Նախակրթութեան սխալները…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԱ.

Գլխաւոր բան մըն ալ կը մնայ մեզի ճշդել։— Դասաժամերուն թիւն ու դասերուն ու զբօսանքներուն ժամանակը։ Կէտեր՝ որոնց առողջապահական կարեւորութիւնը գործնապէս ըմբռնուած չէ։

Կարծեմ թէ օրական առնուազն չորս ժամ եւ գիտենք թէ առ առաւելն վեց ժամ յատկացուած է դասերուն համար, տասնական վայրկեանի դասընդմէջներով։ Ճաշէն անմիջապէս ետքը դրուած է զբօսանքը, մէկ կամ մէկուկէս ժամ։ Բազմաթիւ ուսուցիչներու դրութիւնը պատճառ եղած է որ, եթէ ոչ նաեւ հոգածութեան թերութիւն մը, մտաւորական մեծագոյն առուգութիւն մը պահանջող դասերը երբեմն ինկած ըլլան նաեւ կէսօրէն ետքի ժամերուն։ Իսկ իրօք առողջապահութեան անփութութեամբ մըն է որ զբօսանքը կը գրաւէ միշտ ճաշին անմիջապէս յաջորդող ժամը։ Արդեօք զբօսանքին այդ դիրքը ա՞յն պատճառաւ է որ ճաշը կը թմրեցնէ թեթեւապէս, եւ պէտք է հակազդել այդ թմրութեան, վազվզելով ու մեծամեծ շարժումներ պահանջող խաղերով։ Եթէ այս իսկ է զբօսանքին դիրքին պատճառը, հակառողջական ճարտարաութիւն մըն է միայն։ Կորովի (énergie) մեծ կորուստ մը կ՚ընեն տղաք յետճաշու յբօսանքով, եւ դասարան կու գան վաստակաբեկ։ Եւ ոչինչ աւելի դժուար է քան այդ դժնդակ զբօսանքէն յետոյ մտաւորական իրերով զբաղելու գալ, արթնամիտ ու հետաքրքիր ըլլալ ո՛ եւ օ դասի, ու լրջօրէն ուշադիր։ Բայց եթէ նոյն իսկ զբօսանքը եղած չըլլար այնքան յոգնեցուցիչ, յետմիջօրէի դասերը դժնդակ բան մը պիտի ունենային միշտ։ Կէս օրէն ետքը մանաւանդ տաք եղանակին, ամէնէն անյարմար ատենն է մտաւորական աշխատութեան, գլխաւորաբար մինչեւ մէկ երկու ժամ։ Իսկ իրիկունը կրնայ նմանիլ առաւօտին՝ եթէ բաւական հանգստաւէտ անցած ըլլայ յետմիջօրէն։— Բարեբաղդաբար «մեր» նախակրթարանը չքաւոր է դասերու տեսակներով. եւ որքան բնական՝ նոյնքան կարելի է աւանդելի դասերը դնել առաւօտեան ժամերուն մէջ, եւ մտաւորական քիչ իրեր պահել յետմիջօրէի ժամերուն։ Այսպէս, ամէն օր, կէս օրէն առաջ, «նախակրթարան»ի ընթերցում եւ լեզուներ. եւ ամէն օր, կէս օրէն յետոյ, ձեռական աշխատութիւններ եւ երաժշտութիւն։ Զբօսանքին յետճաշու ժամը պէտք է հանգիստի, հանդարտութեան ժամ մը ըլլայ, պարտէզին մէջ. եւ տղաքը ուսուցչին հետ, բնականօրէն, զանազան խօսակցութիւններու առիթ մը ունեցած կ՚ըլլան անով, փոխանակ բուռն շարժումներ հարկադրող խաղերու անպատեհ առիթ մը ընելու զայն։ Իսկ բուն զբօսանքը, որ մարմնամարզի ձեւ մըն է, յարմար է որ իրիկունը ըլլայ, դպրոցական օրուան վերջին մէկ յաւելուածական պահը գրուելով, զոր կարելի է անցընել նաեւ իբրեւ կարճ պտոյտ մը դպրոցէն դուրս, ուսուցչին հետ կամ ոչ։ Երկրագործական աշխատութիւնները կրնան ըլլալ առտուան դասերէն առաջ, յատուկ ժամու մը մէջ, կէս օրուան, հանգիստի պահուն, պայմանաւ որ այդ միջոցին թեթեւ գործեր միայն կատարուին, ձեռական աշխատութեանց ժամերուն, նաեւ իրիկուան զբօսանքի ժամու։ Եւ թերեւս անօգուտ կամ անզգալապէս գնդախաղերէն աւելի սիրեն տղաք զբօսանքը ընել մանաւանդ պարտիզամշակութեան զբաղումներով, պայմանաւ որ որոշ ու կարեւոր նպատակներ, ծրագիրներ ունեցած ըլլան գործադրելու վարժարանին պարտէզին մէջ։

Կ՚ուզէինք նաեւ քանի մը խօսք ընել այն կարծեցեալ աղքատութեան մասին զոր դիւրաւ իբր հակափաստ կը գործածենք առաջարկուած կամ պահանջուած դպրոցական բարեփոխութեանց դէմ։ Մեր յօդուածներով ինչ որ պահանջեցինք, ընդհանրապէս աւելի դիւրատար է նիւթապէս քան այժմու սխալներով լեցուն դպրոցավարութիւն։ Եթէ իրագիտական եւ այլն ճոխութիւն մը անհրաժեշտ նկատեցինք ունենալ, ինչ որ նիւթական լուրջ կարողութիւն մը կ՚ենթադրէ, միւս կողմէն պաշտօնէութենէն զեղչեցինք, այցելու ուսուցչութիւնը գրեթէ բոլորովին աւելորդ ու սխալ հաւատալով, եւ ասով թերեւս ամսական առնուազն 5-600 ղրուշի շահ մը ըրած եղանք միջին պիւտճէի մը վրայ։ Տարեկան վաթսուն ոսկի, այդ տեղէն գոյացած, աւելի կամ պակաս, շատ լաւ պիտի բաւէր ուսումնական իրերու եւայլն հայթայթմանը։ Թողունք պարբերաբար արտադրելի հասոյթները՝ դպրոցական մանր մունր հանդէսներու (որոնք յարակից են, կամ ըլլալու են դպրոցական կեանքին) օրինակի համար մէկ ղրուշի մուտքերէ զոր հանդիսականները վճարեն, նաեւ աշակերտներուն ձեռական կարեւոր աշխատութեանց՝ հանդէսներուն մէջ ցուցադրուելով ի վաճառ հանուելէն. աղջկանց ձեռագործներ, որոնք կը պաղատիմ որ բարձեր չըլլան, ծիծաղելի կերպով ուռուցիկ բաներ, այլ մանաւանդ ծածկոցներ, սփռոցներ, անձեռոցներ, շալեր, վարագոյրներ, գորգեր, գոգնոցներ, զգեստեղէններ եւ այլն, խմորեղէններ, օշարրակներ, պարտիզամշակութեան արդիւնքներ, այսինքն աղուոր ծաղիկներ, գեղարուեստական թաղարներու մէջ զոր դարձեալ աշակերտները շինած ըլլան. պտուղներ, հունտեր, աթոռներ, գաւազաններ, եւայլն, եւ դեռ բոլոր այն իրերը որոնց շինութեան աշխատած պիտի ըլլան։ Ու այլ եւս թող չողբացուի թէ աղքատ ենք։ Առաջին աշխատութիւնը մտաւորականն է, բարոյականն է։ Թաղական Խորհուրդները, որոնց ձեռքն է վարժարանին ճակատագիրը, թող սիրեն վարժարանը, եւ անիկա պիտի հարստանայ։ Իրենց պաշտօնին մասին որքա՛ն ըսելիքներ կան, կարեւորութիւնը որքա՛ն իրօք աւելի մեծ է քան որչափ աղայութեամբ մը բաւականացող իրենց պզտիկ փառասիրութիւնը չի կարծեր։— Բայց մենք ուրիշ առիթներու (. ՞) կը թողունք այդ մասին ալ խօսիլը։ Հիմա եզրակացնենք մեր դիտողութիւնները։

Մեր բոլոր ըսածներուն հիմն են, հետեւաբար նաեւ կը հետեւին անոնց՝ սա պարզ գաղափարները, թէ բանականութեան տենչացած մարդը մանկութենէն արտադրելու համար պէտք է հասկնալ որ դաստիարակութիւնը կեանքին միակ ձեւն է, կեանքին յայտաձեւումն է մարդուն համար. ուստի դաստարակութիւն տուած ըլլալու համար՝ խղճին բարոյականութեանն ու տրամաբանութեանը (միեւնոյն բանն են) հասկցած մանկութեան կեա՛նքը միայն պէտք է ընծայել տղաքներուն, ուղղելով զայն զաւագոյն, այսինքն բարի, արդար, ու գործօն մարդկութեան մը, որ ինքնաբերուի՛ սակայն մանկութեան իւրայատուկ ու գիտականօրէն թելադրեալ կեանքէն։ Կոչուած ենք տղաքը առուգութեամբ, ուսմամբ, բարոյականով երջանկացնելու. ազնուացման ներյատուկ երանութիւնը տալու անոնց, ա՛յն զմայլելի ու աննման հաստատութեան մէջ որ դպրոցն է, որ աշխարհը Եկեղեցին առաջնորդող եւ Եկեղեցին աշխարհի մատուցանող, աշխարհի բերող գաղափարն է. Եկեղեցիին ու աշխարհին հաշտութիւնն ու միացումն է։

Սկիւտար

Վերջ

 

«Արեւելք», 1902, 5/18 Օգոստոս, թիւ 5016