Հայրէններու բուրաստանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԿՆԱՅ ՄԱՀԵՐԳՆԵՐ


ՍԳԱՒՈՐ ԿՆՈՋ ՄԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ

Ա՛յ իմ խեղճաբեր խաթուն, ի՜նչ կուլաս խեղճուկ ողորմուկ,

Թէ կուլաս ու վարդ կ՛ուզես, նոր ՚տի գայ գարունն ու բերէ,

Թէ կուլաս ու եարդ կ՚ուզես, գացեր որ ա՛լ չիպիտի գայ։

 

ՈՂԲ ՄԵՌԱԾ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Աշնան խէզէլի նըման, մէկ տըպա եկիք դուք ի վար,

Գարնան ծաղկունաց նըման, ուր որ էք, ելիք երըւան։

 

ՈՂԲ ԱՌԱՔԻՆԻ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ՎՐԱՅ

Աստուածամօրը ծոցուն (2), մարգըրիտ մ՚ինկեր՝ գին չունի,

Երնե՜կ անոր գտնողին, վա՜յ եկեր կորսընցընողին։

 

ՍԳԱՒՈՐԸ ԻՐ ԿՈՐՍՆՈՒՑԱԾ ՍԻՐԵԼԻԻՆ

Գիտես թէ մոռցե՞ր եմ քեզ. չեմ մոռցեր, դուն մոռնալուի չես,

Մըտեր էիր մէջ սրտիս, աչերուս ա՛լ ելլելու չես։

 

ՄԱՅՐԸ Ի ԼՐ ՄԷԿ ՀԱՏԻԿ ԶԱՒԱԿԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ՎՐԱՅ

Գացէք փատ ու փուշ բերէք, անորդի մարիկն երեցէք,

Երեցէք մախիր արէք ու տըւք հովուն որ տանի։

 

ԾԵՐՈՒՆԻ ՄԱՅՐ ՄԸ Կ՚ԵՐԳԷ

  Գիտնամ որ մարդուէ եկեր, լամ, բերեմ ալէմս ի վըրայ.

Ան որ Աստուծու եկեր, ինչեխ լանք՝ շեմը չիմանայ։

 

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԵՌԵԼԸ ԻՐ ՍԻՐԵԼԻԻՆ

Դիժար հիւընդակ եմ ես, ա՛ռ կամակ, եկո՛ւ զիս ի տես.

Կամակդ ի գլխուս վերեւ, ձեռքըդ տար սրտիս խոցը տես։

 

ԴԺԲԱԽՏ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ՎՐԱՅ

Ինչե՜խ խեղճերով մեռաւ, վար իջան ամպերն ու լացին,

Ով քուն էր նէ արթնցաւ, ով արթուն էր՝ խեղճէն անցաւ։

 

ԴԵՌԱՏԻ ՈՐԲԸ ԻՐ ՎԱԽՃԱՆԱԾ ՄՕՐԸ

Մարի՛կ, քու կարած շապիկդ կըտըրտեր՝ միսըս կ՚երեւայ,

Կարէ՛ դուն նորուկ շապկիկ, տո՛ւր աղբօրս որ առնէ ու գայ։

 

******

Մեռաւ ՚ օսիյաթ արաւ՝ «իս ճամբուն վըրայ թաղեցէք,

Քարըս նըշանով դըրէք, անունըս վըրան գըրեցէք,

Որդեկըս որ սիլայ գայ, ես աչօք անեմ, նայեցէք»։

 

******

Իմ որդեկըս չէ մեռեր, Սուրբ Յակոբ ուխտ է գընացեր,

Ինչ վարդ կայ՝ գլխուն դըրեր, մանուշին հոտուն է քնացեր։

 

ՄԵՌԱԾ ՍԻՐԱՀԱՐՆ ԻՐ ՍԻՐԵԼԻԻՆ

Երթամ քաջ արծիւ լինեմ, գամ թառիմ քու պատոհանիդ,

Ինչաքը ֆիղան անեմ, ֆիղանէս քունըդ չիտանի։

 

ԱԶՆԻՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՄԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ՎՐԱՅ

Շարուած մարգըրիտ էիր, կտրեցար ու կուտ կուտ եղար.

Քուրուըտաք, վըրայ եկէք, ժողվեցէք որ ա՛լ չիմընայ։

 

ՄԵՌԵԼ ՄԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

Ֆըռէնկէն հէքիմ բերէք, դեղ անէ, լաւնայ եարանիս։

Հէքիմն ալ ճուղապ արաւ՝ «Աս եարաս ա՛լ լաւնալու չէ»։

 

ՍԳԱՒՈՐԻՆ

Կուլայ ու խեղճուկ կուլայ որ կուտան շէրպէթ խըմէ՛.

Ես շէրպէթն որ ի՞նչ տ՚անեմ, իմ կըրա՛կըս ներսըւով է։

 

ՄԱՅՐՆ ԻՐ ՈՐԴՒՈՅՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ՎՐԱՅ

Ձկնակ մ՛որ ջըրէն զատես, ջուր մին ալ ձըգես նէ չ՚ապրիր,

Մարիկն որ տըղէն զատես, ճար չիկայ, պիտի մեռանի։

 

ԱՄՈՒՍԻՆՆ ԻՐ ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ ԿՆՈՋ

Ցածնամ ու ցօղիկ մի տամ քու ճերմակ ծոցիկիդ վըրայ,

Արթննաս ու վեր իյնիս՝ «Աս ի՜նչ ցօղ որ իս կու ցօղայ»։

 

ՄՕՐ ՄԸ ՈՂԲԸ ԻՐ ԶԱՒԿԻՆ ՎՐԱՅ

Ան առաւօտուն լուսուն, մելիւլեր մարիկն ու կուլայ.

Տեսէք թէ ինչո՞ւ կուլայ, Տէրը կիւն արեր որ կուլայ։

 

ՈՐԴԵԿՈՐՈՅՍ ՄՕՐ ՈՂԲ

Ես այս գիշեր դուրս ելայ, ողորմուկ ձանիկ մի կուգայ.

Ցածցայ ու մըտիկ արի, իմ որդուն ձանը կու մանի.

—Չեմ կենար հողուն ՚ւ երերուն, սեւ օձերուն բարակ ձաներուն.

Օձերը ձան կուտան ձագկըներուն՝ «Միս եկեր աժան ՚ւ ըռական.

Միսը տի ուտենք կողկըներուն, ջուրը տի խըմենք շահէն աչերուն»։

Աս գիշեր հինչու լուսացաւ, կանչեցի՝ «վա՜յ ինծի, դանկի՛կ.

Մահիկըս դանկով արէք, չիպիտի ինծի ժամանակ»։

 

ԾԱՂԿԱՏԻ ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ՎՐԱՅ

Ա՜յ իմ աննըման նըման, չէր բերեր մարը քու նըման,

Ոչ մարն է բերեր նըման, ոչ արեւ եւ ոչ լուսընկան.

Բերեր է բուռ մանուշակ, հոտն անուշ, չունէր ժամանակ։

 

ՀԱՐՍ ՄԸ ՈՐ Կ՚ՈՂԲԱՅ ԻՐ ԿԵՍՈՒՐԸ

Մարի՛կ ՚ւ երեսի քօղիկ, մի՛ տանիր քօղիկդ երեսէս.

Քօղիկդ երեսէս տանիս, մի՛ քակեր ցանկիկդ ի պատէս.

Ցանկիկդ ի պատէս քակես, ինծի շատ դըժար կու լընի։

 

ՄԵՌԵԼ ՄԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

Բանեկս ապառաժ քարէն, Գըրօղին ահերն է վըրան.

Գըրօ՛ղ, ՚ւ անօրէն Գըրօղ, ի՞նչ կ՚ուզեէ քու մարդ ի մենէ.

Անուշ ու գարուն չ՚ըսեր, իր կայէն ձանը կու բերէ։

 

ՄԱՀՈՒԱՆ ՎՐԱՅ

Մըտիկ էօլիւմին արէք, էօլիւմին արած զուլումին.

Կու զատէ եարն ի եարէն, կու զատէ որդեկն ի մօրէն։

 

ՄԱՀԵ՜ՐԳ ՄԵՌԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

Եկո՛ւ քեզ պաղչան թաղենք ու մաղենք հողըդ շարերով,

Հողիդ վրայ ծաղիկ ցանենք ու ցանկենք կարմիր վարդերով։