«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԴԵՐ

Ո՜վ գողտրիկ վարդեր,
Վարդեր անուշակ,
Այտէն ո՞ր սուրբին
Թաղարը ինկաք:

Կապոյտ դաշտերէն
Աստղե՞ր էք իջած`
Մեր պըլպուլներուն
Երգէն կախարդուած:

Երէկ, ես տեսայ,
Փունջ կապեց ձեզմով
Սիրուհի դրացիս
Դըրաւ ծիծին քով:

Նայուածքերուն տակ
Հիմա դուք կ’ապրիք,

Խմելով աչքերէն
Սիրտն ու իր գաղտնիք:

Պատուէր մը ունիմ
Յանձնելու ձեզի.
Ակնարկնիդ կուրծքին
Մէջ թող լա՛ւ սուզի,

Որ ետքն ինձ ըսէք.
Սէր բառին դիմաց`
Ան որո՞ւ անուն
Սըրտին է գըրած: