«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳ

Այսպէս այգ մ’էր մայիսի,
Երբ գարնան հետ միասին
Կոյսն հոգւոյ մէջ կը սուզի`
Կըծծիութեամբն հաճոյքին:
Երբ իրարու կ’երկըննան
Շէկգոյն արեւն ու կակաչ.
Զոյգ շըրթունքի յար նըման`
Առած սիրոյ բոց-մարմաջ:
Ճիշտ իրարու քով քովի`
Նըստած էինք երկուքս ալ.
Նայուածքներով գինովի`
Կը ջանայի զինք կարդալ:
Մագնիսացած էի, ա՜խ,
Աչքերէն լուրթ, հոգեգրաւ.
Սէգ նազանքով մը, դանդաղ,
Ձեռքըս ձեռքին մէջ առաւ:
Երազի մէջ, մեղմօրէն,
Վերացումի ազդման տակ,
Բոց աչքէ՞ն էր թէ այտէն`
Համբո՜յր մ’առի կուշտ ու տաք…
Շուրթիս` թոյն մ’է այդ համբոյր
Սա օրերուն դըրժումի.
Այն, կեանքիս մէջ ընդհանուր,
Կուրծքիս ‘տի մնայ լա՜յն վէրք մի:

20 մայիս, 1901