Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌ ԱՐՇԱԼՈՅՍ

Կը բարձրանայ որքան արտոյտն Արեւին՝
Իջայ խորունկն ես կընոջ մը հոգիին.
Անկէ մարգրիտ մը հանեցի բոցագեղ
Որ կը գընէ Երկինքն, Աստուածն ալ միատեղ:

Այդ մարգարիտն, Արշալոյս, քու մէջդ ալ կայ.
Արշալոյսը յըղի է միշտ արեւով:
Եւ կը մաղթեմ որ քու մարգրիտըդ հըսկայ
Դրուագէ թագն Արուեստի մը՝ իր լոյսով: