 

(Մօրն այս պատասխանին վրայ՝ որդին եւ հարսը մեկին կ՚երթան այլ երկիր)։

 

Մութը գընաց լոսն եկաւ, ոչ որդեկ կայ ոչ հարմնուկ։

 

(Ուստի մայրը լեռները ելլելով կը հարցընէ).

 

Կանաչ դաշտ ու դուր մէյտան, ո՞վ տեսաւ իմ ծոյր ամիրան։

 

(Լերինք եւ դաշտերն կը պատասխանեն).

 

Դուն ալ որ ասօր եկիր, ան երէկ անցաւ ցերեկուան։

 

Ա՜յ, իմ սարերու հովիկ վար իջեր դըռնակն է զարկեր։

Արթընցայ ու վեր ինկայ, գիտցայ թէ խարիաս է եկեր։

Նորեկ ճահիլուկ հարսնուկ որ  իջեր դռնակն է բացեր.

Տեսեր որ իր եարը չէ, մելիւլեր ու ներս է գացեր.

Կեսրակն ալ հարցմունք արեր՝ Հարսնո՛ւկ, քու ո՞ր տեղդ է ցաւեր։

Մարի՛կ, քու որդուդ սիրուն իմ ամէն տեղիկս է ցաւեր։

Մի՛ լար, մի՛ խառղիր, հարսնո՛ւկ, գիր կ՚անեմ որդիս կու բերեմ։

Գիր անես որդիդ բերս, Աստուծու լուսուն տիրանաս.

Գիր չանես ու չիբերես, կ՚անիծեմ որ քար կու դառնաս։

 

******

Բարձըր սարերու հովեր որ իջեր դըռնակն է ծեծեր.

Նորուկ ճահիլուկ հարսնուկ որ իջեր դըռնակն է բացեր.

Տեսեր որ իր մարդը չէ, մալուլեր ու ետ է դարձել։

Կեսրակը հարցմունք արեր,   Հարսնո՛ւկ, քու ո՞ր տեդդ է ցաւցեր։

Մարի՛կ, քու որդուդ սիրուն իմ ամէն տեղիկս է ցաւցեր։

Մի՛ լար, ջահիլուկ հարսնո՛ւկ, գիր կ՚անեմ որդիս կը բերեմ։

Գիր անես՝ որդիդ բերս, Աստուծու լուսուն տիրանաս։

Գիր չանես՝ որդիդ չբերես, կ՚անիծեմ որ քար կու դառնաս։

 

******

Ադ ո՞վ է երդիքդ եկեր ադ օտար հողը կոխէ։

Թէ մարդ ես նը վար եկո՛ւ, թէ շուշան ծաղկիկ՝ գընալու։

Ո՛չ մարդ եմ ի վար գալու, ո՛չ շուշան ծաղիկ՝ գընալու.

Պիւլպիւլ եմ ու ժուռ գալու, շատ երամ ունիմ գընալու.

Երթամ շատ երկիր անցնիմ, շատ խարիպ տեսնեմ մէն ի քուն.

Ամենուն խարիպն է քուն, իմ ու քու խարիպն է արթուն։

 

******

Խարիպս որ ճամբով կ՚երթայ, ես անոր ճամբեկ պիտէի.

Ցածնար ան ջըրէն խըմէր, ես ալ իմ մուրատն առնէի։

Երթար որ քաղաքն իջնէր, ան քաղքին խանճի պիտէի,

Որ գար ու խանը իջնէր, իմ էզիզ օտան տանէի,

Թեւիկս ալ շըլլին ձըգեմ, մանտըրտիկ հետը խորըթեմ։

 

ԱՆՏՈՒՆԻ՝ ՊԱՆԴԽՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՑՈՂԻՆ ԿՈՂՄԷ ԵՐԳՈՒԱԾ

 

Գընա՜մ ու գընա՜մ կ՚ըսեմ, ես երթամ, բարով մընացէք.

Ծաղիկ մ՚ամանէթ կուտամ, վարդերուն մէջը պահեցէք.

Ամենքդ հաւասար նըստէք, իմ տեղըս ալ խոռ պահեցէք.

Ամենուդ խըմածն անո՜ւշ, իմը իմ տեղը վաթեցէք (1)։

 

ՈՂՋԵՐԹԻ ԵՐԳ՝ ՊԱՆԴԽՏՈՒԹԵԱՆ ԳԱՑՈՂԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ

 

Կարմիր կապաւոր աղուո՛ր, դուն ո՞ւր կ՚երթաս միաւոր.

Կեցի՛ր, Այ-Եօրկի գայ հետդ ու դէմդ ալ չելլէ ձիաւոր,

Այ-Եօրկին իր ձին հեծնէ, Այ-Նիկոլ իր ճերմակ ջորին։

Այ-Եորկի, Այ-Տիմիթրի, Այ-Նիկոլ, ձայնը դու լըսես,

Բըռնես խարիպիս թեւէն, աներեւ լեռներն անցընես։

 

****

Եկին ու բերին խապար՝ Թունդ ելեր քու եարն ու կուգայ։

Ամէն բանս ի դան դըրի, ջուր դըրի, մազըս լըւացի։

Հագայ շարաշար շապիկ, կապեցի լահօռ շալ գօտի,

Դըդմակ մի նըռան գինի ես առի ու դէմ գընացի.

Տաշմանս ալ  երես ելաւ,   Ո՞ւր կ՚երթաս, ան քու եարըդ չէ։

Թուլցաւ շահէնն ի բազկի, թափեցաւ նըռան գինի։

Տուշմա՛ն, աչքըդ քօր կենայ, նենգաւոր լեզուդ չորանայ։

Թող տուշմանըս շա՜տ ապրի, իր մէկիկ որդին մեռանի՜։

Մէյ մ՚ալ տուշմանս որ տեսնեմ, տի հանեմ չախուեկս ի ճէպէս,

Չախուեկս ի ճէպէս հանեմ, տի մորթեմ սեւ ոշխըրի պէս,

Մըսիըն ալ քէպապ տ՚անեմ, տի ուտեմ կաքւու մըսի պէս։

 

****

Եկին ու բերին խապար՝ «Թունդ ելեր քուկինդ ու կուգայ».

Ամէն բանս ի դան դըրի, ջուր դըրի մագըս լըւացի.

Հագայ շարէշար  շապիկ, կապեցի լահօռ շալ գօտիս,

Դըդմակ մը նըռան գինի ես առի ու դէմը գնացի.

Դուշմանս ալ երեսս ելաւ, «Ո՞ւր կ՚երթաս, ան քու մարդը չէ»։

Թուլցաւ շապէնն ի բազկի, թափեցաւ նըռան հատ գինիս։

Դուշմա՜ն, աչքըդ կո՜յր կենայ, նենգաւոր լեզուդ չորանա՜յ.

Մէյ մ՚ալ դուշմանս որ տեսնամ, տի հանեմ չախուեկս ի ճէպէս,

Չախուեկս ի ճէպէս հանեմ, տի մորթեմ սեւ ոչխըրի պէս,

Արիւնը գատէհն առնեմ, տի խըմեմ անպակ գինու պէս,

Մըսիկն ալ քաբաբ տ՚ընեմ, տի ուտեմ կաքւու մըսի պէս։

 

*****

Լուսիկ բոլորեր եկեր,   Ես ի քու խարիպդ ի նըման։

Խըպնէ՛ ՚ւ ամըչնէ՛, լուսի՛կ, ո՞ր տեղդ իմ խարիպիս նըման.

Խարիպըս թուխ աչք ունէր, թուխ ուներ ու շուշման բերան.

Շըրթունք շուրթեղէն ունէր՝ սըրմա թել պեխերն ի վըրան։

 

*****

Լուսիկ մի փըրթաւ քարէն, կէսն է խոռ ու կէսն է բոլոր.

Քիչ քիչ ալ ի վեր եկաւ, բոլորեր զըն նոր թագաւոր։

Լուսի՛կ, դու լուսով կենաս, թէ կենաս պահիկ մը հուտա.

Երկու խօսք գանգատ ունիմ, այն գանկտիմ, դուն ալվա գընա՛։

Գընա՛ խարիպիս ըսէ՛, չիկենայ ու ելլէ ու գայ։

—Խօսկունքդ ի գըլխուս վըրայ, չիգիտեմ դուռը խարիպիդ։

Եկո՛ւր նըշանով ցոյց տամ, որ գըտնես դուռը խարիպիս.

ԻՄ եարն է Շէքէր Խանին, նուշ դըրեր՝ շէքէր կու ծախէ.

Աչուին թերազու արեր, ուներո՛վը վեր կու քաշէ.

Էմմէնուն աժան աժան, իս տեսեր նը սուղ կու ծախէ։

 

****

Լուսիկ մի փըրթաւ քարէն, կէսն է խոռ ու կէսն է բոլոր.

Քիչ քիչ ալ ի վեր եկաւ, բոլորեր զըն նոր թագաւոր.

Լուսի՛կ, դու կամաց կամաց խառղ եղիր մեր տան ի վըրայ.

Երկու խօսքն գանգատ ունիմ, ան գանկտիմ, դուն ալվա գընա՛.

Գընա՛ խարիպիս ըսէ՛, չիկենայ, թող ելլէ ու գայ։

Բարեւդ ի գըլխուս վըրայ, չիգիտեմ դուռը խարիպիդ։  

Եկուր նըշանով ցոյց տամ, բարձրը պատ ու ծառ շըքերուն։

Նըստեր է ծառին շըքին, խատումատ խատէհն ի ափին։

Խատէհն որ ափիդ ունիս, կա՛մ, խըմէ կա՛մ տո՛ւր խըմողին.

Ան սազն որ կէօքսիդ ունիս, կա՛մ չալէ կա՛մ տուր չալողին։

 

****

 

Լուսիկ մը փըրթաւ սարէն, կէսն է խոռ ու կէսն է բոլոր.

Լուսիկ, դու լուսով կենաս, թէ կենաս պահիկ մը հուտայ.

Երկու խօսք գանգատ ունիմ, գանգըտիմ, դուն ալւայ գընա.

Գընա՛ ղարիբիս ըսէ՛, չըկենայ ու ելլայ ու գայ.

Խօսքունքըդ գըլխուս վըրայ, չըգիտեմ դուռը (3) ղարիբիդ։

Եկո՛ր նըշանով ցոյց տամ, բարձըր պատ ու ծառն ի վըրան.

Նըստեր է ծառին շուքը, նուշ դըրեր շաքար կու ծախէ.

Ամենուն աժան աժան, իս մոռցեր՝ նուշ կուծախէ։

Կարմիր խընծորի պայոս, աճապ ո՞վ ըրաւ քեզ ալոց.

Ով որ քեզ ալոց արաւ, ան կենա՜յ ծովուն ՚ւ երերուն.

Աճապ խարիպին տիրուն սիրտն ինտո՞ր արեւ կու ծագէ։

Ոչ սիրտս է արեւ ցաթեր, ոչ երեսս է պարզ ծիծաղցեր։

Ես երկու խարիպ ունիմ, մէկն հիւսիս է, մէկն է հարաւ.

Հիւսիսինըս փըրթէր ու գար, հարաւինս ալ հետը բերէր։

Աճապ տի լընի՞  օրիկ, խարի՛պ, գաս դուռս, առնեմ ի տուն,

Թեւիկս ալ շըլլիդ ձըգեմ, մանտըրտիկ հետըդ խօրաթեմ։

 

*****

Խարիպս հիւսիսէն փրթաւ, պօզ ձիով ու սալթանաթով.

  Բռնեցի ճորով զօրով պագ մ՚առին հազար նազերով,

Ան պագին քաղցրութենէն բըռընկեր սրտիկս ու կ՚այրի։

 

*****

Ես ալ խարիպին ձայնը կ՚առնէի նը կ՚արմնայի.

Եկաւ իմ գլխակս ելաւ, կ՚ողորմիմ ամէն խարիպի։

 

ՈՂԲ Ի ԴԻՄԱՑ ՊՈԼԻՍ ՎԱԽՃԱՆԱՑ ՊԱՆԴՈՒԽՏԻՆ

 

Ամա՜ն, ամա՜ն, իս Իւսկիւտար անցուցէք,

Սեւ ծովը ճեղքեցէք, ճամբան ցըցուցէք։

Տարեք իմ  հօրըս դուռը, վար դըրէք ու պահ մի լացէք.

Մարիկս ալ ի դուրս բերէք, ծարուրած աչուին լացուցէք.

Աղբարս ալ ի դուրս բերէք, տամպուռին թելը կըյեցէք.

Եարուկս ալ ի դուրս բերէք ետըւէն ծամը քակեցէք։

 

ԱՆՏՈՒՆԻ ՕՏԱՐ ԵՐԿԻՐ ՄԵՌԱԾ ԵՐԻՏԱՍԵՐԱԴ ՊԱՆԴՈՒԽՏԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

 

Եկին ու բերին խարար, չէօլ խուրպէթ մանուկ մ՚է մեռեր.

Մեռեր մարդ չէ իմացեր, իրեք օր խանն է մընացեր.

Հարկի պազիրկան մ՚եկեր ան խանին դռնակն է բացեր,

Բացեր ու ներս է գացեր, «Մօրը մէկ մանուկ մ՚է մեռեր»,

Համալներուն ձան տըւեր, առեր ու ծովեզըր է իջեր,

Ծովէն ալ ջըրիկ առեր, մանուկին պօյն է վըլացեր,

Գլխուն փօշին վար առեր, սեւ պօյին պատենք է ձեւեր,

Փերչէմէն մազիկ առեր, խարիպին պատենքն է կարեր։

Եկին օտար մարերն ի վըրան.

Եկին ու վա՜յ բերին բերողին.

Վա՜յ բերողին, վա՜յ անցընողին,

Վա՜յ լուսէ լուս արթուն կեցողին։

 

ՍԻՐԱՅԻՆ ԱՆՏՈՒՆԻՆԵՐ

 

Աղբիւր մը Մզրայ լեռնէն փուտ ուռուն քօքը կու վազէ։

Օլուխն արծըթէն դըրած, ջուրն ոսկուն թասը կու վազէ։

Երկու թուխ աղւոր աղջիկ նորշըպովն ի ջուրն են եկեր,

Երկու փէհլիվան կտրիճ ձին հեծեր ու սէյր են ելեր։

Աղջի՛կ, աղբօ՛րդ արեւուն, նօրշըպէդ պըտիկ մի ջըրի՛կ։

Ջուրըս տաք է, չէ պաղեր, մեր սիրուն շատ մարդ է մեռեր։

Ջուրըդ տուր, խըմենք՝ մեռնինք, սեպենք թէ մարեր չեն բերեր։

 

******

 

Աղուոր մի սիրեր եմ ես որ երեսն իրեք պէնկ ունի.

Բերանն է բոլոր աղուոր, տուփ նըման քան ըզխընկենի.

Երեսն է վարդի տերեւ որ նըռան կարմիր գոյն ունի.

Աչքերն է լուսոյ նըման, ով տեսնէ՝ խելաց կու թափի.

Ծոցերն է ոսկի սնտուկ, վարդի ջուրն ի մէջ ժողովի.

Բերանն է շաքրով լցուած, պըռկըներն ի վար կը վաթի.

Իր բերնին քաղցրութենէն բռընկեր է սրտիկս ու կ՚երի։

 

*****

Քու տէրն ալ որ քեզ ունի, գիշերըն ի՞նչ քուն կու լինի.

Տարին օրեկ մը ինծի, այն օրեկն է հազար տարի։  

 

*****

 

Մարդ որ սիրոյ տէր լինի ՚ւ սիրուն ճարակ չիլինի,

Ինքըն գերեզման բանայ ու մտնէ հողըն կենդանի,

Սրտիկն ալ ի բաց թողու, որ ելլէ բոցըն ծիրանի.

Անցնող ու դարձող ըսէ՝ Սիրոյ տէր մարդ է կու վառի։

 

*****

Բարի լուսոն դուսր ելայ, ես աղուոր կտրիճ մի տեսայ.

Աղուոր կտրիճ մի տեսայ, զարկաւ իմ երեսն արունեց։

Մայրիկն ալ հարցմունք արաւ. «Ադ երե՛սըդ ո՞վ արունեց».

Ես ասօր պախչան իջայ, վարդենուն փըշիկն արունեց։

Չորա՜յ ան վարդին փուշը, որ քու լուս երեսդ

—Մ՚աներ, մ՚անիծեր, մարի՛կ, մէկ աղուոր կտրիճ մ՛ իս պագաւ.

Պագաւ թէ առնէ մուրատ, կ՚անիծես՝ կ՚ելնէ պեմուրատ։

 

Կապեմ ալ նէ թուլ կապեմ, որ հովե՛րը տանի բերէ.

Հա՜յ տար ու բեր, տար ու բեր, գէշը տար ու աղուորը բեր։

 

Ես աս գիշեր դուսր ելայ, մութ գիշեր՝ չիկար լուսընկայ.

Իմ եարս ալ ըռաստ եկաւ, ձեռքը կար ոսկուն մաշալա.

Թեւէս բռնեց տուն տարաւ, դւոռ դըրաւ ախիկն ի վըրան,

Ձըգեց խուշ թիւյի տէօշէկ, սէրէսեր բարձերն ի վըրան,

Սազեց ոսկունքէն սեղան, հաւ խորված, կաքաւն ի վըրան։

—Խըմէ՛ որ ըսեմ՝ Անո՜ւշ, ես մէվզա բռնեմ քեզի նուշ.

Սէրը սիրողին վայլէ, աս գինին՝ անուշ խըմողին։

Ինչեխ անտունի մ՚ըսեմ, որ թնտայ խատեհն ի ափիդ,

Խատէհն ի ափիդ թնդայ, ոսկեթել պեխերդ երեսիդ։

Սէր կայ մարդն ի քուն կ՚անէ, սէր կայ մարդն արթուն կու պահէ։

Սէր կայ մարդն ի ժամ տանի՝ անաղօթք ի տուն կու բերէ։

 

*****

 

Խըմեր եմ ու չեմ գինով, ես կ՚երիմ ու չեմ կըրակով,

Հագեր եմ սիրու շապիկ՝ աղուորին դուռը կայնելու։

Աղուոր մ՚ալ ներսէն ի դուրս, ծոցն ի լի կարմիր խնծորով։

Ըսի թէ հատ մի առնեմ, թունդ ելաւ՝ թուխ աչքն ի լալու.

Լացաւ ու լալով ըսաւ՝ «Ե՛ար, զիս խաղք արիր ցորեկով,

Բռնեցիր զօրով ճորով, պագ մ՚առիր հազար նազերով,

Ան մէկ ցորեկուան պագը որ կ՚արժէ հազար գիշերուան։

 

******

Կարմիր կապաւոր աղուոր, վար իջի գօտեկ մի կապեմ.

Ես ոչ գիշուն տանողն եմ, ոչ աղուոր կուտան տար ու բեր։

Մէկ աղուորին տասը գէշ ես կուտամ, աղուոր մ՚առ ու բե՛ր։

Աղուորն արեգակ նըման, սար ու ձոր հաւսար կու ծագէ.

Ան գէշն ի գշկուր նըման, ախոռին պատերն է կողած։

Աղուոր մի գիշուն ծոցը կու թապլի, քունը չի տանիր.

Գիշուն տէրն արեւ չունի, աղուորին գիշերն է ցորեկ.

Գէշը գիշերով երթա՛յ, աղուորին մազիկ չիխոռի։

 

******

Ելայ խալատ բան մ՚արի, ան գիշուն պագիկ մ՚ուզեցի.

Ան գէշն ալ ի նազն ելաւ «Չեմ ի տար պագիկն աղուորուն»։

Քանի պագ մ՚առնելու կուլլիմ, չոր արմո՛ւկըն դէմ կու բերէ.

Չորնա՛յ ատ չոր արմուկըն, որ ատ պագիս դէմ չիբերես։

Աղուոր մը, ներսէն ի դուրս, «Ի՞նչ միւննէթ կ՚անես ատ գիշուն,

Միւննէթն աղուորին արէ՛, ան գիտէ խաթրը կտրիճին։

 

******

Ա՜յ իմ աննըման նըման, մարը չէ բերեր քեզ նըման.

Ո՛չ մարն է բերեր նըման, ո՛չ արեւն ու ո՛չ լուսընկան.

Բերեր է Մըսրայ իշխան, որ իջեր պաղչան պէկուման։


******

Կարմիր ու ճերմակ երես, մազդ երեսդ ի վար կու բերես.

Քանի պագնելու կ՚անեմ, չոր արմունկդ ի դէմ կու բերես.

Չորնա՛յ ատ չոր բաչկիկըդ, որ այա ի դէմ չիբերես.

Մարդը սիրու տէր կ՚անես, կու դառնաս «աղբար» կու կանչես.

Ատ հալդ ալ աղբար չ՚իլլիր, սիրու տէր եմ, իս կու խաբես.

Օտար մարդն աղբար չ՚իլլիր, դուն հոգիդ կըրակը կ՚երես։

 

*******

Կարմիր վարդ կանաչ թուփով, կանաչ թուփ կարմիր խնծորով,

Քանի՜ մընամ քեզ ապով, քանի՜ մ՚երիմ կըրակով,

Տի սիրես, սիրէ՛ սրտով, կշտացեր եմ սուտ խաբելով։

 

******

Քանի՜ դուն հուտա հուտա, իմ հուսայ սիրտըս կու դողայ։

Եա ելի եկու հուսա, եա ելի տեղկացդ ու գընա՚.

Հիմա կու մեռնիմ հուսա, արունտէր կ՚անեմ քեզ հուտա։

Երբ որ իս որ չես ուզեր, ա՛ռ սուր մի մորթէ՛ իս հուսա։

Արունս ի խատէհ մի ա՛ռ, տեղ մի դի՛ր թող երթայ մընայ,

Երբոր սէրս որ միտքդ իյնի, դի՛ր բերնիդ պըտիկ մի ըմպէ՛.

Սէրը սիրողին վայլէ, ան գինին անուշ խըմողին։

 

******

Հայվան որ ծառին ճըղին, սիրտ ն է սեւ, երեսն է դեղին.

Երնե՜կ խնծորին ծառին, իր ծառին եւ իր տերեւին։

Գիտեմ դուն զօր դեղ ունիս, բե՛ր ու տո՛ւր որ ես լաւանամ։

Թէ տաս՝ երթամ լաւանամ, թէ չիտաս՝ երթամ մեռանիմ.

Թէ չիտաս երթամ մեռանիմ, քեզ ալ կանչեմ մարդըսպան։

  Խնծորս է՝ ծառ ու ճըղեր՝ խէկ, անուշ, դեռ չէ հասեր։

 

******

Աս գիշեր մինչի լուսացաւ, ես երկու խանղալ մանեցի.

Իմ եարն ալ որ միտքս ինկաւ, թէզ մ՚ելայ ջահրաս կործեցի,

Գացի իմ եարին դուռը, «Ձիւն եկեր, ոտուիս կու մըսի»։

Իմ եարն ալ ի դուրս եկաւ, թէ՝ «Բարի՛ եկիր, իմ հոգի՛,

Եկո՛ւ գիրկոծոց անենք, որ ոտքուդ մաղկատն անցընի»։

 

******

Աստղիկ մ՚երկնուցմէն ի վար կու սիրէ ձկնակ մի ծովու.

Ո՛չ աստղիկը վար գալու, ո՛չ ձկնակն ի վեր գընալու.

Աստղիկ, սիրէ՛ ամպն ելի (?), նաւն ու ծովն է ալի՛։

Ծովը դարէ դար տարաւ, դիհասաւ սրտին մուրատին։

 

******

Կարմիր ու ճերմակ հարսնուկ, չորանաս թէ իս մոռանաս,

Չորնաս փուտ ուռի դառնաս, թէ ծոցի՛կըդ մարդու բանաս.

Ծոցիկդ որ մարդու բանաս, տ՚անիծեմ որ քար տի դառնաս։

 

******

Հագեր ես կանաչ կարմիր, նըռանը հատը կու մանիս.

Կայներ ես դըռան վըրայ, բարձր նայիս՝ բարակ ծիծաղիս.

Կ՛անցնիս թուխ ամպին ետին, ամպուգոլ կ՚անես,

Աչօք ու յունօք կ՚անես, իմ մանուկ խելքըս կու տանիս. զիս կ՚երես։

 

******

Մենք ալ քօր պառւուկ մ՚ունինք, մրջիւնին գալը կ՚իմանայ.

Աչք քօրնայ, ականջ խլանայ, աղուորին գալը չիմանայ։

 

******

Վարդիկ մի պիտէր գերուդ, որ ձըգ՚ի մէջըն ի գինուդ.

Գինիս որ բերնիդ առնես, վարդը դէմ գայ շրթունքներուդ։

 

******

Ծոցիկդ Ադամայ պախճան, մէջէն պաղ աղբիւր կու բղխայ.

Պըտիկ մի ընկի խըմեմ, ան ալ իմ մատան կու բանայ։

Պըտիկ մի չէ, շատ խըմէ, կու վախեմ՝ անիկս իմանայ,

Վախեմ կ՛ իմանայ անիկս, երթայ ՚ւ ա՛լ երկիրը չիգայ։

 

******

Վարդենի ու նռնենի, դուն ալ մեր պախճան պիտէիր,

Ոլըրեր գարուն որ գար, իրարու դիմաց բացուէինք,

Երբոր որ աշուն լընէր, հիրացուկ ի տուն դառնայինք։

 

******

Ես ալ քու խաթերն համար՝ խոստացեր եմ, պաք կու կենամ,

Ճերմակ ծոցուդ տեղ ձըգեմ, ես պառկիմ ՚ւ անուշ քընանամ։

 

******

Իմ սէ՛ր ու առջ՛ի բարի, իմ հազա՛ր տարուան սիրելի…։