Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԸ

Ո՞վ պիտի գրէ սակայն այս քիչ մը յարակարծային ընթերցհատորը։ Թողունք որ «Նախակրթարան»ը լեցուն պէտք է եղած ըլլայ պատկերով, պայմանկարներով, յատակաձեւերով, քարտէսներով, անիկա պէտք է պարունակէ իբր ուսում ինչ որ անհրաժեշտ է որ տղուն մտքին մէջ մնայ, այսինքն ինչ որ հմուտ ու գիտակից ընտրանքով մը պէտք է առնել ընթերցհատորին միջոցաւ աւանդելի գիտութիւններէն։ Որովհետեւ այս դասագիրքը խօսակցութիւն մը պիտի ըլլայ՝ ուր նիւթերը իրարմէ պիտի բղխին եւ պիտի ընդունուին առեւերւոյթ անկարգութեամբ մը, կամ ուր գէթ նպատակը ունեցած պիտի ըլլայ անջատօրէն չաւանդելու ուսման այլազան ճիւղերը, եւ պիտի ցուցուած ըլլան այն կապերը որ այդ տարրերը ամբողջի մը կը պատկանեցնեն, ուստի շատ բնական էր որ միակ անձ մը գրէր զայն։ Բայց մենք անձնապէս գոնէ, դեռ չենք ճանչնար այնպիսի հեղինակ մը որ համապատասխանէ մեր, կամ «Նախակրթարան» դասագրքին պահանջին։ Սակայն Ուսումնական Խորհուրդի մը կողմէն որոշեալ եւ վարձատրեալ գիտնական ժողով մը կրնայ խմբագրել զայն կատարելապէս, եւ անդամներէն մէկն ալ, ի հարկին, կրնայ ոչ բաւական սերտիւ իրերյաջորդող նիւթերը կապակցել, եւ անոնց իրարմէ բխման աւելի բնական ձեւ մը տալ, ու բոլորովին միաւորել հատորը։ Անցողակի ըսենք, թէ, հարկաւորապէս, Ուսումնական Խորհուրդը, որ պիտի պատրաստէր այս գործը, պիտի սեփականէր նաեւ անոր հրատարակութեան իրաւունքն ու շահը, եւ քանի մը տարին անգամ մը անոր վրայ հարկաւոր դարձող բարեփոխումները ընելու պարտաւորութիւնը։ Յայտնապէս կ՚երեւայ թէ Ուսումնական Խորհուրդի մը հոյակապ մէկ գործը պիտի ըլլար այդ գրքին խմբագրութիւնն ու պարտադրումը նախակրթարաններուն, ակադեմական, նաեւ նախախնամական գործ մը պիտի ըլլար ան։ Պէտք է որ Ուսումնական Խորհուրդը ուսուցիչներու եւ անոնց ամէն արտադրութեանց անսպառ յորդութեան placementին շատ բարեացակամ պաշտօնէն աւելի՝ ստանձնէ բարի, միանգամայն արդարապէս իւրավայել պաշտօնը՝ ընդհանուր միակ դասագիրքը պատրաստելու, եթէ նոյն իսկ այս բանը ըլլար արգիլելու համար միայն որ աշխարհի փափկագոյն ու բարձրագոյն գործը՝ դաստիարակութիւնը՝ ասպարէզ դառնայ խանութպանական ճաշակներու, շահագործելի հանք մը խանութպան-հեղինակներու, որոնք իրարու կամ այլոց արտադրութիւնները կեղծելու մասնաւոր բարոյականին մէջ քաջալերուած ու վարձատրուած (ո՛չ թէ անտեսուած) կը յարատեւեն, քանի որ իրենց ապրանքները «համաձայն» կը գտնուին նախակրթարանին, Ուսումնական Խորհուրդէն՝ որ «կ՚արտօնէ» դպրոցներուն մէջ անոնց «գործածութիւնը»։ Քանի որ Ուսումնական Խորհուրդը մենաշնորհը ունի կրթական գործերը վարելու, կարծեմ թէ ամենեւին անբանաւոր չէ որ մենաշնորհն ունեցած ըլլայ նաեւ դասագրքերու պատրաստութեանը, որ ամենաբնական հետեւոյթն է իր գոյութեանը։

Բայց մենք շտապենք աւարտել մեր յօդուածը, անցնելով նախ այն դասերուն աւանդման՝ որոնք անհրաժեշտօրէն դուրս պիտի մնան ընթերցհատորէն։ Այդ դասերն էին լեզուները, եւ գծագրական ու երաժշտական դասերը (որոնց տեսական եւ մանաւանդ գիտական մասը անտարակոյս իր տեղը կրնայ ունենալ ընթերցհատորին մէջ) եւ ձեռնարուեստները։ Այս վերջին երեքին վրայ աւելորդ կը համարինք խօսիլ, զի գրեթէ պիտի կրկնէինք ինչ որ անոնց աւանդման թերիները թուելու ատեն թելադրեցինք կանխաւ։

Լեզուներուն մէջ մայրենին՝ շարադրութեան դասով մը միայն կրնայ ներկայանալ դասագիրքէն դուրս, զոր կարդալով ու բացատրելով բցտ. ընթերցումն ըրած պիտի ըլլան աշակերտները արդէն, եւ քանի որ քերականական ինչ ինչ ծանօթութիւններ (լեզուաբանականները՝ ընթերցհատորին մէջ), շարադրութեան դասին միջոցաւ միայն պիտի տրուին։ Իսկ շարադրութեան դասին նիւթերուն մէկ մասը բնականօրէն պիտի առնուի «Նախակրթարան»էն, ընդլայնուելու համար անձնական նկարագրութիւններով ու դիտողութիւններով, կամ ամփոփուելու համար։ աւելորդ է ըսել թէ տղաք լաւ պիտի շարադրեն երբ ո՛ եւ է բան լաւ խօսուի իրենց, եւ իրենց խօսակցութեանց, պտոյտներէ եւն. էն յետոյ իրենց տեղեկատուութեանց եւ այլնի մէջ ուղղուին իրենց ուսուցչէն որ զիրենք այդ բանին մէջ սրբագրելու խնամքով մը՝ նպաստած պիտ ըլլայ ճշդասիրութեան, եւ անուղղակի՝ ճշմարտասիրութեան, ուղղամտութեան բարոյականին։

Իսկ օտար լեզուներու դասագիրքերը մէյմէկ ամբողջութիւն պարտին ըլլալ՝ պարունակելով թէ՛ մայրենիէն օտար լեզուն եւ թէ անկէ մայրենի լեզուն թարգմանութեան դասեր, եւ թէ համառօտեալ մէկ պարզ քերականութիւնը նոյն լեզուին, լաւ եւս՝ նոյն լեզուին օրէնքներուն վերաբերեալ այն ծանօթութիւնները միայն, որոնք կը դիւրացնեն բռաթիքը, էական միջոց  լեզուն սովրելու։ Գաղափար մը տուած ըլլալու համար  գործադրուելիք զեղչին վրայ քերական գիտելիքներու մէջ՝ յիշենք «Մասունք Բանին», քերականական լուծումը հոլովներուն անուններն ու պաշտօնները (ենթակայ, սեռի խնդիր եւն. ) եւ այլն, որոնք բոլորովին աւելորդ բաներ են, եւ բացարձակապէս անօգուտ՝ նախակրթարանի աշակերտի մը համար՝ ո՛ եւ է լեզու սովրելու ատեն։ Այնպէս որ մարդ չի կրնար երբեք հասկնալ թէ «մանկավարժական» ի՛նչ նպատակով հարկադրուած ուսումներ են դեռ ատոնք։

Պէտք է սակայն անշուշտ աւանդել այն կանոնները որ կարեւոր տարբերութիւններ կը դնեն օտար եւ մայրենի լեզուներուն մէջ, օրինակի համար յոգնակիներու եւ իգականներու կանոնները, շարադասութեան հակոտնէութիւնները, օժանդակներու զանազանութիւնը եւն., զոր օրինակ ֆրանսերէնին մէջ, պայմանաւ որ technologie չըլլայ ատոնց ցուցման մէջ։ Պէտք չէ՛ ըսել օրինակի համար. «ֆրանսերէն շարադասութիւնը կ՚ըլլայ՝ դնելով նախ ենթական, յետոյ բայը, յետոյ խնդիրները»։ Այլ պէտք է ըսել օրինակի համար. «Ֆրանսերէն խօսք մը շինելու համար նախ պէտք է դնել եղողը կամ ընողը, յետոյ անոր ըրածը, յետոյ միւս գաղափարները»։ Բայց թերեւս երկար եղաւ ասանկ, այնպէս չէ՞. եւ թերեւս նոյն իսկ չըսինք ամէն ինչ որ նախորդ խօսքով յայտնեցինք քերականօրէն։ Կը պատասխանենք թէ նախ այդ «ամէն ինչ»ը կարեւոր չէ բնաւ. երկրորդ՝ եթէ երկայն խօսելով ժամանակ վատնեցինք եւ դժուարացուցինք գործը, միթէ այս վատնումն ու դժուարացումը կրնա՞յ բաղդատուիլ ժամանակի ա՛յն վատնումին եւ այն դժնդակութեան հետ՝ որոնցմով Քերականութեան ամբողջ դասընթա՜ցք մը ընել կուտանք։ Նոյնպէս պէտք չէ ըսել. «Ֆրանսերէնի մէջ յատկացուցիչը յատկացեալէն յետոյ կը դրուի». այլ՝ «Մենք, Հայերս, կ՚ըսենք զանգակին ձայնը, Ֆրանսացիները կ՚ըսեն ձայնը զանգակին»։ Ածականներու համաձայնութան պարագային՝ պէտք չէ որ ըսուի. «Ածականները սեռով եւ թուով կը համաձայնին անուններուն հետ». հապա մանաւանդ պէտք է ըսել. «Les eaux dormantes». ջուրերը ի՞նչպէս են եղեր. կայուն. պէտք է որ այս բառն ալ ջուր բառին պէս իգական ըլլայ, քանի որ կայուն եղողները ջուր են։ Մէ՞կ ջուր մը կայ եղեր կայուն. ոչ. շատ ջուրեր. ուրեմն կայուն եղողները շատ են, դնե՛նք շատութեան (կամ յոգնակի) նշանը կայուն բառին ծայրը»։ Որչա՜փ երկարեցաւ… սակայն մեր այս խօսքին մէջ քերականական ասացուածքի տեղ մասնաւոր տրամաբանութիւն մը դրինք. քերականական անուանումները զոր կը սովրի տղան, եւ բառերու տեսակները զանազանել տուող յատկանիշերը նուազ հիմնապէս կ՚ուսուցանեն լեզուն, որովհետեւ կը մոռցուին, եւ յետոյ ի՜նչ դժուր բան՝ ճշդապէս ըսել թէ այսինչ բառը անուն է, միւսը ածական, եւ այլն։ Բայց վերը գործածուած ձեւը մոռցուելիք բան չի պարունակեր. չի՛ պարունակեր այնպիսի ասացուած մը որուն նշանակութիւնընախ փնտռել գտնել ստիպուի տղան, ինչ որ անխուսափելի կերպով կ՚ըլլար, երբ ըսէինք «Les eaux dormantes»ին մէջ ածականը համաձայնելու է գոյականին հետ, համաձայնած է գոյականին հետ սեռով եւ թուով»։ Այս հակիրճութիւնը առերեւոյթ բան մըն է. եթէ անով կարելի ըլլա՛ր նաեւ շո՛ւտ հասկցնել ինչ որ կ՚ըսուի, եթէ անով կարելի ըլլա՛ր յիշել տալ՝ աղէկ. այս հակիրճութիւնը ուրիշ բանի չի ծառայեր բայց եթէ ուսուցչին շնչափողին խնայելու, յարգելու անոր անձնաւորութիւնը, եւ ոչ երբեք ուսումը մատչելի ընելու տղուն՝ որ ատով պարտաւոր կը մնայ ամէն վայրկեան հանելուկներ լուծել։

Պէտք է գիտնալ թէ տղաքը տրամաբանութենէ՛ կ՚ախորժին ո՛չ թէ արհեստագիտական լեզուէ՝ որ այնքան կը նեղէ յիշողութիւնը, մինչ տրամաբանութիւնը հիանալի անմիջականութեամբ կ՚իւրացուի։ Այն միջոցին որ գիտութիւնները կը մերկացուին, որքան հնար է, իրենց technologique ասութիւններէն, որպէս զի կարենան ռամկանալ, միթէ մանկավարժակա՞ն բան մըն է քերկանագէտներու յատուկ լեզուն գործածել տալը տղաքներուն՝ որ ժողովուրդին չափ, եթէ ո՛չ մեծապէս աւելի, պէտք ունին ուսմանց ռամկացմանը։— Բայց հոս այլեւս տեղը չէ երկարելու վերի ուղղութեամբ, ուսուցչին ցուցնելո ինչ որ պիտի առնէ եւ ինչ որ պիտի թողու. մենք կը կարծենքոր տրամաբանութիւնն ու յստակամտութիւնը կը բաւեն ընտրուելիքն ու թողնուելիքը որոշելու, իրենց հիմ ունենալով մասնագիտական, արհեստագիտական բառերուն հարկաւոր զանցառման գաղափարը։ Իսկ ո՛վ որ լեզուի մը ներյատուկ ոգիին, խորհելու ձեւին կը գիտակցի՝ անիկա կը հարկադրէ այդ գիտակցութիւն ուսանողներուն որոնք, որքան հնար է, ամէն ատեն ներկայ եւ «անմոռանալի» խորհրդածութիւնը կը ստիպուին դնել կանոններուն եւ յատուկ ասացուածներուն տեղ։

 

«Արեւելք», 1902, 18/31 Յուլիս, թիւ 5001