Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԿՈՒԹԸ

Ակութին շուրջ, զոր կերտեցին
Մեծ Ռափայէլն ու մեծ Մուրատ,
Եւ արծարծում տըւաւ բոցին
Մըխիթարի ոգին հըրատ:

Հաւաքուե՜ր ենք այսօր նորէն
Լոյսի ստինքի՜ն Կաթընկերներ:
Սիրտը մէկուս միւսին սըրտէն
Կը ստանայ խանդ ու փայլակներ:

Ակութին շուրջ մերթ կը պատմենք
Հեքիաթը մեր մանուկ օրուան:
Մեր դէմքերուն վրայ աննենգ
Ցոլքերն հուրին կը ծըփծըփան:

Տո՛ւր ձեռքդ, Ընկե՜ր. մենք ձեռք ձեռքի
Շըղթայ կազմենք շուրջը Լոյսին
Արեգակը մինչեւ ծագի
Ձիւներուն վրայ վեհ Մասիսին:

Տո՛ւր ձեռքդ, Ընկե՜ր. յաւէրժօրէն
Չի՛ շիջանիր ակութը մեր.
Ալիշանի ձեռքը վերէն
Միշտ կը թափէ հոն աստըղներ: