ՁՕՆ
Օր.
Վ.
Պ.
–ին
Վարդ
քաղեցիր,
սիրտ
թող
ըլլայ
Հաւատարիմ
ու
անձնուէր.
Կեանքիդ
դժուար
ճամբուն
վրայ
Քեզի
զոհէ
իր
արիւններ:
Աստղ
ուզեցիր,
արեւ
ըլլայ
Եւ
պարուրէ
քեզ
շողերով.
Մազերուդ
վրայ
ոսկի
տեղայ
Ու
սրտիդ
մէջ
խինդ
ու
կորով:
Պահապան
մը
ուզեցիր,
ան
Գարնան
պայծառ
լուսնակն
ըլլայ,
Եւ
հրեշտակին
պէս
սիրական
Հըսկէ
անքուն
բարձիդ
վրայ:
Ձա՜յն
մ'ուզեցիր,
երգըս
ըլլայ՝
Որ
աստուծմէ
ինձ
կը
հոսի.
Ան
արե՛ւ
է,
սի՜րտ
լուսընկայ,
Զի
ան
Երա՜զ
կու
տայ
քեզի:
12
փետրուար,
1914,
Պերա