ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ
Հանճա՛րդ
Հայկեան,
Նաւասարդեան
սա
տօներուն
Արեւափառ՝
Ա՛լ
վերածնէ
փլատակներէն,
եւ
փառագոչ
Քընարըդ
առ:
Յանո՜ւն
Ոյժին,
յանո՜ւն
Գեղին,
մըտիր
մեհեանն
Աստուածներուն.
Ջահը
ձեռքիդ՝
բագնէ
բագին
համասըփռէ՛
Հուր
ու
արիւն:
Եւ
բարձրացուր
Անահիտի
ծիծերն
ի
վեր
Բաժակըդ
նուռ,
Յետոյ
զոհուող
քերթողներուն
սիրտին
վըրայ
Լեցո՜ւր,
լեցո՜ւր:
Զի
մենք,
յանուն
Սէրին,
Սերմին,
քու
հին
Ցեղիդ
Մարմարէն
կոյս,
Մե՛նք,
Զաւակներդ
օգոստափառ,
պիտի
կերտենք
Նո՜ր
Արշալոյս:
1913,
օգոստ.
25