Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ

Հանճա՛րդ Հայկեան, Նաւասարդեան սա տօներուն
Արեւափառ՝
Ա՛լ վերածնէ փլատակներէն, եւ փառագոչ
Քընարըդ առ:

Յանո՜ւն Ոյժին, յանո՜ւն Գեղին, մըտիր մեհեանն
Աստուածներուն.
Ջահը ձեռքիդ՝ բագնէ բագին համասըփռէ՛
Հուր ու արիւն:

Եւ բարձրացուր Անահիտի ծիծերն ի վեր
Բաժակըդ նուռ,
Յետոյ զոհուող քերթողներուն սիրտին վըրայ
Լեցո՜ւր, լեցո՜ւր:

Զի մենք, յանուն Սէրին, Սերմին, քու հին Ցեղիդ
Մարմարէն կոյս,
Մե՛նք, Զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք
Նո՜ր Արշալոյս:

1913, օգոստ. 25