Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎՀՈՒԿԸ

Ձեռքէս բըռնեց վըհուկն, եւ իր
Քարայրին քով ինծի ըսաւ.
–«Ափիդ մէջ կայ երեք կընճիռ.
Երեք ճամբայ առջեւդ ելաւ:

Մին ցամաքէն քեզ կը տանի
Լուսնի լոյսով մինչեւ անտառ՝
Ուր կը պարէ կոյս մ'հոլանի…
Ցուպըդ կոտրէ՛ ու մի՛ երթար:

Միւսը ծովէն է ակօսուեր.
Քեզ կը տանի կըղզին դալար՝
Ուր կը վազեն ոսկի գետեր…
Ղեկըդ փըշրէ՛ ու մի՛ երթար:

Երրորդ ճամբան է երկինքէն.
Պարզէ՜ թռիչներըդ սեփական.
Մինչեւ աստղերը սիրտդ այրեն
Շարունակէ՛ դուն այդ ճամբան»: