Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԷ

Աշխարհագրութեան դասը, որ պէտք է մեծապէս զեղչուի գլխաւորաբար բուն պատմութեան դասին չափ, նկարագրութիւն մը պիտի ըլլայ մանաւանդ, հրապուրիչ ու պատկերացուցիչ քան անգոյն ու անգիծ ցուցակագրութիւն մը։ Հեռաւոր երկիրներու, մանաւանդ խիստ երկրորդականներու բնական ու քաղաքական աշխարհագրութիւնը պէտք է սուզել հեռաւոր մեծ աշխարհներու ընդհանուր նկարագրութեան մէջ։ Եթէ պատմութենէն շատ բան պէտք է թանձրացնել, աշխարհագրութենէն ալ շատ բան պէտք է վերացնել, ընդհանրացնել։ Բայց ազգերու քաղաքակրթութիւնն ու բարքերը պէտք է աւելի ընդարձակօրէն պատմուած ըլլան։ Զանազան պետութեանց կլիմայական, հանքային եւ կարրգ մը մասնաւոր հանգամանքներուն, եթէ բացառապէս հետաքրքրական չեն, պէտք է նախադասել գօտիներուն ընդհանուր ու ճոխ յատկութիւնները։ Մեծ խուզարկուներու կեանքէն հետաքրքրական դիպուածներ պէտք է կարդացուին կամ պատմուին տղոց, գրքէն անջատ կերպով. նոյնպէս զանազան ուղեւորներու տեղեկատուութիւններէն էջեր պէտք է կարդալ կամ պատմել. ճամբորդութեան ձեւերու եւ պայմաններու վրայ պէտք է տեղեկութիւններ տալ. արդի թէ նախկին։ Պէտք է պատկերներ տեսնեն տղաք բնական մեծ տեսարաններու, քաղաքներու, փոթորիկներու, տարազներու, կամուրջներու, նշանաւոր շէնքերու եւլն. եւլն։ Իսկ իրենց քարտէսները որոնք լաւ կ՚ըլլար եթէ փոխանակ հարիւրաւոր քաղաքներու անունները պարունակելու, մեծ մասին դիրքերը միայն նշանակէին, մասնաւոր ուշադրութեան պէտք է առնուին։ Պէտք է վարժուին տղաք ուսուցչին թելադրութեանց ու չափաւորմանց շնորհիւ, երեւակայել քարտէսին յատակաձեւերէն բուն իսկ տեսարրանները. վայրերուն բարձրացումներն ու խոնարհումները, զանազան կէտերու հեռաւորութիւնները պէտք է վարժուին չափելու. երկիրներու մեծութիւնները բաղդատելու, կէտէ մը ուրիշ կէտ ճամբորդութեան մը հաւանական տեսարանները, եւլն. գուշակելու։ Այս բաները միտքը կը խառնեն յիշողութեան։ Եւ արդէն միշտ մտածել տալու է տղուն մանաւանդ քան յիշել։

Տղաքը պէտք է ճամբորդեն, մօտերէն սկսեալ հետզհտէ աւելի հեռուները. եւ իրենց պտըտած տեղերուն հարեւանցի քարտէսները գծել սովրին։ Հարկ չկայ ըսելու որ անպատճառ պէտք չէ պտոյտները յատկացնել միայն այս կամ ա՛յն ուսման. մէկը կրնայ պատրուակ ըլլալ լոկ, եւ աշակերտներուն մտազբաղումը մասնաւորապէս իւրագրաւել։ Արդէն բացորոշապէս ըսինք թէ ո՛րքան կը զգուշանանք նիւթերը անջատելէ։

Հաշուական գիտութիւններէն՝ պէտք է երկրաչափութիւնը զեղչել եւ մեքենագիտութիւնը դնել պատշաճ չափով։ Այս դասին համար պէտք է ունենալ գլխ[աւոր] սկզբունքներ ներկայացնող մեքենայ մը եւ փայտէ réductionները։ Թուաբանութենէն, աւանդել այն տիեզերական կանոնները գլխաւորաբար՝ որոնք հարկ չեն թողուր անպատճառ յաւելուածական եղանակներու։ Պէտք է զգուշանալ թուաբանութեան քերականութենէն, եւ հարկ է նուազ technologie դնել հոն։ Խնդիրները պէտք է ըլլան կենդանի. նոյն իսկ մանաւանդ տարրական դասընթացքին մէջ, ոչ թէ երեւակայական, այլ մանաւանդ իրական, ներկայ առարկաներու վրայ։ Եւ զանոնք պէտք է լուծել տալ ուսուցչին ներկայութեանը. երբեք առանձին, դասարանէն դուրս։ Կանոններու ուսուցման պէտք է յաջորդէ ու խառնուի խնդրոց լուծումը, ուսուցչին առջեւ որ պիտի ոգեւորէ տղաքը եւ իւրաքանչիւրին լուծումը պիտի քննադատէ։ Իսկ մանաւանդ պէտք է աշխատիլ լուծման օրնքները տղո՛ց իսկ գտնել տալ, մտաւորական աշխատութեամբ մը, եւ նոյն իսկ հաշուական կամ չափական մի՛ւս ճիւղերուն օրէնքներն ալ, եւ անոնց վերաբերեալ ձեւերու, պատկերներու գիտական սահմանները։ Կարծեմ թէ կարելի է երկրաչափական առածները գուշակել տալ իրենց. իւրաքանչիւրը պէտք չունի Բասքալ մը ըլլալու. պէտք է աշխատցնել տղոց միտքը, մտածման նիւթը հետաքրքրական ընելով, եւ արդէն այդ կերպով հետաքրքրական ու զբաղելի կը դառնայ ամէնէն քիչ հրապուրիչ այս դասը, եթէ նաեւ ու մանաւանդ՝ ուսուցիչը ոչինչ պահանջէ տղաքներէն իբրեւ առանձին աշխատութիւն, այլ ամէն ինչ իր ներկայութեան ընել տայ, իր թելադրութեանց ենթարկելով զանոնք։— Տոմարակալութիւնը պէտք է անշուշտ յատկացնել բարձրագոյն ու լրացուցիչ դասընթացքներուն, յատուկ ուշադրութեան առնելով վաճառականութեան բարոյականը։ Ոչ մանաւանդ իբրեւ շահու աղբիւր պէտք է ուսուցանել առեւտրական գիտութիւնը, այլ մանաւանդ իբրեւ ընկերային-բարոյական երեւոյթ մը ու վիճակ մը, որ իր օրէնքներուն խորին հիմը ունենայ խղճին մէջ, պատուոյ մէջ։

Իսկ այն դասերը որոնք իրագիտութիւն անունին տակ կ՚առնուին կամ կրնան առնուիլ, թէեւ «Նախակրթարան» ընթերցահատորը ինքնին ուրիշ բան չըլլայ, բայց խիստ ընդարձակ մտքով առնուած իրագիտութիւն, պէտք է ներկայացուին հոն բնական գիտութեանց, բնապատմութեան, երկրագործութեան, արհեստագիտութեան, տիեզերագիտութեան (որ կրնայ մտածուիլ աշխարհագրութեան մէջ ալ), առողջաբանութեան, տնարարութեան, նախանիւթերու ու առտնին խնամքներու (բժշկութիւն, հիւանդապահութիւն) վերաբերեալ ծանօթութիւններով։ Այն ճիւղերը՝ որոնք փորձեր կը պահանջեն, պէտք է աւանդուին առատ, հետաքրքրական, յաճախ զբօսալի փորձերով։ Անոնք որ հաւաքածոներու կարօտ են, պէտք է աւելի կամ նուազ առատութեամբ ունենան անոնցմէ։ Անոնք որ պատկերներով աւանդման պէտք ունին՝ պէտք է պատկերներով բացատրուին։ Ի՜նչ ճոխութիւն, եւ որքա՜ն պէտք՝ այսպիսի ճոխութեան մը. բնութիւնն ու արուեստը պէտք է իրենց իրական ու պատկերեալ իրերովը ներկայ ըլլան դասերուն։ Երրկրագործութիւնը, որքան կարելի է, պէտք է գործնականանայ՝ պարտիզամշակութեամբ, բանջարամշակութեամբ, հաւաբուծութեամբ, կարագաշինութեամբ, պանրաշինութեամբ, եւն., որոնց արգասիքը, իր առատութեան համեմատ կրնայ ծախուիլ շահագործուիլ, կամ աշակերտներէն եւ ուսուցիչներէն վայելուիլ՝ վարժարանին մէջ կամ մեծ պտոյտներու ատեն։ Արհեստագիտութիւնը, քիմիագիտութեան հետ, արտադրիչ ըլլալու է երկրագործութեան պէս. եւ որքա՜ն արհեստներ կան, որ առանց բազմածախս գործիներու կը գործեն. բրուտութիւն, կահագործութիւն, ներկարարութիւն (tein. ), կազմարարութիւն, գորգաշինութիւն, ձեռագործ, ասղանկար, դերձակութիւն, եւն., եւն., որոնք ամէնքն ալ, աշակերտներու ընտրութեան համեմատ իրենց ձեռական աշխատութեանց ժամերը օգտակար պիտի ընեն։ Ուսուցիչը կամ օժանդակողները վարպետներ ըլլալու պէտք չունին ասոնք վարելու համար. զի ընթարցաւարտ աշակերտը չպիտի ելլէ դպրոցէն իբր վարպետ գորգարար, վարպետ բրուտ, եւն. ։ Արհեստագիտական պտոյտներու միջոցին այցելուած արհեստանոցեր, արհեստագիտական գիրքեր (զոր ուսուցիչը ունեցած կ՚ըլլայ իրեն համար), եւ մերթ վարպետներու այցը կը բաւեն այդ արհհեստներուն գոհացուցիչ գործադրումը։

Եւ յետոյ տղուն ճարելու, գտնելու, ստեղծելու կարողութեանց ալ պէտք է ասպարէզ թողուլ, եւ յարգել զանոնք։ Տնարարութենէն (économ. dom. ) կարելի մաս մը պէտք է գործադրուի վարժարանին մէջ որ տուն մը ըլլալու է մանաւանդ քն այն անանուանելի հասարակաց շէնքը որ եղած է ցարդ իր դատարկութեամբ ու անճաշակութեամբ։ Աւելորդ չէ՞ յիշեցընել թէ հիւրամեծարութիւնը, որ տնարարութեան բարոյականին կը վերաբերի՝ որքան առիթներով գործնական կրնայ դառնալ, թէ որքան առտնին բարեկարգութիւն մը պէտք է արտադրուի տղոց դաստիարակումէն, եւ թէ ի՛նչպէս ամէն ոք դպրոցի իրերու հետ պիտի վարուի իբրեւ անձնական ու հասարակաց հարստութեան մը հետ։

Իսկ իրագիտական պտոյտներուն գալով, նոր ըսելիք մը չունինք։ Երբ ըսենք թէ Բնութիւնն ու Արուեստը պիտի կազմեն այս դասը, կը հասկնանք թէ ոչ միայն վարժարանը պէտք է ունենայ իր բնական ու արհեստական եւ իրերու թանգարանը, այլ նաեւ ինքն իսկ բաւական շրջուն ըլլայ բնութեան եւ արուեստներուն այցելելու եւ բերելու անոնցմէ քաղուած անմիջական ծանօթութիւններն ու նիւթական առարկաները, զորս հաւաքել պիտի սովրին աշակերտները։

Նոր ըսելիք մը չունինք նաեւ քաղաքային կրթութեան նկատմամբ, կ՚ուզենք յիշեցնել միայն լրագրի ընթերցման կարեւորութիւնը։ Ընտրանօք բերուած օրաթերթեր՝ խօսակցութեանց ու բացատրութեանց առատ աղբիւր մըն են այս դասին պիտանի. պաշտօնական գործերու, քաղաքական իրերու վերաբերող լուրերը՝ կանխաւ սովրուած բաներու քոնդրոլին, օրէնսգիտական, տնտեսագիտական, սակարանի վերաբերեալ բացատրութեանց անհատնում առիթներ կրնան ըլլալ։ Բայց ասոնցմով չի լմննար լրագրին գործը, կրնայ ծառայել աշխարհագրական, պատմական եւ այլն նորանոր ծանօթութիւններ հայթայթելու, եւ միշտ նախորդ դասերու մէջ ստացուածները հաստատելու, քոնդրոլ ընելու նաեւ, ընկերային ու ընտանեկան դէպքերու լուրերով՝ կրնայ ծառայել օժանդակելու բարոյագիտութեան, ու բարոյական խորհրդածութիւններ արտադրելու։

Իսկ բարոյագիտութիւնն ու կրօքը պէտք է հզօր բաժին մը ունեցած ըլլան ընթերցհատորին մէջ, պէտք է հզօր բաժին մը ունցած ըլլան ընթերցհատորին մէջ, հրահանգիչ, ազդեցիկ ու յուզիչ իրադէպերու պատմութեամբ, խրատներով, բացատրութիւններով, բարոյական իմաստասիրութեամբ, եւ բոլոր ասոնց առիթն ու արդիւնքը՝ բարոյականը պէտք է տիրէ դպրոցին, տարուի դպրոցին հետ, ինչպէս արդէն ամբողջ ընթերցհատորը տոգորուած  պէտք է ըլլայ անով, այնպէս որ իւրաքանչիւր նիւթ անզգալապէս պէտք է յանգի քաղաքակիրթ զգացումներու թելադրութեան. ամէն ճիւղ պէտք է բացորոշ կամ հնար եղածին չափ բացորոշ կերպով բարոյականին մէջ աւարտի։ Չկայ դաս մը որ ա՛յս դասին չափ հարկաւորութիւն ունենայ գործնական ըլլալու։ Չարութիւնները, ստախօսութիւնը, եսականութիւնը, բոլոր մոլի զգացումները պէտք է սրբուին դպրոցէն։ Բարոյականը պիտի ըլլայ բոլոր ուսման ճիւղերուն նպատակը, բոլո՛ր դպրոցին նպատակը։ Ամէն բան վերջապէս պիտի յանգի խղճին զարգացմանը։ Ո՛չ մէկ տաղանդ, ո՛չ մէկ փայլուն յատկութիւն առաւելակշիռ պիտի ըլլայ բարոյականէն։ Հոգածու, հայրական հսկողութեամբ մը տղայոց գործերուն եւ մտածումներուն, դպրոցին մէջ թէ անկէ դուրս, պէտք է յարատեւութեամբ ու կատարելութեամբ սրբագրուին, ուղղուին տղաք իրենց խղճովը։ Ընթերցաւարտը բարի ու արդար պիտի ելլէ վարժարանէն։ Ուրիշ ո՛չ մէկ կերպ կրնայ ելլել անկէ։ Օ՜հ, խիստ հազուադէպ բացառութիւններ կրնան ըլլալ, որոնք սակայն անկարող են տկարացնելու ընթերցաւարտներու բարոյականին հարկին բացարձակութիւնը։ Եթէ այս բաները կարելի չեն՝ թող վարժարանները փակուին ուրեմն։ Ո՛չ ոք կը պաշտպանէ խարրդախութիւնը, կեղծը։ Եթէ տրուած դաստիարակութիւնը ճշարիտ չէ՝ թող ջնջուի։ Ծնողք մը աւելի աղէկ կրնայ դաստիարակել, քանի որ նախ՝ ծնողքին ու վարժարանին իրերհակասութիւնը, որով ո՛չ ծնողք կը յարգուին, ո՛չ ուսուցիչները կը սիրուին՝ կը դադրի, երբ ծնողքը դաստիարակէ իր տղան։

Բայց բարոյական կրթութեան մասին հարկ չենք տեսներ աւելի խօսիլ, երբ մեր ըսածները հոս այնքա՛ն բացայայտ են։ Մասնաւորապէս կամքի դաստիարակութիւն պահանջեր էր վերջերս ուսուցիչ մը, Ա. էֆ[էնտի] Նիկողոսեան, Մանզումէի մէջ իր գրած ընդարձակ կրթական յօդուածներուն մէջ, երբ խօսած էր բարոյական դաստիարակութեան այժմու վիճակին եւ հարկաւոր վերանորոգմանը վրայ։ Հա՞րկ է մեր կողմէն բան մը յաւելուլ այդ յօդուածներուն՝ որոնց սրտագին ձայնակից ենք, եւ զոր լուսամիտ ընթերցողները գնահատեցին անտարակոյս։— Բայց, արդէն, ո՛վ որ բանայ Ուսումնական Խորհուրդի հուսկ էջերը, ուր բարոյական դաստիարակութիւնը ծրագրուած է անքննադատելի ու տիրական կերպով, պիտի տեսնէ թէ ոչինչ պիտի կրնայինք աւելցնել այդ գեղեցիկ էջերուն, կամ յապաւել անոնցմէ։ Բայց ո՞վ կարդացած է Կրթական Ծրագիրը, կամ խորհած մանաւանդ, անոր վրայ։ Ամէն ճիւղ, ընդունելով որ ամէնքն ալ զատ զատ աւանդուէին, ներկայացուած է հոն բոլոր կարելի խնամքովը ճշմարիտ դաստիարակին, իսկ յատուկ սիրով մը ու ճարտարութեամբ մը դրուած է հոն բոլոր ուսմանց պսակումը կազմող բարոյագիտութիւնը։ Գրեթէ երախտագիտութեամբ է որ կը կարդայ մարդ Կրթական Ծրագրին մանաւանդ այս վերջաբանը, եւ զգացման համեմատական մորմոքով մըն է որ մարդ կը տեսնէ այդ էջերուն գործադրութեան (. ՞) բոլոր թշուառութիւնը նախակրթարանին մէջ։

 

«Արեւելք», 1902, 17/30 Յուլիս, թիւ 5000