Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԶ.
ԳՕԶՕԼՈՒԳ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Տարսոնէն 8 ժամ դէպի հիւսիս գիւղ մը, զուտ հայաբնակ, լեռնային դիրքի մէջ. դէպքէն առաջ 80 տուն, իսկ հիմա 50 (որուն 30ը Բողոքական)։ Դէպքին, ամբողջ տուները եւ բողոքական եկեղեցին այրուած են, միայն լուսաւորչական եկեղեցին ազատուած է։ Կառավարութիւնը տուն գլուխ 11 ոսկի վճարած է։ Միայն 20 այր կրցած են ազատիլ ջարդէն։ Խնայուելու խոստումներէն խաբուելով անձնատուր եղած են։ Այլապէս, եթէ ինքնապաշտպանութիւն փորձէին, խիստ հաւանօրէն պիտի ազատէին։ Գլխաւորաբար հողագործութիւնով եւ ածխագործութիւնով կ’ապրին։

Դէպքին պահուն 10-12 տարեկան մանչերը հիմակ սկսած են կամաց կամաց հասնիլ ու ընտանիքի նայիլ։ Բայց աղքատութիւնը դեռ շատ զգալի է։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Գօզօլուգի մէջ կայ դէպքէն 18 այրի, որոնց գրեթէ ամէնքն ալ կ’աշխատին (ամրան մի քանի ամիսներէն դուրս՝ երբ դաշտային աշխատութիւնով զբաղած են) այրիախնամէն ղրկուած 6 գուլպայի մեքենաներուն վրայ, ստանալով օրական 10էն 12 մէթալիկ։