Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.
ԷՅՆԹԻԼԼԻ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Հասան-Պէյլիէն 3 ժամ դէպի հիւսիս-արեւելք, Քիւրտ-Եազըսը կոչուած դաշտէն քիչ մը վեր, լերան գոգը քաշուած գիւղ մըն է, Պաղտատի երկաթուղիին գծին վրայ։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 100 տուն, որուն 30ը Հայ (Լուսաւորչական)։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Հայ տուները ամբողջ այրուած են. հատուցում՝ տուն գլուխ 7-8 ոսկի, միջին հաշուով 38 զոհ։

ՏՆՏԵՍ. Գլխաւոր զբաղումնին երկրագործութիւնն է. այծ ալ կը պահեն։ Երկաթուղիին շինութեան առթիւ շատ գործաւորներ եւ պաշտօնեաներ եկած են, նոյն իսկ հիւանդանոց մը հաստատուած է գիւղին մէջ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 19 այրի կայ։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Այծ տալ շատ յարմար կ’ըլլայ։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Նահապետական բարքերով պարզամիտ գեղջուկներ։