Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՄԱՅՔԻ ԱՂԲԻՒՐ

Խորհուրդներու աղբիւրին վրայ
Ուրկէ կ'ըմպեն լոկ հուրիներ,
Ձիւնագանգուր պառաւն ահա
Բուի աչքեր է սեւեռեր:

–Ջատո՛ւ մարէ, ջատո՛ւ մարէ,
Ակը սարէն ի՞նչ կը բերէ:

  –Կը բերէ սա խոյը՝ որուն
Նուսին վըրայ եթէ հեծնես՝
Քեզ կ'իջեցնէ խորն ալքերուն…
Եւ դուն Խորհուրդը կը տեսնես:

–Ջատո՛ւ մարէ, ջատո՛ւ մարէ,
Ջուրը ակէն ի՞նչ կը բերէ…

–Կը բերէ գորշ խոյը՝ որուն
Եղջիւրներուն եթէ հեծնես ,
Կը բարձրացնէ քեզ արեւուն
Եւ դուն Անհունը կը տեսնես:

  –Ջատո՛ւ մարէ, ջատո՛ւ մարէ,
Ջուրն աղբիւրէն ի՞նչ կը բերէ…

  –Կը բերէ, տե՛ս, խոյն ըսպիտակ
Որուն գեղմին եթէ հեծնես՝
Քեզ կը տանի մինչեւ դըղեակ,
Իշխանուհին հոն կը սիրես:

–Ըսպիտակը կեցո՛ւր, մարէ,
Ջուրն աղբիւրէն լո՜յս կը բերէ: