Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՐՁ

Ես հեռաւոր տընակ մ'ունիմ
Շինուած լիճին ափն ամայի:
Դուռը բաց է. հոն մտերիմ
Ճրագս է վառ ու կը նայի:

Անկէ մեռել մ'հանեցին դուրս.
Աքսորեցին հոգիս անկէ:
Այժըմ շեմին վըրայ կատուս
Աղիողորմ կը մըլաւէ:

Օր մը նորէն դառնամ գուցէ.
Մարա՜ծ գըտնեմ ճըրագս յաւէտ.
Դողդոջ ձեռքս դուռը գոցէ.
Ու լամ լացող կատուիս հետ: