ՀՄԱՅՔԻ
ԱՂԲԻՒՐ
Խորհուրդներու
աղբիւրին
վրայ
Ուրկէ
կ'ըմպեն
լոկ
հուրիներ,
Ձիւնագանգուր
պառաւն
ահա
Բուի
աչքեր
է
սեւեռեր:
–Ջատո՛ւ
մարէ,
ջատո՛ւ
մարէ,
Ակը
սարէն
ի՞նչ
կը
բերէ:
–Կը
բերէ
սա
խոյը՝
որուն
Նուսին
վըրայ
եթէ
հեծնես՝
Քեզ
կ'իջեցնէ
խորն
ալքերուն…
Եւ
դուն
Խորհուրդը
կը
տեսնես:
–Ջատո՛ւ
մարէ,
ջատո՛ւ
մարէ,
Ջուրը
ակէն
ի՞նչ
կը
բերէ…
–Կը
բերէ
գորշ
խոյը՝
որուն
Եղջիւրներուն
եթէ
հեծնես ,
Կը
բարձրացնէ
քեզ
արեւուն
Եւ
դուն
Անհունը
կը
տեսնես:
–Ջատո՛ւ
մարէ,
ջատո՛ւ
մարէ,
Ջուրն
աղբիւրէն
ի՞նչ
կը
բերէ…
–Կը
բերէ,
տե՛ս,
խոյն
ըսպիտակ
Որուն
գեղմին
եթէ
հեծնես՝
Քեզ
կը
տանի
մինչեւ
դըղեակ,
Իշխանուհին
հոն
կը
սիրես:
–Ըսպիտակը
կեցո՛ւր,
մարէ,
Ջուրն
աղբիւրէն
լո՜յս
կը
բերէ: