Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.
ԻՍԼԱՀԻԷԻ ՇՐՋԱՆԱԿ

ՔԷԼԼԷՐ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Հասան-Պէյլիէն 3 ժամ դէպի հիւսիս-արեւելք, լեռան ստորոտը, Քիւրտ-Եազըսը կոչուած ճախճախուտ դաշտին առջեւ, մասամբ ձորակին մէջ քաշուած գիւղ մըն է, Պաղտատի երկաթուղիի գծին վրայ։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 80 տուն, կէս առ կէս Թուրք ու Հայ (Հայերուն մէջ միայն երկու տունը Բողոքական)։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Բոլոր տուները այրուած են. եղած հատուցումները՝ միջին հաշւով 7-8 ոսկի տուն գլուխ։ 15 հոգիի չափ սպաննուած է, մնացածը կամ լեռները փախչելով կամ դաշտին մէջի Քիւրտերուն վրանները ապաստանելով ազատուած են։ Եկեղեցին, Լափաճլըի եւ Խառնըի պէս, կիսաւարտ ձգուած է միեւնոյն պատճառներով (աւելի ճիշտ է ըսել առանց պատճառի)։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹ. Գլխաւորապէս երկրագործութեամբ կ’ապրին։ Երկաթուղիի գիծը, դեռ չաւարտած, օգտակար սկսած է ըլլալ գիւղացիներուն, իրենց տուները վարձուելով շինութեան պաշտօնեաներուն կողմէ, ու գործաւորներուն աշխատութիւն հայթայթելով։ Գծին բացումէն ետքը երկրագործական տեսակէտով ալ պիտի օգտուին անտարակոյս։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 11 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Այծ կրնայ տրուիլ, գիւղը յարմարութիւն ունի ատոր։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԾԱՆՕԹ. Այս կողմերը շէնքերու շինութեան համար տրուած պետական նպաստը բաշխուած է յանձնաժողովի մը կողմէ, որուն նախագահն է եղած, Այնթապի Միսիօնարական հիւանդանոցին տնօրէն հանրածանօթ Տօքթ. Շէփըրտ, եւ իբր նախագահ, շատ անգամ ուղղակի իր դատողութեան համաձայն կատարած է բաշխումը։ Յարանուանական խտրութիւններով զբաղիլ սկզբունքով խորշելի է ինձ, եւ սակայն անկարելի է չի յիշատակել արդարամտութեան հոյակապ!! օրինակ մը, որ իրապէս արժանի է պաշտօնական տեղեկագրի մը մէջ պանծացուելու։ Տօքթ. Շէփըրտ, Քէլլէրի 40 տուն Լուսաւորչականներու հազար ու մէկ թախանձանքին վրայ, հազիւ թէ կը զիջանի 20 ոսկի յատկացնել անոնց եկեղեցիին շինութեան, մինչ անդին, ինքնաբերաբար, նոյն գիւղի երկու (միայն երկու) տուն Հայ Բողոքականներու եկեղեցիին համար կուտայ 40 ոսկի։

Թիւերու այս պերճախօսութեան վրայ բառ մը իսկ աւելցնել անտեղի է։

Եթէ տեղւոյն վրայ եւ անձամբ ստուգած չըլլայի այս պարագաները, շատ դժուար պիտի ըլլար հաւատալը, որովհետեւ Տօքթ. Շէփըրտի մարդասիրութեան ու անխտրականութեան համբաւը շատ տարածուած գտեր էի, Կիլիկիոյ՝ մանաւանդ Լուսաւորչական շրջանակներուն մէջ։

 

ԳՈՒՇՃՈՒ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Քէլլէրէն քառորդ ժամ դէպի հարաւ, ձորին վերի կողմը, կէսը Հայ եւ կէսը Թուրք 30 տնուոր գիւղ մըն է։ Այս պզտիկ գիւղին Իսլամները ազնուութիւնը ունեցած են իրենց դրացիները պաշտպանելու։ Մէկ տուն միայն այրուած է։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն մէկ այրի կայ։