Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ
ԶԷՅԹՈՒՆ

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ. Մարաշէն 10 ժամ դէպի հիւսիսային արեւմուտք, Անդր-Տաւրոսեան լեռնաշղթային մէկ ճիւղին վրայ, ապառաժուտ ու դժուարամատչելի ձորի մը մէջ շինուած է Զէյթուն, եւ իր 28 գիւղերն ալ ամէնքն ալ լեռնային տարածուած են չորս կողմը։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Զէյթունի բնակչութիւնը կը բաղկանայ 1614 տունէ՝ որուն 60ը Բողոքական եւ 50ը Կաթոլիկ։ Իսկ գիւղերունը 912 տունէ (ամբողջովին Լուսաւորչական) որ կը բաժնուի այսպէս։

 

 

Վանքին գիւղ

= 104 տուն

 

Նոր գիւղ

= 23 տուն

 

Աւագինք

= 28 տուն

 

Ղալըճինք

= 56 տուն

Արգինի գիւղեր (Ալապաշ կոչուած)

Սազ-Օղլանենք

Չագըր-Տէրէ

Վարդանենք

Իսիփենք

Գարաճինք

Պէհիսնելենք

Մէթիւսէնք

Եկանենք

Թօփալենք

Մավենք

 

 

 

= 218 տուն

 

Փոխադրուած

  429

       

 

 

Փոխադրութիւն

429 տուն

Մխալի

= 88 տուն

Ալապօզան

= 15 տուն

Շատալաք

= 16 տուն

Ղալաճըգ

= 13 տուն

Խարաղաճ

= 43 տուն

Հաճի տէրէ

= 53 տուն

Գօչճըղազ

= 27 տուն

Քէօմէսէօյօւթ

= 58 տուն

Խընըխօզ

= 20 տուն

Եաստը-Բունար

= 27 տուն

Ջերմիյէնճ

= 73 տուն

Սիսնէ

= 25 տուն

Խէպի

= 25 տուն

Գումար

    912 տուն

 

 

ՋԱՐԴԻՆ ՎՆԱՍԸ. Բարեբաղդաբար ո՛չ Զէյթուն եւ ո՛չ ալ շրջակայ գիւղերը ուղղակի վնաս մը կրած են դէպքերէն։ Ընդհակառակը, Զէյթունցիներուն քաղաքացիական արիութիւնը կրցած է բոլոր շրջականերուն մէջ սանձ դնել խուժանական ախորժակներու եւ Օսմ. հայրենիքին օգտակար հանդիսանալ այդ կերպով, շատ մը գիւղեր ջարդէ եւ աւարէ փրկելով։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Ամբողջ գիւղերուն մէջ 4 հատ, իսկ բուն Զէյթունի մէջ 21 հատ այրիներ կան՝ որոնց այրերը, ուրիշ արկածեալ վայրեր գտնուելով, զոհ գացած են 1909ի դէպքին։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Աւելորդ իսկ է ըսել թէ Զէյթունցիին նկարագրին ամէնէն ցայտուն կողմն է արիութիւնը, որուն կը միանայ բնածին ու նախնական արժանապատուութեան զգացում եւ միշտ իրարու օգնելու յօժարութիւն։ Կեանքի դժնդակ պայմանները, որոնց մէջ ապրած է Զէյթունցին, բնական կերպով տեսակ մը ընկերվարութիւն մտցուցած են իր մէջ, եւ ուտելիք ունեցող մը, նեղ օրերու մէջ, միշտ պարտական զգացած է ինքզինքը՝ չունեցողին հետ բաժնելու զայն։ Այս բոլոր գեղեցիկ յատկութիւններուն վրայ թեթեւ ստուեր մը կը ձգէ միայն՝ դեռ չի փարատուած տգիտութիւնը, որ, աղքատութեան միացած, երբեմն կիսավայրենիի բնազդներ երեւան կը բերէ այս պատուական, այս արի ու ազնիւ ժողովուրդին մէջ։

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Այցելած բոլոր վայրերուս մէջ ո՛չ մէկ տեղ աղքատութիւնը այնքան շեշտուած, ապրուստի միջոցները այնքան նեղ ու այնքան դժնդակ գտայ որքան Զէյթունի մէջ։ Զէյթունի մէջ, 5-6 հոգիէ բաղկացած ընտանիք մը ապրեցնելու համար միակ ջորի մը ունեցողը աղքատ չի նկատուիր, եւ այդ ջորեպանը, հացի դրամ մը շահելու համար ստիպուած է, ամառ ձմեռ, օրը 10-12 ժամուան ճամբայ քալել ջորիին ետեւէն։

Զէյթունին ապրուստի գլխաւոր միջոցը այգեգործութիւնն է։ Տարեկան 4500 ոսկիի մօտ չամիչ եւ ռուբ կ’արտածուի, վերէն մինչեւ Ազիզիյէ եւ վարէն մինչեւ Չուգուր-Օվա ու Տէօրթ-Եօլ։

Երկրորդ կարգի վրայ կուգայ վարունգի կուտը, տարեկան 1000 ոսկիի մօտ, զոր Զէյթունցիներ (Զէյթունէն ու շրջակայ գիւղերէն արտածելով) կը տանին ծախել մինչեւ Երուսաղէմ։

Ասոնցմէ զատ, Զէյթունցիներուն մէկ մասը կ’ապրի ջորեպանութեամբ եւ ուրիշ մաս մըն ալ կօշկակարութեամբ, պատրաստ բօստալներ շինելով եւ մինչեւ Ղարս-Բազարի կողմերը տանիլ ծախելով։ Կան 150 ընտանիքի մօտ երկրագործութեամբ ապրողներ, որոնց արտերը Զէյթունի անմիջական շրջանակին մէջն են։ 40ի չափ ընտանիքներ կ’ապրին ոչխարի ու կովի կաթէն, իւղէն ու մածունէն, մինչեւ Մարաշ արտածելով։ Նոյնչափ մըն ալ ընտանիք կ’ապրին կառավարական եւ ազգային պաշտօններով։ Ոստիկաններու եւ պետական պաշտօնեաներու մեծամասնութիւնը տեղացի Հայեր են սահմանադրութենէն ի վեր։ Տարեկան 100-150 ոսկիի մօտ խոզակ կ’ելլէ Զէյթունէն։ Որ եւ է ձեռարուեստ չկայ բացի քանի մը մանուսայագործէ եւ երկաթագործէ որոնց թիւը յիշատակելն իսկ չարժէր եւ աղքատութեան գլխաւոր պատճառը, Զէյթունի ապագային սպառնացող կէտը աս է։ Ամէնէն աղքատ, ամէնէն խղճալի մասն է գործաւոր դասակարգը, որ յաճախ ստիպուած է մինչեւ Ատանայի կողմերը երթալ չոր հացի մը ետեւէ։ Եթէ կարելի ըլլար որ եւ է ձեռարուեստ մտցնել Զէյթուն, ամէնէն մեծ բարիքը պիտի ըլլար ատիկա տեղւոյն Հայութեան համար։ Նախապէս բաւական ալ ատաղձի արտածում կայ եղեր, բայց, անտառները հետզհետէ պակսելով, հեռանալով, հիմա դադրած է։

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ. Զէյթունի սակաւաթիւ այրիներուն համար կարելի չէ աշխատանոց մը հիմնել հոն։ Արդ, փոխանակ իրենց բաժինը ուղղակի դրամական նպաստի ձեւին տակ բաժնելու, կ’առաջարկեմ, յարմար եղանակին, իրենց բաժինին համեմատ, շերամի հունտ գնել ու ղրկել անոնց։ Եւ որովհետեւ մինչեւ խոզակին հասնիլը դրամական ծախք ալ հարկ է ընել ինչ որ իրենք չեն կրնար լաւագոյն կ’ըլլայ, ամէն մէկուն բաժինը հաշուելով, մաս մը հունտ եւ անոր ծախքին բաւելու չափ ալ հնչուն դրամ յանձնել, որպէս զի կարենան շահագործել հունտը։