Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆԿԱԲԱՐՁՈՒՀԻՆԵՐ

Յանձնաժողովս, իր անդամներէն Տօքթ. Թէրզեան էֆ. ի թելադրանքով, օգտակար դատած է Կիլիկիոյ զանազան կողմերէն այրիներ բերելով մանկաբարձութիւն սորվեցնել անոնց եւ իրենց շրջանը աւարտելնուն տեղերնին վերադարձնել կրկին։

Այդ այրիներն են։

  1. Մառի Տէր Պօղոսեան Մարաշցի Տարսօնէն
  2. Աղաւնի Եափուճեան   Խարբերդցի Ատանայէն
  3. Աննիկ Խաչիկեան Ատանացի Ատանայէն - Հայ Հռովմէական
  4. Էլմաստ Սանթուրեան Մարաշցի Հաճընէն
  5. Տուտու Տարըճեան Մարաշցի Մարաշէն
  6. Շախսինէ Փըննիկեան Հաճընցի Հաճընէն
  7. Պայծառ Քըթըֆեան Հաճընցի Հաճընէն
  8. Նուրիձա Սէքսէնեան Հաճընցի Հաճընէն
  9. Օր. Վարդուհի Րուփուդեան Հաճընցի Հաճընէն - Հայ-բողոքական
  10. Թուրֆանտա Պօյաճեան Զէյթունցի   Զէյթունէն - Հայ-բողոքական
  11. Մարիամ Պասմաճեան Անտիոքցի Անտիոքէն

 

Այս այրիներու բարոյական հսկողութիւնը յանձնուեցաւ Տիկնանց մասնախմբի մը։

Տիկնանց Մասնախումբը ամէն ջանք թափեց, որպէսզի այրիներու պանդուխտի կեանքը տանելի ըլլայ եւ այս առթիւ շնորհակալութեան արժանի են իր աշխատանքները.

Մանկաբարձ այրիներու իւրաքանչիւրին կը տրուի որոշ թоշակ մը. բաց աստի վարձուած է յատուկ տուն մը. եւ ամսաթоշակէն զատ կը հոգացուին իրենց զգեստի, կօշիկի, տնական առարկաներու բոլոր պէտքերը։ Այս այրիներուն համար եղած ծախքերը մինչեւ այսօր կը հասնին 186 Օ. ոսկիի։

Երբ յաջորդ տարեշրջանն ալ աւարտելով ասոնք իրենց տեղերը մեկնին, Յանձնաժողովս նորեր պիտի բերէ անոնց տեղ։

Երբ նկատի առնուին գիւղական շրջանակներու մէջ, մանաւանդ՝ տիրող տգիտութեան պատճառաւ՝ շատ անգամ այր բժիշկի մը դիմելը անպատեհ նկատելու ցաւալի նախապաշարման հետեւանքով զոհուած կեանքերը, շատ դիւրութեամբ երեւան կուգայ այս ձեռնարկին օգտակարութիւնը։ Թէ՛ բազմաթիւ կեանքեր պիտի փրկուին եւ թէ՛ այրիները իրենց համար խիստ յարգի ասպարէզ մը ընդգրկած պիտի ըլլան։