ԴԱԼԱՐ
ՃԻՒՂ
ՄԸ
Կը
կարդայի
Տանդէն
մըռայլ
Աստուածային
Դըժոխքն
իջած.
Պատուհանէս
եկաւ
շողալ
Լոյսն
առտըւան,
ցօով
դեռ
թաց:
Հոն
–
արեւո՜տ,
արեւո՜տ
էջ
–
Ֆըրանչեսգա
Տա
Ռիմինին
Դեռ
կը
ցանկար,
արցունքի
մէջ,
Տագրին
համբոյրն՝
իր
բերանին.
Երբ
երեւցա՜ր…
Դըրիր
մօր
պէս
Գիրքին
մէջ,
հո՛ն,
ճիւղ
մը
դալար.
Ըսիր.
–
«Հերի՛ք:
Իջնենք
պարտէզ.
Վարդ
մ'է
բացուեր
քեզի
համար»: