Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԴ.
ԽԱՍՍԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱԿ

Այս Գազայի գիւղերէն միայն մէկ հատին, Ֆասըլլըի մէջ դէպք պատահած է։

 

ՖԱՍԸԼԼԸ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Տէօրթ-Եօլէն 10 ժամ դէպի արեւելք, լեռնային դիրքի մէջ գիւղ մը։ Բնակչութիւն՝ 80 տուն, որուն 20ը Հայերը կը կազմէին դէպքէն առաջ։ Հիմա 10 տուն մնացած են եւ միւսները Տէօրթ-Եօլ գաղթած։ Բայց, մնացողներուն տնտեսական դրութիւնը շատ գէշ է, ապահովութիւնն ալ կը պակսի այս կողմերը։ Դէպքէն այրած է 7 տուն, որոնց փոխարէն 8300 ղրուշ հատուցում եղած է։ Հայերը երկրագործութիւն, այգեգործութիւն եւ կօշկակարութիւն կ’ընէին դէպքէն առաջ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 9 այրի կայ։