Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի.

Քիչ մը առաջ ամսական քննութեանց խօսքը ըրինք, անցողակի մեր տարակոյսն զգացնելով թիւերուն անհրաժեշտութեան մասին։ Իրօք, ի՛նչ է թիւերուն նպատակը. ցոյց տալ աշակերտներուն կարողութեան աստիճանը, եւ, հաւանօրէն, սհորրին թիւ առնողները ատոնցմով ստիպել ջանք ընելու. ահա ինչ որ կ՚ուզուի առաջ բերել թիւերով։ Նախ, ամէն մարդ գիտէ թէ ո՛րքան այդ թիւերը նպատակ կը դառնան տղոց մէջ, իրենց ջանքերուն։ Շա՞տ մանկավարժական բան մըն է արդեօք իրենց մտաւոր ու բարոյական ազնուացման գիտակցութիւնը՝ եւ այդ առթիւ իրենց մարդկային գոհունակութիւնը գրգռելու, առաջ բերելու տեղ զգայարանական, արտաքին ու անհիմն հաճոյքի մը սպասել տալը տղաքներուն, որոնք իրենց ըրածէն գոհ կ՚ըլլան, այդ կերպով, որովհետեւ կը տեսնեն թէ բարձրագոյն թիւը շահեցան, եւ ո՛չ թէ որովհետեւ կը գիտակցին իրենց ըրածին։ Շա՞տ մանկավարժական է տղոց փառասիրութիւնը ուղղել բարձրագոյն թիւին մրցանակին, պատիւին. ուրիշներուն վրայ շահուած գերազանցութեան, գիտակցութեան զգացումին, քան զայն ուղղել զգայուն բայց խաղաղագոյն խիղճն ունենալու կատարելութեան։

Միթէ նպատակակէ՛տ դրած ըլլալով զանոնք, ակամայ, չե՞նք վարժեցներ տղաքը, գոնէ մասամբ, ապագային իրենց նպատակակէտ ընելու շահերուն, պատառներուն լաւագոյնը. դրացիին ունեցածը գերազանցող շրջազգեստը, փետուրը, գոհարը, եւլն. եւ ատոնք իբր ցուցադրելի, հռչակելի փաստե՛րը իրենց գերիվերութեան, որուն պիտի հաւտային ո՛չ թէ վասն զի խիղճը պիտի վկայէր ատոր, այլ որովհետեւ իրենց շահերը, իրենց շրջազգեստները եւ այլն այնպէս պիտի ըսէին, իրենց վերիվերութիւնը պիտի պատմէին իրենց։ Այսպէս կ՚ըլլայ աշխարհի մէջ, ուստի եւ դպրոցին մէջ։ Եւ յետոյ արդա՛ր ալ չեն յաճախ. անկարելի է որ ըլլան. աշակերտին պարագայական մէկ շփոթումը, ուսուցչին անխոհեմ մէկ անյստակութիւնը, տրամադրութեանց աննպաստութիւնը երկու կողմէն, եւ մանաւանդ ուսուցչին թերացումները յատկապէս այն տղոց նկատմամբ որոնք քիչ օժտեալ են ի բնէ, եւայլն, յաճախ կը սխալեցնեն ուսուցչին կշռումները, եթէ մանաւանդ վարժութիւնն ունեցած ըլլայ ինքզինքը պատասխանատու չնկատելու աշակերտներուն յոռութեանց։ Ոչ ոք թող ըսէ թէ կատարելապէս կը կշռէ, կը բաղդատէ տղոց կարողութիւնները այն ինչ դասաժամուն, եւ ըստ այնմ կը դնէ անոնց թիւերը։ Մենք յաճախ հրաժարած ենք թիւ դնելէ, մեր անսխալականութեանը չվստահելով…։ Բայց արդէն, ի՞նչպէս համեմատել սա տղուն բարեմասնութիւնները միւսներուն հետ, կամ ըրած սխալները՝ ուրիշի մը ըրածներուն հետ։ Ի՞նչպէս, դասին ոստոստուն խօսակցութեանց մէջէն ճիշդ հաշիւը բռնել իւրաքանչիւրին յաջող կամ ոչ պատասխաններուն, վասն զի պէտք չէ երկարօրէն ու միայնապէս զբաղիլ մէկ աշակերտով, ինչպէս ծանօթ ու բնական է, այլ ընդհանուր ուշադրութիւնը լարուած պահելու համար մէկէն միւսին անցնիլ, ու խուժող պատասխաններու տեղի տալ երբեմն։

Միակ դասագրքին դրութիւնը կը բառնայ թիւերուն անպատեհութիւնն ալ, վասն զի ուսուցիչը պէտք է զայն բացատրէ եւ ուսուցանէ՛ աշակերտներուն, եւ ոչինչ որոշապէս ու կանոնաւորապէս պահանջէ անոնցմէ յաջորդ դասին։ Իւրաքանչիւր տղու խղճի զարգացումը նպատակող դաստիարակութեան մը մէջէն խայտառակօրէն վանելի բաներ են այդ թիւերը. եւ դասագրքին պարունակութիւնն ալ, որ անընդհատ, զգալապէս թէ ոչ, բարոյականին կը յանգի՝ անոնց գործածմանը թոյլատու չէ։ Ուրեմն քննութիւննե՞րը. ի՞նչ միջոցաւ պէտք է ուրեմն ճշդել աշակերտներուն կարողութիւնները եւ ի՞նչ յենակէտով զանոնք բարձրացնել յաջորդ դասընթացքին կամ պահել նոյն կարգին մէջ։ Հարկաւորութիւն չկա՞յ հոս սովորական վիճակագրութիւնը գործադրելու։ Կայ թէ չկայ. ա՛լ խնդիրը հոն չէ, այլ՝ հոս՝ թէ անհրաժե՞շտ են սովորաբար կատարուած քննութիւնները։ Ատեն մը գրեթէ խնդիր եղաւ քննիչներու ներկայութիւնը, ահաբեկիչ հանդիսաւորութեամբ ար ա՛յնքան աղէկ կը ծառայէր շատ տղոց բերանը կղպելու. կարծենք թէ ատենն է խնդրոյ առարկայ ընելու քննութիւններն իսկ, ա՜յնքան սրտատրոփող եւ ա՛յնչափ խռովիչ, ու քանդիչ, որոնց ոչ մէկ համարձակ աշակերտ կ՚ենթարկէ ինքզինքը առանց սարսուռներու, եւ առանց յամառ ինքներկբայումներու որ կը ջլատեն, կը տառապեցնեն զինքը։ Բայց գթասրտութեան հարկ չկայ… խորհրդածութիւնը կը բաւէ՛։ Քննութեանց աւելի կամ նուազ վնասակար, աւելի կամ նուազ անգութ հանգամանքը մատնանշելէ կամ յիշեցնելէ աւելի՝ անոր անբանաւորութիւնը դիտենք։ Ուսուցիչ մը, ըսինք մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ, յաջողած է այն ատեն, երբ չէ թէ ուսեալ ըրած է աշակերտը, այլ ուսումնատենչ։

Այս գաղափարը անվիճելի է. վասն զի դաստիարակութեան բարոյական հիմին կը համաձայնի կատարելապէս։ Ուսումնատենչ ընելը համեստ ու պարկեշտ ընել ըսել է. չենք կարծեր որ մէկը կողմնակից ըլլայ տղուն սիրտէն համեստութեան, պարկեշտութեան աստիճանական ջնջմանը։ Վասն զի կարելի եղածին չափ շատ բաներ սովրեցնել ջանալը, արծաթասիրութեան մէկ ուրիշ ձեւը թելադրել է տղուն. ստացուածքի կիրք մը, միա՛յն տեղափոխուած. ստացուածքի ձեւին մէջ միայն տարբեր։ Հարստութիւնն ու հմտութիւնը միեւնոյն զգացումները կ՚արտադրեն, միեւնոյն փառասիրութիւնն ու միեւնոյն հպարտութիւնը, միեւնոյն եսականութիւնը, միեւնոյն եսամոլ ուրախութիւնը. երբ իրգնց համեմատական, ու զիրենք նոյն իսկ աւելի քան հակակշռող վեհանձնութեան մը, այլասիրութեան մը, անձուրացութեան մը չեն ընկերանար։ Քննել թէ ո՛րքան բան ունին ամբարած, բացորոշապէս թելադրել է տղոց թէ կարեւորը, էականը, անժխտելին՝ նիւթերու մեծագոյն քանակը իւրացուցած ըլլալն է. վասն զի կարելի չէ քննել տղաքը նա՛եւ բարոյականին մէջ՝ ա՛յնքան դիւրաւ որքան հմտութեան մէջ։ Բարոյականը տեսական բան մը չէ. տեսական բարոյականներէն զգուշանա՜լ կը սովրեցնենք մենք։ Ի՞նչպէս քննել տղաքը իրենց կեանքին, իրենց գործերուն մէջ։ Կարելի՞ է Յուլիս մէկէ մինչեւ Յուլիս 8 առաջ բերել այնպիսիկացութիւններ՝ որոնց մէջ իւրաքանչիւր տղայ իր ունեցած բարոյականը ապրի։ Պիտի ըսուի անտարակոյս թէ տղոց վարքին տեսակը կ՚որոշուի անոնց՝ ամբողջ տարեշրջանին մէջ անցուցած կեանքին ծանօթութեամբը, զոր մանաւանդ մեր ականատեսութիւնը մեզի տուած ըլլայ։ Լա՛ւ ուրեմն. եթէ բարոյականին համար այսպէս է, տրամաբանական չէ՞ նոյն բանը ըսել նաեւ միւս ուսմանց համար, որ, ըսինք արդէն, բարոյականին պէտք է յանգին, եւ խուսափած ըլլալ այսպէս վերջական կարեւորութիւնը ընծայելէ հմտութեան, եւ այս վնասակար թելադրութիւնը հղոց ընելէ։

Բայց քննութիւններու բարձմամբ սոսկ այդ ըելադրութիւնն ընելէ չէ՛ որ պիտի խուսափէր մարդ։ Դա՛րձեալ նոյն սխալ նպատակը նշանակուած է աշակերտին, ինչ սխալ նպատակ որ անուղղակի՛ տրուած է անոր՝ թիւերուն գոյութեամբը։ Տղուն առօրեայ ջանքը թիւը կը նպատակէ. եւ տարեկան ջանքն ալ քննութեանց յաջողութիւնը։ Լուսաւորուած մտքին ներյատուկ ու խղճային գոհունակութիւնը բացակա՜յ է միշտ։ Դաստիարակութեան սխալ հասկացումը հոս ալ կը տիրէ ահաւասիկ։ Ներքին մարդը չե՜նք ուզեր պատրաստել. չե՛նք տեսներ զայն։ Մեր բոլոր դրութիւնները կոյր են. մեր տուած կրթութեան ո՛չ մէկ կէտը հիմնական կերպով ազնիւ ներգործութիւն մը ընելու կարող է։ Խղճի խաղաղութիւնը (sérénité), եւ մտքի պայծառութիւնը (sérénité) առարկայ եղած չեն մեր դաստիարակութեան գործին, այսինքն տղոց երջանկութիւնը մոռցած ենք պատրաստել, մեր ջանքը տղոց կեանքին ազնուացմանը չի ձգտիր. չեմ գիտեր թէ ի՛նչ բանի կը ձգտի ուրեմն։ Ուրիշ նպատա՞կ մը կայ արդեօք։ Քննութեանց մէջ յաջողի՛լ. բարձրագոյն թիւն ու մրցանակը շահիլ. ասկէ անդին փառասիրութիւն չունի՛ն մեր աշակերտները, ուստի իրենց ապագայ կեանքին մէջ ուրիշ փառասիրութիւն չպիտի ունենան, բայց եթէ շուկայի, հրապարակի, ընկերական այն նախնական ու անասնական առաւելութիւնները՝ որոնցմով նպաստաւորուելէ կամ զարդարուելէ ո՛չ մէկուն հոգին կ՚ամչնայ։

Մենք այնպէս կը գտնեն թէ քննութեանց գոյութիւնը չէ թէ պարզապէս անտանելի ու վնասակար, այլ նոյն իսկ անբարոյական բան մըն է, ցորչափ նոյն իսկ ակամայ գրգիռ մըն է սխալ ու ողորմելի փառասիրութեանց, մշակում մը անայլասէր եսականութեան, ուրիշներէն գերազանց դառնալու կամ եղած ըլլալու անխիղֆ կամ ստորին ըլլալու մահացու գիտակցութեան քաջալերում մը։— Թողէք այլ եւս քննութեանց միւս ներյատուկ անպատեհութիւնները, որոնցմէ է այն անհրաժեշտ անարդարութիւնը զոր յիշեցուցինք թիւերուն առթիւ, եւ որոնցցմէ՝ նաեւ կարելի է բղխեցնել քննութեանց հարկին ստութիւնը։ Ամէն ոք գիտէ թէ տարեշրջանին «փայլուն» աշակերտներէն ոմանք ինչպէս յանկարծ կակազող տկարներ, շփոթելով ամէն բան մոռցցած ապիկարներ կը դառնան խննութեանց մէջ։ Ի՞նչ թիւ կը տրուի այդպիսիններուն. տղուն ամբողջ տարուան մէջ ցուցուցած կարողութեա՞նց յայտարար թիւը, թէ քննութեանց պահուն ներկայացած անկարողութեան վայել թիւը։ Եթէ մանաւանդ առաջին պարագա՛ն յարգուելով բարձրագոյն թիւ մը առնէ տղան կը նշանակէ թէ քննութիւնը բացարձակապէս անօգուտ բան մըն է։ Եթէ մանաւանդ երկրորդ պարագային տրուի կարեւորութիւնը, եւ ստորրին թիւ մը ստանայ տղան, կը տեսնուի թէ ո՛րքան չարագործ բան մըն է քննութիւնը, Իսկ երբ միջին թիւ մը տրուի՝ երկու պարագաները միանգամայն յարգելով, ըսել է թէ անխելք բան մըն է քննութիւնը, քանի որ րկու պարագաներուն ալ միեւնոյն կարեւորութիւնը կուտայ, տարեշրջանին ընդհանուր վիճակը եւ քննութեան մասնաւոր վիճակը հաւասարակշիռ, համազօր կը գտնէ։— Այս ուղղութիւններով խորհիլ շարունակելը ընթերցողին ձգելով, համարձակօրէն կ՚ըսենք թէ ջնջելի սովրութեանց կարգն են քննութիւններն ալ, եւ թէ վկայականները կրնան լոկ սա ծանօթութիւնը պարունակել թէ վարժարանին բոլոր դասընթացքները տեսած է աշակերտը։ Բոլոր դասաւանդութեանց այն ձեւերը զորս կը պահանջենք, լիուլի կը պատրաստեն այս պարզութեան, վասն զի անոնցմով՝ ընթացաւարտը հարկ է ըմբռնել մտքով լուսաւորուած, եւ բարոյականով զարգացած պատանի մը։

 

«Արեւելք», 1902, 2/15 Օգոստոս, թիւ 5014