ԱԿՆԱՅ
ՀԱՅՐԷՆՆԵՐ
ԶԱՆԱԶԱՆ
ՆԻՒԹԵՐՈՒ
ՎՐԱՅ
[1]
Ա՜յ
իմ
Մայիսի
անձրեւ
որ
կուգաս
կանաչիս
վըրայ,
Թէ
գաս
նէ
կենամ
կանաչ,
թէ
չիգաս,
երթամ
չորանամ։
******
Լեռնե՛ր,
իմ
խորու
ձորեր,
ինծի
դուր
տըւէք,
դուրանամ.
Թէ
չէ
նէ,
սապռ
ու
համբեր,
որ
ես
այս
տէրտին
դիմանամ։
******
Լեռնե՛ր,
ձեզ
երնեկ
կուտամ,
որ
ատենկ
բարձր
էք
մընացեր,
—
Մեզի
երնեկ
չիպիտի,
մեր
տերտե՛րը
շատ
կու
լինի.
Ամառը
տաքուն
կ՚երինք,
ձըմեռն
ալ
ի
մէջ
ձուներուն։
Մարիկն
է
տաքուկ
հացիկ,
ով
ուտէ՝
կու
կշտացընէ.
Հարիկն
է
անպակ
գինի,
ով
խըմէ՝
կու
արբեցընէ.
Աղբարն
արեգակ
նըման,
սար
ու
ձոր
հաւսար
կու
ցաթէ։
******
Տարին
տասներկու
ամիս
սիրու
տէր
եմ
այս
ի
լաց.
Արունով
հաց
եմ
նստեր,
արցունքով
ի
կուլ
եմ
տըւեր։
******
Տէրտերս
արեւուն
ըսեմ,
վախնամ
թէ
արեւ
չիցաթէ.
Երթամ
լուսնըկին
ըսեմ,
որ
ամսէ
ամսիկ
կու
նորի։
******
Աչերս
է
չարտախ
նըման,
մէջն
երկու
ախպար
կու
կենան.
կու
կենան.
Մեծիս
մեծ
արեւ
կ՚ըսեն,
պզտիկիս
արեւ
լուսընկայ։
******
Լուսընկայ,
քեզ
չեմ
սիրեր,
խոռեր
ես
ու
խոռ
կու
նայիս.
Ես
արեգակ
կու
սիրեմ,
կու
ցաթէ
ալէմս
արունատ։
******
Խաչին
լուսընկան
նորուն,
ալվի
մուխ
տըւին
աչերուս.
Առին
ճերմակ
պալերուս,
չիթողին
աղուոր
ձագերուս։
Խօսիմ,
կ՚ելլեմ
արեւուս.
չիխօսիմ,
կ՚ելլեմ
ձագերուս.
Ալվի
կ՚ելլեմ
արեւուս,
չեմ
անցնիր
աղուոր
ձագերուս։
******
ԾԱՂԿԱԽՏԷՆ
ԿՈՒՐԱՑԱԾ
ՄԱՆՈՒԿԻ
ՄԸ
ՎՐԱՅ
Ես
աս
գիշեր
դուրս
ելայ,
ճնճըղնին
կու
ճըլվըլտային.
Կայնեցայ
մըտիկ
արի,
իրարու
գանգատ
կ՚անէին.
Մէկն
ալ
մէկալին
կ՚ըսէր՝
«Ի՜նչ
դիժար
է
մնկան
հոգին.
Թող
ելլէ
մանկան
հոգին,
թող
չելլէ
աչերն
երեսէն.
Ես
քաշած
ու
տեսած
եմ,
չիտեսնէ՜
տիւշմանիս
աչուին։
[1]
Այս
հայրէններն
ալ
քաղուած
են
Ճանիկեանի
հատորէն։