Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԵ.
ԱՏԱՆԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱԿ

ՏԱՐՍՈՆ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Ծանօթ է արդէն, Մերսին Ատանայի երկաթուղիի գծին վրայ գտնուելով։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Մերսինի Սանճագին կցուած սոյն գազայի կեդրոնը ունի 5000 տունէ բաղկացած բնակչութիւն մը. Հայերը 600 տուն են, որուն 100ը Բողոքական եւ 30ը Կաթոլիկ։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Քաղաքին մէջ սպաննուած են 60 հոգիի չափ։ Նիւթական վնասը շատ մեծ եղած է. միայն 20-25 տուն ու եկեղեցին ազատած են ու մնացածները ամբողջ աւարի տրուած ու հրդեհուած։ Կառավարութիւնը, այրած տուներէն 300ին համար միջին հաշւով տուն գլուխ 30 ոսկիի չափ վճարած է։ Մնացեալին համար, կամ տան տէրերը այդ միջոցին վախերնուն ցրուած ըլլալուն, եւ կամ ուրիշ պատճառներով, բան մը չէ վճարուած։ Հայու խանութներն ալ աւարի տրուած են։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹ. Ամէն կերպով վաճառաշահ եւ բանուկ առուտուրով քաղաք մըն է. արտադրութիւններու շարքին վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ բամպակը։ Մանածի երկու գործարան կայ։ Աշխատիլ ուզող այրի մը կրնայ ամէն ատեն օրական միջին հաշւով 4-5 ղրշ. շահիլ։ Այդ պատճառաւ աւելորդ նկատուեցաւ բացուած գուլպայագործարանի ճիւղը, եւ Կեդր. Այրիախնամի որոշումով փակուեցաւ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Տարսոնի մէջ կայ դէպքէն 44 այրի, որոնց մէջ հազիւ 5-6 հատը աշխատելու անկարող են, եւ այդքանն ալ ճնշող բեռ մը չէ 600 տուն Հայութեան համար։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Ծայրայեղութեան մօտեցող ինքնասիրութիւն մը կը թուի յատկանշել Տարսոնցին, եւ դժուար է նոյն իսկ մատի վրայ համրել ազգայիններ, որոնք ուզէին առանց շահախնդրութեան հետաքրքրուիլ ո եւ է ազգային գործով։