Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՐՏԻՆԵՐԸ

Տանս առջեւի ջըրհորին քով
Պապս է տընկեր զոյգ մը բարտի.
Լոյսն Աստղիկին, դողդոջելով,
Անոնց վրայ նախ կը կաթի:

Այնքա՛ն մօտիկ են իրարու՝
Որ նոյն սիւքով կը թրթըռան,
Մէկն իր երգը երբ որ թողու՝
Միւսն իր շունչով կ'աւարտէ զայն:

Մըրրիկներուն մէջ հերարձակ
Գըրկըւած, խո՜ր, կը հեծեծեն.
Եւ կը բըզզան լուսնակին տակ
Փեթակներու պէս լուսեղէն:

Հարսըս ու ես, անոնց կըրթնած,
Կը նըստինք, հոն, ամէն գիշեր:
Տերեւներն յար կ'երգեն յուզուած
Այն զոր կը զգանք ու չենք ըսեր:

Մազերն անոր՝ երբ մազերուս
Խառնել կու գայ յանկարծ քամին՝
Զոյգ բարտիները սիրասոյզ
Աստղերուն մէջ կը համբուրուի՜ն: