Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԹ.

Հիմա քիչ մը աւելի ընդհանուր բաներու անցնինք։ Դասերուն շուրջը մեր մատնանշած սահմաններէն արդէն բաւական հաճելիութիւն կը բղխի տղուն համար։ Ուսման ունենալիք այդ գերազանցապէս անհրաժեշտ հանգամանքը պիտի գոյանայ նաեւ երբ դասը պատժոյ, ծաղրի, յանդիմանութեան հեռապատկերներով անտանելի չդառնայ բնաւ, եւ երբ որ ուսուցիչները փոխանակ յարձակելու տղոց արժանապատուութեանը, անոնց խիղճին խօսին միայն։ Վիրաւորուած արժանապատուութիւնները, կամ, ւելի մերկ ասութեամբ, վիրաւորուած անձնասիրութիւնները աւելի կ՚աճին. եւ թերեւս աւելի հրէշօրէն։ Աճման գրգիռ մը ընծայել է վիրաւորելը։ Պէտք է խղճին խօսիլ զայն զարգացնելու համար, եւ պահանջուած զարգացումը տղուն աւելի հեշտին ընելու համար։

Բայց անտարակոյս դասերը հաճելի պիտի ըլլան երբոր դասատուին ներկայութենէն զուրկ՝ առանձին աշխատութեանց պարտադրումները գրեթէ բոլորովին վերնան։ Այս վերջին պարագան ուշադրութեան արժանի է։ Ուսուցչին նպատակը ուսման սէր ներշնչել, նաեւ ուսուցանել ըլլալով՝ պէտք է համոզուի ինք թէ իր զուարթ ու խելացի ներկայութիւնն է միայն որ կրնայ անտարբեր աշակերտը մղել հետաքրքրութեան, խորհրդածութեան եւն., բոլոր այն ջանքին զոր ըմբռնելու, ամբարելու, գործածելու համար պիտի ընէ, եւ զոր կը թողունք մենք սակայն որ ինքնին ընէ։ Սխա՛լ։ Շատ բան աւանդել ուզելով՝ իւրաքանչիւր ուսման շատ քիչ ժամանակ յատկացուցած ենք. հետեւաբար գիտէ՞ք ինչ տարօրինակ բան ըրած ենք. տղաքը, տգէտ, անճարակ, անհասկացող, հեռատեսութենէ ւ փոյթէ զուրկ տղաքը մեզի գործակից ըրած ենք անոնց ուսուցանելու պաշտօնին մէջ։ Եւ տղաքը այդ դերին մէջ եղած են միայն ինչ որ բնականօրէն պիտի ըլլային. շինուածքը քակող օգնականներ։ Ասով ըսել չենք ուզեր թէ տղաք ճիգ ընելու չեն բնաւ. կ՚ըսենք թէ նախակրթարանին մէջ ուսուցչին ներկայութիւնը անհրաժեշտ է բոլորովին՝ այդ ճիգը ընել տալու համար անոնց, եւ հաճոյքով, յօժարակամ։ Եռանդուն, զուարթ, եւ լրջօրէն հմուտ ու սրատես ուսուցիչ մը ի՜նչ բարիք է իրենց, երբ իր ներկայութեանը աշխատցնէ զանոնք, երբ հսկէ անոնց գործին, վարէ, ոգեւորէ զանոնք յաճախ նոյն իսկ ակամայ։ Որչա՛փ ճշմարիտ ու անմիջական է օգուտը որ ատկէ կը ծնի, ուսուցչին ներկայութենէն։ Որքան ալ պերճախօս, հաղորդական, տպաւորիչ ըլլայ դասատուին լեզուն, անգամ մը որ ինքը մեկնի տղոց քովէն եւ զանոնք թողու իրենք իրենց այսինչ պարտականութիւնը կատարելու, եւ ատոր համար իր փոխանցած ոգեւորութիւնը շահագործելու, այդ խանդը կը մարի՝ մինչեւ այն ժամը ուր այդ դասով պիտի զբաղէին տղաքը առանձին, եւ թոյլ, պակաս, յոռի եւ ցորչափ խանդազուրկ՝ նոյնքան չժուարին է այլեւս իրենց պարտադրուած աշխատութիւնը, զոր գրեթէ կատարելապէս, գէթ ապշեցուցիչ կարողութեամբ մը պիտի ընէին, եթէ՝ նախակրթարանին կեանքին մէջ առժամաբար իրենց հմտութեան ու խելքին տեղը բռնող ուսուցչին ներկայութեանը ըլլային։

Մեր դասատուները ի՞նչ կ՚ընեն. նախորդ դասին մէջ նշանակուած դասը կու գան պահանջելու աշակերտներէն, որ իբր թէ զայն սովրած եկած են դասարան. իրարու ետեւէ կ՚ըսեն իրենց դասը. դասատուն մտիկ կ՚ընէ, կ՚ուղղէ (. ՞), կը յանդիմանէ, «վար նստէ» կ՚ըսէ, «Զէրօ» կ՚ըսէ, «Դո՛ւն ըսէ նայիմ» կ՚ըսէ, եւ ժամը կ՚անցնի. տասը վայրկեան միջոց չունենար յաջորդ դասին վրայ խօսելու, զոր կ՚արձանագրէ, եւ կ՚ելլէ կ՚երթայ։ Ու ժամերը ասանկ կ՚անցնին, նեղացուցիչ, անօգուտ, վնասակար, ողորմելի արդիւնքով։ Դասատուները դասապահանջ են մանաւանդ. եւ աշակերտներն են դասատու, իրենց բոլոր թշուառութեամբը։ Դասատուն իր ժամանակը չի վատներ բացատրելով ու կրկնելով. տղաքը ոչինչ հասկնալով կը վատնեն զայն. ո՞ւր է ուսուցումը եւ ո՞ւր է ուսումը։ Այս բոլոր խաղքութիւնը, բոլոր այս սուտը կը վերնայ երբոր ուսուցիչը յիշէ թէ ուսուցանելու համար կուգայ վարժարան. թէ ճիշդ ատոր համար վարձուած է. երբոր ուսուցիչը գիտնայ թէ տարբե՛ր ասացուածներ են դաս տալ եւ ուսուցանել խօսքերը։ Ի՞նչ փոխակայում. սովրեցնելու տեղ՝ դաս նշանակել, անուանե՛լ. գրեթէ ընելու տեղ ըսել. «Սովրէ՛» ըսել, եւ սովրեցուցած ըլլալ, ու ամսական առնել ասոր համար. օ՛հ, ապահովապէս ան գործի մարդիկը որ թաղական են կամ հոգաբարձու, ամէնէն նուազ կը հասկնան եղեր գործէ։ Թաղին առաջին միամիտներն են եղեր։ Սակայն փութա՛նք կրկնելու թէ տղաքը դասատուին ներկայութեա՛նը սովրելու են, ի՛նչ դաս որ ըլլայ։ Եթէ նոյն իսկ ուսուցիչը այն հազուագիւտ մարդն է որ իր պաշտօնը կը հասկնայ եւ նոյն իսկ եռանդեամբ կը սովրեցնէ, իւրացնել կուտայ, տղաքը տէր կ՚ընէ նիւթին, անօգուտ կը դառնայ երբոր կատարելի պարտականութիւններ կը յանձնարարէ տղոց, եւ այդ աշխատութեանց վստահելով տղաքը իր օժանդակները կ՚ընէ, ինչպէս վերը ըսինք։ Եթէ տղաքը աշխատելու եռանդով մը ելած են դասէն՝ պահած չեն սակայն այդ եռանդը, որ օր մը, երկու օր յետոյ իրենց պարտականութիւնը կատարելու պիտի մղէր զանոնք։

Այս տեսակէտով՝ լաւագոյն ուսուցիչներն ալ նօգուտ են, կամ գէթ իրենց հնարաւոր օգուտը ընծայելու անկարող։ Լաւագոյն ուսուցիչը ան է որ դասաժամուն մէջ կ՚աւանդէ դասը, կը հասկցնէ եւ անմոռանալի կերպով կը քանդակէ զայն տղոց մտքին մէջ, որմէ տղաքը կը բաժնուին աւելի՛ լուսաւորուած, որ գոհ կը մեկնի դասէն, բարիք մը ըրած ըլլա[լու] ստուգութեամբ։ Ամիսն անգամ մը կարելի է ընդհանուր հարցուփորձ մը ընել աշակերտներուն, առնուած նիւթերուն վրայ քաղ մը, սովրածներուն մէկ քոնդրոլը, ու թերիներուն մէկ սրբագրումը, լցումը, ընդհանուր վերհպում մը ընելու համար։ Եւ, եթէ կ՚ուզէք, նօթ դնելու համար ամսական տետրի մը մէջ (. ՞). իսկ դասաժամը պէտք է լեցուն ու հոծ ըլլայ դասատուին ու դասին հրապոյրովն ու աշակերտներուն թելադրուած խորհրդածութիւններով, որոնք ծառայեն դասանիւթին ինչ ինչ կէտերը ինքնին գտնելու, այնպէ՛ս որ դասը իւրանալէ առաջ կարելի եղածին չափ իւրակերտուած, իւրարտադրուած ըլլայ։ Այսպէ՛ս կը սովրեցնեն։ Ա՛լ հարկ չի մնար յաջորդ դասերուն «Դասդ ըրէ» եւ այլն եւ այլն ըսելով խեղճ տղոց չկրցածը իրենցմէ պահանջելու, կամ անոնց՝ հարկաւորաբար ի բերան ուսման ապաւինած ըլլալը դիտելու, եւ ծիծաղելի կերպով նեղսրտելու ատկէ կամ ողբալի կերպով գոհ ըլլալու։

Ընթերցհատորին դրութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ մեր պահանջած, ըսել կ՚ուզենք մանաւանդ՝ բանաւորութեան ու խղճին պահանջած դասաւանդումն ընելու. «Նախակրթարան»ին շնորհիւ ա՛լ յաջորդ դասին կատարուած ըլլալիք պարտականութիւն չկայ. գիրքը դասին միջոցին պիտի կարդացուի, բացատրուի, ընդլայնուի, ամփոփուի, եզրրակացուի, եւ աշակերտներէն իւրանայ։ Մէկ դասէն միւսը՝ տղաքը այդ գիրքը ձեռք առնելու պէտք չունին. այդ պէտքը անօգուտ բան մըն է։ Մեր ըսած կերպերով դասը հաճելի կ՚ըլլայ, որովհետեւ, ի մէջ այլոց, տղաք իրենց մղիչ, նեցուկ, օժանդակ կ՚ունենան դասատուն, որուն հեղինակութիւնն ու հրապոյրը կը վայելեն, եւ ա՛լ կը դադրին ունենալէ այն ձանձրոյթը զոր մինակուկ ու ախորժակօրէն պիտի զգային պարտադրուած դաս մը առանձին սովրելու ատեն, իրենք իրենց մասին ունեցած անվստահութենէն, թերի ու սխալ աշխատութիւն մը ընելու աւելի կամ նուազ զօրաւոր գիտակցութենէն, ենթադրուած եռանդի մը տակաւ մարած ըլլալէն, եւ այլն։ Եւ երբ ուսուցիչը, իրապէ՛ս ազնիւ մարդ, ընտրեալ մարդ, (ո՜չ թէ վկայեալ…) իր արուե՛ստը նկատած ըլլայ ոչ միայն ուսուցանելը, որ ինքնին հաճելի է արդէն, (քանի որր տղաք եւ ժողովուրդը, եւ ամէն մարդ ուրախ է երբ հասկցած է), այլ նաեւ յանկուցիչ կերպով ուսուցանելը, երբ զուարթ ու զուարթամիտ, պատկերացուցիչ ըլլայ, համոզիչ ու ներգործող, եւ այս առաւելութեանց միացնէ բարեսրտութիւն եւ արդարասիրութիւն (ենթադրելով որ ասոնց ամէնէն դիւրինը հմտութիւնը ունեցած ըլլայ), ա՛լ տղոց ուսումնատենչութիւնը ստոյգ է։

 

«Արեւելք», 1902, 30 Յուլիս/12 Օգոստոս, թիւ 5011