Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.
ՕՍՄԱՆԻԷ

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ. Ատանայէ 18 ժամ դէպ ի արեւելք եւ Տէօրթ-Եօլէն 6 ժամ դէպ ի հիւսիս, դաշտային վատառողջ գիւղ մըն է, հակառակ անոր որ Սանճագին կեդրոնն եղած է դէպքէն յետոյ, Պաղտատի երկաթուղիի գծին վրայ գտնուելուն համար։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 500 տուն, որուն 100ը Հայ եւ մնացածը Թուրք։ Հայերուն մէջէն 20 տունը Բողոքական են։ Դէպքէն առաջ 150 տունի հասնող Հայ բնակչութիւնը դէպքին իջած է 30ի եւ դէպքէն յետոյ դուրսէն եկածներով, այսօր դարձեալ 100ի հասած։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Հինգ հարիւր հոգիէ աւելի սպաննուած են, որոնց մէջ կան նաեւ բաւական թիւով կիներ ու տղաքներ, որովհետեւ եկեղեցին՝ ուր ապաստանած են շատեր՝ այրուած է մէջիններով։ Տուներն ալ այրուած են։ Իբր հատուցում կառավարութեան կողմէ վճարուած է՝ 1էն մինչեւ 5 հոգիի համար, մէկ սենեակի հաշւով, 7 ոսկի. 5էն մինչեւ 9 հոգիի համար, 2 սենեակի հաշւով 13 ոսկի. 9 հոգիէն վեր 18 ոսկի։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Հիմա Օսմանիէի մէջ կայ դէպքէն 31 այրի։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Գործ բանալու բնաւ կարելիութիւն չկայ, որովհետեւ, նախ ատանկ ձեռնարկ մը վարելու կարող տարրեր բացարձակօրէն կը պակսին։ Պէտքն ալ այնքան զգալի չէ, որովհետեւ մեծ կարօտութիւն մը չի տիրեր։ Երկաթուղիի գիծը բաւական կենդանութիւն բերած է (ամիսէ մը պաշտօնական բացումն ալ պիտի կատարուի) իր պաշտօնեաներով եւ գործաւորներով, եւ աշխատողները կարի եւ լուացքի պէս գործերով կրնան ապրիլ։ Քանի մը բացառապէս չքաւոր այրիներու մէկ մէկ կով առնելու համար պէտք եղած օգնութիւնը ընձեռնուեցաւ Այրիախնամէն։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Առհասարակ, այս մասին բացասական յատկանիշերէ ուրիշ բան չի նշմարեցի Օսմանիէի Հայութեան վրայ. այլասեռումի բուլին հասած է անկումը։

ՏՆՏԵՍ. Երկրագործութեան կեդրոն է, բայց Հայերը խանութպան եւ արհեստաւոր են միայն։

 

ԳԱՐԱԿԷՏԻԿ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Օսմանիէի հիւսիսային կողմն է. 3 ժամ հեռու։ Սոյն գիւղին մէջ 10ի չափ Հայ ընտանիքներ կը բնակին։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն միայն չորս այրի կայ հոն. անձամբ չայցելեցի որովհետեւ Հայերը Տէօրթ-Եօլ փախած էին այդ պահուն, զանազան տարաձայնութիւններէ վախնալով։ Ասոնց այծ կրնայ տրուիլ. տեղը յարմար է այդ բանին։