Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱԼԱՐ ՃԻՒՂ ՄԸ

Կը կարդայի Տանդէն մըռայլ
Աստուածային Դըժոխքն իջած.
Պատուհանէս եկաւ շողալ
Լոյսն առտըւան, ցօով դեռ թաց:

Հոն արեւո՜տ, արեւո՜տ էջ
Ֆըրանչեսգա Տա Ռիմինին
Դեռ կը ցանկար, արցունքի մէջ,
Տագրին համբոյրն՝ իր բերանին.

Երբ երեւցա՜ր… Դըրիր մօր պէս
Գիրքին մէջ, հո՛ն, ճիւղ մը դալար.
Ըսիր. «Հերի՛ք: Իջնենք պարտէզ.
Վարդ մ'է բացուեր քեզի համար»: