Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.
ԱՆՏԻՈՔ

ՀԱՅԵՐՈՒ ԴԻՐՔԸ. Այս բարեբեր ու վաճառաշահ Գազային մէջ, Հայերը թէեւ թիւով փոքր, բայց բաւական բարեկեցիկ դիրք մը ունեցած են, ազատ մնալով հին ջարդերէն։ Մեծ մասամբ վաճառական ու արհեստաւոր, չքաւոր ընտանիք գրեթէ չէ եղած իրենց մէջ։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Ջարդին տարեգրութիւններուն մէջ ամէնէն ահաւորներէն մին եղած է Անտիոքինը, ուր գտնուող հայերուն ցանկը պատրաստած են նախապէս յարձակողները, եւ 5-6 օր շարունակ, մէկիկ մէկիկ փնտռած գտած ու սպաննած են նշանակուածները, խղճամիտօրէն հոգ տանելով որ ցանկը պակաս չի մնայ։ Հակառակ ասոր, ո՛չ մէկ պատիժ տրուած է Անտիոքի ոճրագործներուն։ Միեւնոյն խստութեամբ գործադրուած է նաեւ թալանը։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Դուրսը գտնուելով կամ տեսակ մը հրաշքով ազատած այրերուն մէջն ալ, այսօր, խիստ դժուար է եթէ ոչ անկարելի վստահելի տարրեր գտնել։ Մեծ մասը՝ այդ այրերուն՝ ամէն ճիգ թափած է իր ձեռքը անցնելու համար այրիներու սահմանուած նպաստը։ Կեդր. Պատ. յանձնաժողովին լուրջ ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ այս մասին, որպէսզի Անտիոքի վրայ կարելի եղածին չափ խիստ հակակշիռ ի գործ դրուելու միջոցները ձեռք առնուին միշտ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Անտիոք այսօր 68 այրի ունի, որոնցմէ 41 հատը աշխատելու կարող են։ Զանազան տեղերէ շատ աննպաստ տեղեկութիւններ տրուած էին ինծի անոնցմէ շատերուն բարոյականին վրայ։ Տեղին վրայ կատարած քննութեանս համեմատ չափազանցուած կը թուին ինծի այդ աննպաստ տեղեկութիւնները, բայց ո՛չ բոլորովին անհիմն։ Այդ ցաւալի պարագան միջավայրի ազդեցութեան հետեւանքն է եւ գոյութիւն ունեցած է դէպքէն առաջ ալ։

Այրիները այդ միջավայրէն հանելու փորձ եղած է, բայց չէր կրնար յաջողիլ արդէն։ 6-7 հատը, 8-10ական ոսկի դրամօժիտ տալով ամուսնացուցած են Զէյթունցիներու հետ, բայց ամէնուն համար, մանաւանդ տարէցներուն համար գործադրելի միջոց մը չէր անշուշտ ատիկա։ Իմ գաղափարովս գործադրելի լաւագոյն միջոցն է դարձեալ աշխատելու ստիպել զանոնք, աշխատութեան հրապոյրը ճաշակել տալ։

ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ. Անտիոք գիւղ մը չէ՛. կարելի չէ որ հոն կիները ապրին այնքան պզտիկ օրավարձերով, որքան գիւղերու մէջ։ Այդ պատճառաւ գուլպայագործութեան, մանուսայագործութեան ու գորգագործութեան պէս ձեռարուեստներ դժուար կը յաջողին հոն։ Հետեւաբար, այրերու եւ կիներու պատրաստ ժաքէթներ կարելու գործը յարմար կը թուի Անտիոքի համար, ուր այրիները արդէն քիչ թէ շատ վարժ են կարուձեւի։ Դերձակատունը, եթէ լաւ կառավարուի, կրնայ շահ արտադրել, որովհետեւ պատրաստ ժաքէթները հիմա մեծաքանակ սպառում ունին շրջականերու մէջ։ Ձեւելու, կարերուն վրայ հսկելու ու դերձակատան արհեստական մասը վարելու համար տեղւոյն վրայ յարմար վարպետ մը կայ՝ որու մասին տեղեկութիւններ կուտամ նամակով։ Դուրսէն գտնել հարկ է միայն, կանացի ժաքէթներուն վրայի բանուածքները սորվեցնելիք վարպետուհի մը, 5-6 ամսուան համար։ Տարեկան 15-16 ոսկիով կարելի է նպատակայարմար շէնք մը վարձել։ Կարի համար 6-7 մեքենաներ հարկ է գնել։ Իսկ նախնական նիւթերու համար, կերպաս, պաստառ եւլն, Հալէպի մասնաժողովէն Պ. Յովհաննէս Նիկողոսեան յօժար է ֆապրիքայի գիներուն վրայ 3%ով հայթայթել զանոնք։ Սոյն պարոնը կրնայ նաեւ միջոցներ ու դիւրութիւններ ցոյց տալ, զանազան տեղեր ապրանքներու սպառումին համար։

Հալէպի մասնաժողովը հարկ կը տեսնէ, Հալէպէն, վճարումով, վստահելի, գործունեայ, պատասխանատու պաշտօնեայ մը ղրկել Անտիոք հարկ եղած երաշխաւորութիւնը առնելով թէ՛ գործին վրայ հսկելու եւ թէ՛ Սիւէտիոյ գուլպաներն ու ֆանելաները, Քէսապի մանուսան ու տեղւոյն պատրաստ զգեստները հոն ծախելու համար։ Ամսական մինչեւ 6 ոսկի վճարելով Հալէպէն յարմար մէկը գտնելու կարելիութիւն կայ։ Ասիկա թէեւ քիչ մը ճնշող ծախք մը պիտի ըլլայ Անտիոքի գործին վրայ, սակայն անհրաժեշտ է։ Անտիոքի դերձակատան գործին համար 300 ոսկիի դրամագլուխ մը պէտք է։

Գալով այն այրիներուն, մասնաւորաբար քիչ մը տարիքոտ ու այսպիսի բաղդատաբար նուրբ աշխատութեան մը անյարմարներուն, ասոնց համար Անտիոքի մէջ կայ խսիր շինելու գործը։ Տարեկան 40-50 ոսկիի սէզ (պէրտի) եթէ գնուի, առանց վարպետի կամ ուրիշ որ եւ է ծախքի, անոնք կրնան հազարաւոր խսիրներ պատրաստել, խսիր գլուխ որոշեալ վարձք մը առնելով, ու այդ խսիրները կը ծախուին բոլոր այդ կողմերը։ Ստուգեցի որ միայն Քէսապի մէջ տարեկան 1000է աւելի խսիր կ’սպառի, նոյնպէս նաեւ Սիւէտիոյ գիւղերուն մէջ. Հետեւաբար երբ ուրիշներու տուած գինովը տրուի եւ պարզ ազդարարութիւն մը ըլլայ հայ գիւղերուն մէջ թէ հայ կիներու շինածները այնինչ տեղ կը ծախուին, պատճառ մը չկայ որ ուրիշ տեղէ գնեն անոնք։

Աշխատելու բացարձակ անկարողներուն ալ կարելի է ամեն տարի պզտիկ բաժին մը հանել՝ այս գործերուն գոյացնելիք շահէն։